Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Մակար Գաղիացի եւ…հայոց լեզուն
***«Կը փորձեմ լուր մը գտնել, կարենալ հաւատալու համար»:
—Իսկ ընթերցողները ակնդէտ կը սպասեն այն օրը, ուր Գաղիացին վերջապէս պիտի սորվի ճիշդ կիրարկել կարենալ բայը եւ ճիշդ պիտի կէտադրէ դերբայական դարձուածը. այսինքն՝ «Կը փորձեմ գտնել լուր մը՝ հաւատալ կարենալու համար»:
***«Այսքա՜ն մեծ թիւով մարդիկ կը խօսին, եւ այսքան շատ կը խօսին»:
«Միջոցները սահմանափակուած են այցելութիւններով, երգչախումբերով,
թատերախումբերով, եւ զբօսաշրջութեամբ»:
—Եւ ոչ միայն: Տակաւին կը սպասենք այն օրուան, ուր ճիշդ պիտի կէտադրուի «եւ» համադասական շաղկապը, որ իրմէ առաջ ստորակէտ չ’առներ, երբ համադասուող նախադասութիւնները ունին նոյն ենթական, ինչ որ առաջինին պարագան է՝ կը խօսին… եւ այսքան շատ կը խօսին բայերու ենթական նոյն մարդիկ գոյականն է:
—Երկրորդին մէջ նմանապէս սխալ է ստորակէտը, քանի այստեղ համադասուած են բառեր միայն՝ թատերախումբերով եւ զբօսաշրջութեամբ:
***«Ո՞վ եւ որոնք պիտի իրականացնեն առաջադրանքները»:
—Երկու հարցական դերանուններէն միայն մէկը պարոյկ առած է, մինչ պէտք է առնէ երկրորդն ալ՝ ո՞վ…որո՞նք:
***«Գոյապահպանական հարց է մայրենիի առանց ճապկումներու պաշտպանութիւնը»: —Այս ճապկում բառը,− որ ամէն յօդուածի մէջ անվրէպ կը մտնէ,− կ’անճրկէ զիս, կը մոլորեցնէ, կը խեղճացնէ՜…այո՜, եւ դառնութեան լեղիով կը լեցնէ օրերս ու տարիներս: Աւելի քան քսան տարի վատնած եմ կեանքէս՝ թերթատելով ու մաշեցնելով «Նայիրի»-ի տրամադրած բոլոր բառարանները, առանց որեւէ արդիւնքի, չըսելու համար, որ աւելի խտացած է միտքս պաշարող խաւարը: Հրամեր էք՝ «ճապկել = ճապկտել, ճապատել, ճմլկոտալ, ճապկռտալ, ճմլկալ, ճմլկտալ, երեժկտալ, խոլոկտալ, ծռկոտալ, ծմռկտալ, ճպլկտել, ճողճողել, ճողալ»…ահա բառային դժոխք մը, ուր 15 հոմանիշներ ձեռք-ձեռքի տուած ասպարէզ կը կարդան բանականութեանդ, կը հեգնեն, առաթուր կը կոխկռտեն զայն…առանց լոյսի եւ յոյսի նուազագոյն նշոյլը ցուցանելու: Ի՞նչ կը նշանակեն այս բոլորը, ի՞նչ կ’ուզէ պատգամել ասոնց վրայ յենողը ու զանոնք ամէն յօդուածի աչքերուդ առջեւ դրօշակի պէս պարզող յօդուծագիրը՝ նոյնինքն Մակար՝ անուանեալն Գաղիացի:
—Վերջին, սակայն ոչ նսեմագոյն նկատողութիւն մըն ալ. առանց նախադրութեան հետ յոգնակի խնդիր գործածելու պէտք չկայ. ուրեմն՝ «առանց ճապկումի» եւ ոչ «առանց ճապկումներու»: Մէկ հատին գլուխ չենք ելլեր կոր, գոնէ թող խնայուի՜ն միւսները:
—«Կը վերաբերի արտահերթ ընտրութենէն ետք ներկայացող այն բազմաթիւ խճճուած եւ հանրային կարծիքը շուարումի մատնող հարցերուն գծով» («Ազատ օր», 24-6-2021):
Հարցում. այս գծով բառը որեւէ իմաստաբանական, ոճաբանական, գրողական աժէք ունի՞…թէ՞ ան աւելորդ բեռ մըն է, որ տուրք կու տայ օտարաբանութիւն կոչուած ախտին:
- «Մասիս» շաբաթաթերթ (22 մայիս 2021)
*** «Յաջորդ օրերուն բազմաթիւ անգամներ հաղորդուեցաւ»…
—Յաջորդ օրերուն բազմիցս հաղորդուեցաւ:
***«Սկզբնական ժամերուն տեղեկատուական պակասը նպաստեցին»…
—«Նպաստել» կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր՝ «պակասին նպաստեցին»:
***«Յուսալով հարցը լուծել առանց զինեալ բախումներու»...
—Առանց նախադրութեան հետ հայերէնը պէտք չունի յոգնակի խնդիր կիրարկելու՝ «առանց բախումներու»…շատ ծանր է այս ոճը, որ յատուկ է ճաշակէ, տեսողութենէ ու լսողութենէ զուրկ գրողներու եւ խօսողներու: Պէտք է ըսել՝ «առանց զինեալ բախումի»:
***«Երեւանի մէջ կը գործեն շարժական պատուաստումի կեդրոններ»:
—Պարզ է, որ պատուաստումը չէ, որ շարժական է, քանի որ շարժական եւ անշարժ պատուաստումի հասկացութիւն մը գոյութիւն չունի մեր քաղաքակրթութեան մէջ:
Այլ կեդրոնն է որ շարժական է, այսինքն՝ պատուաստը կատարող անձնակազմը:
Ուրեմն՝ «պատուաստումի շարժական կեդրոններ»:
- «Ազդակ», 24 մայիս 2021
Չէինք կրնար այս էջը փակել՝ առանց ակնարկ մը նետելու նաեւ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին,− Noblesse oblige !!!,− մանաւանդ որ հետաքրքիր էի, թէ ո՛ւր հասած էր նաեւ շաղկապի կիրարկութեան… երկարամեայ անլոյծ հարցը:
***Տեղեկութիւնը նաեւ տարածած է դեսպանատունը:
—Տեղեկութիւնը տարածած է նա՛եւ դեսպանատունը:
***Իսրայէլեան ուժերը նաեւ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ ձերբակալեցին երեք երուսաղէմացիներ:
—Իսրայէլեան ուժերը բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ ձերբակալեցին նա՛եւ երեք երուսաղէմացիներ:
***Պլինքըն նաեւ պիտի այցելէ Եգիպտոս:
—Պլինքըն պիտի այցելէ նա՛եւ Եգիպտոս:
***Իսրայէլեան ուժերը նաեւ ձերբակալեցին Ֆատի Ալիան:
—Իսրայէլեան ուժերը ձերբակալեցին նա՛եւ Ֆատի Ալիան:
* * *
***Մէջբերուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի…
—Մէջբերուած յայտարարութիւնը կը նշէ…:
***Նպատակը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին դահլիճ մը կազմելն է:
—Նպատակը արագ դահլիճ մը կազմելն է:
***Այդ ծալքերէն կարեւորագոյնը այն «ծալք»ն էր, որ կը վրիպի մեր ուշադրութենէն:
—Այդ ծալքերէն կարեւորագոյնը կը վրիպի մեր ուշադրութենէն: