ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
ԺԱ ՄԱՍ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ Ա. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ`ԳԵՐՄԱՆԱ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՇԻՆՔԻՆ ՄԻՋԵՒ
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին, Օսմանեան Կայսրութիւնը, համաձայն իր եւ Կայսերական Գերմանիոյ միջեւ 2 Օգոստոս 1914-ին ստորագրուած գաղտնի պայմանագրին, պատերազմի դաշնակից դարձաւ ի նպաստ Կեդրոնական Ուժերուն` գերմանա-աւստրիական խմբաւորումին: Սոյնը բացայատ իրողութեան վերածուեցաւ Հոկտեմբեր 1914-ի վերջը, երբ գերմանացի փոխծովակալ Վիլհելմ Սոուխոնի գլխաւորած նաւատորմը, որուն կայմերուն վրայ 16 Օգոստոսէն սկսեալ պաշտօնապէս օսմանեան դրօշ կը ծածանէր, ռմբակոծեց Օտեսայի եւ Սեւաստոպոլի մէջ տեղակայուած ռուսական դիրքերը: Հուսկ, 2 Նոյեմբերին, Ռուսիա պատերազմ յայտարարեց Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, իսկ յաջորդող երկու օրերուն ընթացքին անոր հետեւեցան Անգլիան եւ Ֆրանսան:
Բռնկած այս աշխարհամարտը Երիտթուրքերու համաթուրանական գաղափարախօսութեան իրագործումի լաւագոյն առիթը կ’ընձեռէր` զաւթելով Անդրկովկասը, հասնելու մինչեւ Կեդրոնական Ասիա: Բաց աստի, կը ստեղծուէր պատեհութիւն մը եւս պատերազմի ընդհանուր աղմուկին մէջ, մեծ տէրութիւններու ուշադրութենէն հեռու, վերջնականապէս լուծելու Հայկական Հարցը` վերացնելով անոր ենթական, որ հայ ազգաբնակչութիւնն էր:
Օսմանեան Կայսրութեան մէջ գործող գերմանացի դիւանագէտներուն համար հայ ազգաբնակչութեան տեղահանութիւնը եւ միեւնոյն ատեն կոտորածները, որոնք արդէն պատերազմին սկիզբը իրագործուելու սկսած էին Երիտթուրքերուն կողմէ, քարոզչական իմաստով կը ներկայացնէին խիստ անբարենպաստ վիճակ մը` նկատի ունենալով, որ անոնք Անթանթի երկիրներուն փաստացիօրէն կրնային հնարաւորութիւն տալ Գերմանիոյ դէմ շահարկելու: Ուստի գերմանացի դիւանագէտներուն կարելի չէր հաւկուր ձեւանալ, երբ Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջ տարածքին, գրեթէ կարեւորութիւն ներկայացնող բոլոր քաղաքներուն մէջ, Կայսերական Գերմանիան ներկայացուած էր համապատասխան հիւպատոսարաններով, զոր օրինակ` Կ.Պոլսոյ (գլխաւոր դեսպանութիւն), Իզմիրի, Սամսոնի, Տրապիզոնի, Սվազի, Էրզրումի, Հալէպի, Մուսուլի, Պաղտատի, Պէյրութի, Երուսաղէմի, Հայֆայի, Եաֆայի, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքներու մէջ: Արդարեւ, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ունենալով դիւանագիտական, ռազմական եւ տնտեսական համագործակցութեան խիտ ցանց մը` անոնք շուտով անդրադարձած էին, թէ փաստօրէն ի՛նչ էր իրենց դաշնակից Երիտթուրքերուն հետապանդած իսկական ծրագիրը:
Գերմանացի դիւանագէտներէն շատեր Երիտթուրք վերնախաւին հետ սերտօրէն կը հաղորդակցէին` օգտուելով իրենց օսմաներէն լեզուի իմացութենէն, կամ անոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունէին պաշտօնեաներ, որոնք անմիջական կամ գրաւոր թարգմանութիւններով անոնց կը հայթայթէին համապատասխան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները: Բաց աստի, Օսմանեան Կայսրութեան զանազան վայրերուն մէջ միաժամանակ կը գործէին գերմանացի զինուորականներ եւ բարձրաստիճան ռազմական խորհրդատուներ, առեւտուրի եւ կրթութեան ասպարէզին մէջ ծառայող ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ միսիոնարներ, որոնք իրենց ականատեսի վկայութիւնները երկրի զանազան վայրերուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին իսկոյն կը փոխանցէին իրենց հիւպատոսարաններուն: Ստացուող այս բոլոր թըղթակցութիւններուն կամ տեղեկագրութիւններուն հաւաքման եւ արժեւորման կեդրոնը Կայսերական Գերմանիոյ Կ.Պոլսոյ մէջ գործող գլխաւոր դեսպանատունն էր, ուրկէ այդ տեղեկութիւնները առանձնացուելէ եւ գնահատուելէ ետք կը հաղորդուէին Պերլին` արտաքին գործոց նախարարութիւն, մեծաւ մասամբ հասցէագրուելով կայսրութեան վարչապետ (Reichskanzler) Թէոպալտ ֆոն Պեթման Հոլվեկին (1909–1917):
Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետ (Reichskanzler) Theobald Theodor Friedrich Alfred von Bethmann Hollweg (1856-1921)
Իբրեւ պատերազմի դաշնակիցներ, գերմանացի հիւպատոսներն ու գլխաւոր դեսպանը կ’օգտուէին Օսմանեան Կայսրութեան իրենց ընձեռած բոլոր առանձնաշնորհումներէն, մասնաւորաբար հեռագրական ցանցը օգտագործելու կարելիութենէն: Այնպէս որ անոնք անարգել կապի մէջ էին իրենց կեդրոններուն հետ` հաղորդելով թէ՛ փաստացի իրականութիւնները եւ թէ՛ ապակողմնորոշելու եւ իրականացուող յանցագործութիւնները ծածկելու նպատակով երիտթրքական պատկան իշխանութիւններէն մատակարարուող ապատեղեկատւութիւնները: Հայ ազգաբնակչութեան հետ առնչուող Երիտթուրքերու չարափոխած լուրերը կը վերաբերէին տեղահանութիւններուն, թէ կատարուածը տեղական իշխանութիւններուն կողմէ ընդամէնը վարչական իրաւախախտումներ են կամ ռազմական գործողութիւններուն եւ պատերազմական ընդհանուր իրավիճակին հետ կապ ունեցող անհրաժեշտութիւն` Ռուսական Կայսրութեան սահմանամերձ շրջանները հայ յեղափոխականներէ զերծ պահելու, ռուսամէտ ապստամբութիւններ կանխարգիլելու եւ դաւաճաններէ ապահովելու համար:
Կայսերական Գերմանիոյ պատերազմի հռչակագիրը՝ ստորագրուած Վիլհելմ Բ. Կայսրին կողմէ։ Վիլհելմ Բ.-ի ստորագրութեան տակ կը տեսնուի նաեւ վարչապետ Պեթման-Հոլվեկի ստորագրութիւնը
Հակառակ այս բոլորին եւ սկզբնական շրջանին Երիտթուրք ղեկավարութեան մատակարարած ստայօդ պատճառաբանութիւններուն ընծայուած հաւատքին, Կայսերական Գերմանիոյ Կ.Պոլսոյ մէջ հաւատարմագրուած ժամանակի տաղանդաւոր դեսպանին` Հանս Ֆոն Վանկենհայմին, ամենաուշը 7 Յուլիս 1915 թուականին անտարակոյս յստակ էր, որ երիտթրքական «կառավարութիւնը իրօք նպատակ կը հետապնդէ բնաջնջել հայ ցեղը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ»[1]:
ՎԱՆԿԵՆՀԱՅՄ ԵՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ
Յատկանշական է, որ Վանկենհայմի ուշադրութեան պրիսմակէն վրիպած չէ 15 Յունիս 1915-ին Կ.Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Հնչակեան Քսան Կախաղաններու տխուր իրադարձութեան քաղաքական նշանակութիւնը, որուն վերաբերեալ ան երկու կարեւոր տեղեկագրեր յղած է Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետ Թէոպալտ Ֆոն Պեթման Հոլվեկին:
Տիար Հանս Ֆոն Վանկենհայմ Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան՝ 1912-1915
Հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է, որ նոյն օրը, իրարմէ բոլորովին անկախ, Եոհաննէս Լեփսիւս, հայոց իրաւունքներու պաշտպան այդ մեծ երախտաւորը, Սոֆիայէն ստացուած նոյնաբովանդակ հեռագիր[2] մը կը փոխանցէ Կայսերական Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, որուն հակիրճ բովանդակութիւնը հետեւեալն էր.
«Առաքուած Յունիս 17-ին` Սոֆիայէն, ընդունուած Յունիս 18-ին` Փոցտամ:
‘Կ.Պոլսոյ մէջ 20 Հնչակեաններ մահապատիժի ենթարկուած են: Միեւնոյն սպառնալիքը ուղղուած է նաեւ դէպի Անգորա [Անգարա] տարագրուած դաշնակցականներուն: Կը խնդրենք բոլոր կարելին ընել` կանխարգիլելու համար աղէտը’:
Նուիրումով`
Դր. Եոհաննէս Լեփսիուս»
Բնականաբար, նկատի ունենալով Վանկենհայմի ներկայացուցած քաղաքական հանգամանքը` անոր զոյգ տեղեկագրերը եղելութեան պիտի տային այլ ենթախորք եւ նշանակութիւն մը: Առաջինը, կարելի է ըսել, ունի համառօտ եւ պարզ տեղեկատւութեան մը բնոյթը, իսկ երկրորդը, որ առաջինէն շաբաթ մը ետք, այսինքն բուն դէպքէն ընդամէնը տասը օր յետոյ` 25 Յունիսին առաքուած է, համեմատաբար շատ աւելի ընդարձակ է եւ կ’ենթադրէ անհրաժեշտ տուեալներ կամ տեղեկութիւններ ձեռք բերելու հետազօտական աշխատանք: Բայց հոս նախապէս հարկ է նկատի ունենալ Վանկենհայմի առաջին տեղեկագիրը`[3] հուսկ կարեւորելու համար երկրորդը:
«Նորին Գերազանցութիւն
[Կայս. Գերմ.] Վարչապետ
Տիար Ֆոն Պեթման Հոլվեկին
Բերա, 18 Յունիս 1915
Ամսոյս 15-ին 20 հայեր, որոնք տեղւոյս ռազմական ատեանին կողմէ ծանր դաւաճանութեան համար մահուան դատապարտուած էին, կախած են Սերասքերաթ [պաշտպանութեան նախարարութիւն] հրապարակին վրայ: Մահապատիժը գործադրուեցաւ առտու կանուխ, իսկ դիակներն արդէն կէս ժամ ետք վերցուեցան, այնպէս որ ամբողջ եղելութիւնը գրաւեց միայն փոքր ուշադրութիւն մը: Տեղական թերթերն այս ուղղութեամբ անդրադարձան ամսոյս 17-ին` հրապարակելով տեղւոյս ռազմական ուսումնարանի պետին տուած պաշտօնական յայտարարութիւնը, որ նաեւ կը բովանդակէր մահապատիժի ենթարկուածներուն անունները: Ինչպէս կարելի է հետեւցնել, անոնցմէ շատեր կը պատկանին Հնչակեաններու միութեան (հայ յեղափոխական կուսակցութիւն) [փակագիծը Վանկենհայմինն է], որոնց [երկրի] ներքնամասերէն հոս փոխադրած էին դատուելու համար: Այլ մահապատիժներ կը սպասուին նաեւ յառաջիկային:
Տեղի հայ ազգաբնակչութեան մէջ այս զանգուածային սպանութիւնը պատճառ դարձաւ մեծ յուզումներու:
Վանկենհայմ»
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ՄԸ`
Կ.ՊՈԼՍՈՅ ՖՐԱՆՍԱՏԱՌ «ԼԼՈՅՏ ՕԹԹՈՄԱՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ
Դէպքին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով` Վանկենհայմ իր սոյն թղթակցութեան կցած է յաւելուած մը, որ կը ներկայացնէ «Լլոյտ Օթթոման»[4] (Lloyd Ottoman) օրաթերթի ֆրանսերէն տարբերակին մէջ լոյս տեսած «Մահապատիժ» (Exécutions) խորագրով հաղորդագրութիւնը[5]: Այս օրաթերթը կը հրատարակուէր 1908–1918 թուականներուն Կ.Պոլսոյ մէջ, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով, ու կը կազմէր Կայսերական Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պոլսոյ գերմանական դեսպանատան կողմէ մեկնարկուած ձեռնարկ մը` նպաստելու համար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Կայսերական Գերմանիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցութեան տարածման: Օրաթերթին գերմաներէն տարբերակը կը կոչուէր «Օսմանիշեր Լլոյտ» ու ֆրանսերէնին հետ նիւթապէս կը նպաստաւորուէր գերմանական Ս. Պլայխրէօտեր (Bankhaus S. Bleichröder) դրամատան եւ քանի մը այլ հաստատութիւններու կողմէ:
Առկայ հաղորդագրութեան մէջ կը ճշդուին Հնչակեան Քսան Մարտիրոսներու կախաղան բարձրանալու մօտաւոր ժամը, անոնցմէ շատերուն հայրանունները, ծննդավայրը, նաեւ ունեցած մասնագիտութիւնը: Արդարեւ, սոյնը գուցէ փոքր տարբերութիւններով վերարտադրութիւնն է այն կանխակալ մահավճիռին, որ 14/27 Մայիս 1915-ին, բնականաբար օսմաներէնով, տուած է Պոլսոյ պատերազմական ատեանը` հայոց հայրենիքի ինքնավարութեան ծրագրի իրականացման եւ ազգի ազատագրութեան համոզումին նուիրուած Հնչակեան Քսաններուն դէմ: Այնուամենայնիւ, առկայ հաղորդագրութիւնը վստահաբար կը պարունակէ տուեալներ, որոնք կրնան որոշակիօրէն կարեւոր ըլլալ ընդհանրապէս մեր պատմագիտութեան եւ Հնչակեան Կուսակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը ուսումնասիրողներու համար: Ստորեւ վերոյիշեալի հայերէն թարգմանութիւնը.
«Առկից`
Օսմանիշեր Լլոյտ [ֆրանսական հրատարակութիւն]
«Մահավճիռ»
(Տեղի հրամանատարի հաղորդագրութիւն)
Լլոյտ, 17 Յունիս 1915
«Այն անձինք, որոնց անունները ներկայացուած են ստորեւ, դատական ամբաստանութեան համաձայն, համոզուած եղած են նպատակ ունենալով ստեղծել անկախ եւ ինքնավար Հայաստան մը` ահաբեկչութիւններու իրականացման եւ օտարները կառավարութեան դէմ գրգռելու միջոցով, փորձած են Կայսրութեան մէկ մասը բաժնել Օսմանեան իշխանութենէն, եւ այս նպատակին հասնելու համար արտասահմանեան տարբեր երկիրներու մէջ գաղտնի եւ հանրային ժողովներ գումարելով` ներգրաւուած եղած են հրապարակութիւններու, խռովութիւններու եւ թղթակցութիւններու մէջ: [Անոնք] մահապատժի դատապարտուեցան Կ.Պոլսոյ ռազմական դատարանին կողմէ, քաղաքացիական քրէական օրէնսգիրքի 54-րդ յօդուածի յաւելուածին համաձայն. եւ սոյն դատավճիռը իրագործուեցաւ կայսերական հրամանագրով:
Մահապատիժը տեղի ունեցաւ 15 Յունիսին, առաւօտեան ժամը երեքուկէսի շուրջ, ռազմական նախարարութեան դիմացի հրապարակին վրայ, դատապարտեալներու կրօնական պարտաւորութիւնները կատարելէ, ինչպէս նաեւ իրենց կտակը հոգեւորականի մը հոգածութեան յանձնելէ եւ [զիրենք] բժշկական քննութեան [ենթարկելէ] ետք:
Օրէնքի պահանջներուն համաձայն, անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկուած են Հնչակեաններու Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Սապահգիւլեանին [Սապահ-Գիւլեան] եւ վերոյիշեալ կոմիտէի անդամ Վերստադին [Վարազդատ] դէմ, որոնք հեռակայ կարգով դատապարտուած են նոյն մահապատժին, նոյն յանցագործութեան համար:
Դատապարտեալներն են`
Կովկասէն Մա[տ]թէոս Սարգիսեան, ռուսահպատակ, Հնչակեան Կուսակցութեան ազդեցիկ անդամ` յայտնի Փարամազ անունով, այլ անուամբ` ռոտոստոցի Համբարձում Գիրգոր – [Յ]ակոբ Հազարեան [Գազազեան], որդի` վառնացի Մուրատեանի, այլ անուամբ` Մուրատ Զաքարեան – Գաբրիէլ Քեշիշեան, որդի` քերեսունցի [կերասոնցի] Ռենճպեր Մինասի, այլ անուամբ` սամսունցի [սամսոնցի] Սարը-Հաչիկ [Խաչիկ], այլ անուամբ` Մինաս – Սիմբատ [Սմբատ], որդի` բիթլիսցի Վարդան Քիլիճեանի [Գլըճեանի]` դերձակ, այլ անուամբ` Ակոտիր Պետրոս – Վահան այլ անուամբ` չիմիչկեզակցի Ճեան, ոսկերիչ, այլ անուամբ` Ռուբէն, որդի` Մինաս Կարապետեանի – Տոքթ. Պետրոս, որդի` հարբուդցի [խարբերդցի] Պաննէ Թորոս Թորոսեանի – Արմենակ, որդի` Համբարձումի, վաճառական – Աբրահամ, որդի` Ստեփան Մուրատեանի, կօշկակար – Արամ, որդի` արաբկիրցի Կարապետ Աչիկպեշեանի [Աչըգպաշեանի], սեղանաւոր – Հրանդ, որդի` Աբրահամ Քեկազեանի [Եկաւեանի], բժշկական դպրոցի երրորդ լսարանի ուսանող – Գարագին [Գարեգին], որդի` Շեբին[Շապին]-Քարա-Հիսարցի Առաքել Պօղոսեանի, վրանագործ բանուոր Սարաճիհանէի մէջ – Պօղոս, որդի` էկինցի [ակնեցի] Միքայէլ Պօղոսեանի, ոսկերիչ – [Յ]ակոբ, որդի Ղազար Պասմաճեանի, Սինկեր ընկերութեան գանձապահ` Հնչակեան Կուսակցութեան Քիլիսի շրջանի նախագահ – Թոմաս [Թովմաս], որդի` Թոմասեանի [Վահան Թովմասեանի], հայկական դպրոցի ուսուցիչ եւ նշուած շրջանի անդամ – Երեմիա, որդի` Քեպիրնանոս [Կիպրիանոս] Մանոտեանի [Մանանեանի] – Մկրտիչ, որդի` Օհաննէս Աբեսթեանի [Յովհաննէս Երէցեանի], Հարբուտի [Խարբերդի] շրջանի Հնչակեան Կուսակցութեան անդամ – Գեղամ, որդի` Կարապետ Վակենեանի [Վանիկեանի], ռազմական դպրոցի սպայի թեկնածու – Երուանդ Եանաւոտ, որդի` Օհաննէս [Յովհաննէս] Թօփուզեանի, Պահճիճիկի [Պահճեճիկի] հայկական դպրոցի ուսուցիչ – Օհաննէս [Յովհաննէս], որդի` Ստեփան Տերղազասեանի [Եղիազարեանի], ուսուցիչ եւ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեսարիոյ շրջանի անդամ – Գառնիկ, որդի` Գիրգոր Պեյաճեանի` աղացած սուրճի վաճառական»[6]:
Անդրադառնալով Վանկենհայմի 25 Յունիս 1915-ին առաքած Բ. թղթակցութեան`[7] ան իր քաղած տեղեկութիւններուն երկու աղբիւր կը նշէ: Մին` Երիտթուրքերու գաղափարախօսութեան յարող թրքական «Թանին» թերթի տպագրած մէկ յօդուածը, իսկ միւսը` Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը: Դժբախտաբար մեր տրամադրութեան տակ չկրցանք ունենալ վերոյիշեալ թերթին թիւը, ոչ ալ կարելի եղաւ գտնել Պատրիարքարանին կողմէ այդ ժամանակ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը, որ կ’անդրադառնար Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն եւ որմէ իր տեղեկութիւնները քաղած ըլլար Վանկենհայմ: Առ այս, հիմնուելով արեւմտահայութեան այդ ամենաեղերական տարիներուն պատրիարքական աթոռի հոգեւոր առաքելութիւնը վարող երջանկայիշատակ Զաւէն Պատրիարքի յետ վախճանման հրատարակուած յուշերու[8] հաղորդած տեղեկութիւններուն վրայ, հակուած պիտի ըլլանք ենթադրելու, որ Պատրիարքարանին եւ գերմանական դեսպանատան միջեւ հաղորդակցութեան կապը եղած է Դոկտ. Եոհաննէս Հայնրիխ Մորտթման (1852–1932), որուն մասին Զաւէն պատրիարք կը նշէ.
«Գերման դեսպանատունը, հակառակ անոր որ բարեկամ չէր Հայոց, անշուշտ հաշիւներով, Հայոց յատուկ դիւան մը ունէր, որուն պետն էր Տոքթ. Մորթման (Իզմիրի երբեմնի հիւպատոսը) իրեն օգնական ունենալով հայ մը` Հայկ Թայքէսէնեանը: Մորթման երբեմն կ’այցելէր ինծի եւ կը խօսակցէինք մեր ժողովուրդին դժբախտ վիճակին վրայ»[9]:
Արդարեւ, Մորտթման ծնած էր Կ.Պոլիս` հոն հաւատարմագրուած Անդրէաս Դաւիթ Մորտթման հիւպատոսի ընտանիքին մէջ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Համպուրկ, ապա` Պոննի համալսարան, այնուհետեւ շարունակած էր իր ուսումը Պերլինի մէջ եւ յաջողութեամբ պաշտպանած իր դոկտորական աւարտաճառը: Աշխատանքային ուղեգիծը զինք վերստին առաջնորդած էր Օսմանեան Կայսրութիւն, ուր վարած էր թարգմանիչի, հիւպատոսի եւ գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնները Իզմիրի, Թեսաղոնիկէի եւ Կ.Պոլսոյ Կայսերական Գերմանիոյ հիւպատոսարաններուն մէջ: Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն` 1915–1918, ուսուցչապետի հանգամանքով ան միաժամանակ թրքերէն լեզուով դասախօսութիւններ կարդացած էր Կ.Պոլսոյ համալսարանին մէջ եւ թրքական շրջանակներէ ներս վայելած էր մեծ համբաւ: Այս միջոցին, երբ ան կ’աշխատակցէր Վանկենհայմի հետ, նշանակուած էր տեղեկագրելու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց իրադարձութիւններուն մասին: Այս առթիւ էր ահա, որ Մորտթման իր նշումներէն մէկուն մէջ կը հաղորդէր, թէ Թալէաթ ուղղակի իրեն ըսած էր` օսմանեան կառավարութիւնը պատերազմի առիթը կ’օգտագործէր «իր ներքին թշնամիները` տեղի բոլոր դաւանանքներու պատկանող քրիստոնեաները հիմնովին վերացնելու, առանց արտասահմանի դիւանագիտական միջամտութիւններէ խանգարուելու»[10]:
Վերադառնալով Բ. թղթակցութեան բովանդակութեան, Վանկենհայմ անոր սկիզբը կը նշէ, թէ ծանր դաւաճանութեան հետեւանքով 15 Յունիսին կախաղանի մահուան դատապարտուած քսան հայերու Թալէաթի դէմ ծրագրուած ահաբեկչութիւնը կազմակերպուած եւ մեկնարկուած է Փարիզ ապաստանած Երիտթուրքերու ընդդիմադիր ղեկավար Շերիֆ Փաշայի եւ Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութեամբ: Այս մասին բացայայտումներ ըրած է վերոյիշեալ «Թանին» թերթը իր հրապարակած յօդուածով:
Մեհմէտ Շերիֆ Փաշա (1865–1951), ծագումով քրտական «Պապան» ցեղէն[11], քաղաքական գործիչ մըն էր, որ մինչեւ Երիտթուրքերու 1908-ի յեղաշրջումը անդամակցած էր «Իթթիհատ վէ Թերաքքի – Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան: Սակայն յեղաշրջումէն ետք, երբ Իթթիհատ իշխանութեան գլուխ կ’անցնի, ան կը հրաժարի կուսակցութեան անդամակցութենէն եւ կը դառնայ անոր սուր քննադատներէն մին` անդամակցելով «Հիւրրիէթ վէ Իթիլաֆ – Ազատութիւն եւ Համաձայնութիւն» կուսակցութեան, որ խորքին մէջ Երիտթուրքերու դէմ բոլոր ընդդիմադիր ուժերու, նաեւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ գործող ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած շարժում մըն էր, հետապնդելու եւ իրականցնելու համար հիմնական նպատակ մը` բեկանել Երիտթուրքերու մենատիրական հզօրացող հեղինակութիւնը: Այս շարժումին ղեկավար գործիչներէն էր իշխան Մեհմէտ Սապահէտտինը: Իշխանութեան տիրանալու Իթթիհատականներու հետ արիւնալի բախումներէ եւ պետական փոխադարձ հարուածներէ ետք, երբ կը սպաննուի վարչապետ Մամուտ Շեւքեթ փաշան, Երիտթուրքեր ոճիրը կը վերագրեն իթիլիֆականներու, որոնց կարգին 12 Յունիս 1913-ին մահուան կը դատապարտուի նաեւ Մեհմէտ Շերիֆը: Այս միջոցին, ընդդիմադիր շարժումի ղեկավարներէն խումբ մը, ինչպէս իշխան Սապահէտտին, Սատըգ, Իսմայիլ Հագգը, Մեհմէտ Շերիֆ Փաշա, նաեւ ուրիշներ կ’ապաստանին Փարիզ եւ այլուր:
Ստեփան Սապահ-Գիւլեան (Տէր Դանիէլեան, 1861–1928), Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ականաւոր եւ պատկառազդու դիւանագէտ-տեսաբանը, որ 1908-ի յեղաշրջումէն ետք Կ.Պոլիս վերադարձած էր, իբրեւ Երիտթուրքերու եւ անոնց հետապնդած օսմանիզմի եւ ազգայնապաշտական գաղափարախօսութեան ոխերիմ հակառակորդ` նմանապէս կը ստիպուի երկիրը լքել` ապաստանելով արտասահման: Նախապէս, օսմանեան խորհրդարանական Բ. ընտրութիւններու նախօրեակին, Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Սապահ-Գիւլեանի հեղինակաւոր ղեկավարութեան ներքոյ, 7 Փետրուար 1912-ին պաշտօնապէս համագործակցութեան պայմանագիր[12] մը կընքած էր «Իթիլաֆ»-ի հետ` ուղղակիօրէն հակադրուելով Երիտթուրքերուն: Դիւանագիտական այս մօտեցումը մեծ ցնցում յառաջացուցած էր Թուրքիոյ քաղաքական բեմահարթակին վրայ: Բայց սոյնը աննախատեսելի չէր` նկատի ունենալով, որ Երիտթուրքերու հետապնդած ազգայնապաշտութեան եւ ծայրայեղ օսմանականութեան ծրագիրը անհամատեղելի, նոյնիսկ որոշապէս վտանգաւոր կ’որակուէր Հնչակեան Կուսակցութեան եւ ի մասնաւորի անոր մեծ քաղաքագէտ-հրապարակախօս Սապահ-Գիւլեանի կողմէ: Հետեւաբար բոլորովին պատահական չէր, որ Հնչակեան Կուսակցութեան ձախակողմեան թեւը կտրականապէս մերժած էր մասնակցիլ Երիտթուրքերու Փարիզի մէջ գումարած թէ՛ 1902-ի Ա.[13] եւ թէ՛ 1907-ի Բ. համագումարներուն: Բաց աստի, Երիտթուրքերու գաղափարախօսութեան դէմ որդեգրուած այս խրոխտ կեցուածքը Սապահ-Գիւլեան արտայայտած էր նաեւ գրաւոր ելոյթով մը, որուն ան տուած էր «Երիտասարդ Թիւրքիա» խորագիրը: Սոյնը նախ իբրեւ յօդուածաշարք, 1900–1901 թուականներուն, պարբերաբար հրատարակուած է «Հնչակ»-ի մէջ, ապա ան մենահատոր գրքոյկի մը տարբերակով լոյս տեսած է Փարիզ, 1908 թուականին:
Խիստ յատկանշական է, որ այստեղ Սապահ-Գիւլեան յստակօրէն կը բանաձեւէ Երիտթուրք գաղափարախօսութեան հայեցակէտերը[14], որոնց հետ անհաշտելի էր Հնչակեան Կուսակցութեան ազգային անվտանգութեան եւ ինքնավար Հայաստան մը ստեղծելու ծրագիրը:
Եթէ երբեք լրջութեամբ եւ փաստացի տուեալներու վրայ հմնուելով նկատի ունենանք Սապահ-Գիւլեանի ինը կէտերու մէջ ամփոփած Երիտթուրքերու գաղափարախօսական հայեցակարգէն գոնէ հինգը, ապա ամբողջապէս պիտի գոյացնենք այն համոզումը, թէ որքան արժանահաւատ էր Հնչակեան Կուսակցութեան քաղաքական հեռատեսութիւնը եւ արդարացի` անոր որդեգրած սկզբունքային վերապահութիւնը հանդէպ Երիտթուրքերու: Բնականաբար, բոլորովին աւելորդ պիտի չըլլայ այստեղ նոյնութեամբ մէջբերել զանոնք` հաշուի առնելով այն փաստը, որ ինչո՛ւ համար Վանկենհայմ Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետին ուղղուած իր տեղեկագրին մէջ մասնաւոր կարեւորութեամբ անդրադարձած է Սապահ-Գիւլեանի հրատարակած գրքոյկին, որուն մէջ ան «ուժգին քննադատած է Երիտթուրքերը եւ զիրենք ներկայացուցած իբրեւ նոյնքան ազատութեան եւ յառաջդիմութեան թշնամիներ, ինչպէս Ապտիւլ Համիտը»[15]:
Ի դէպ, այստեղ պէտք է ընդգծել, որ 28 Ապրիլ 1915-ին սկսած դատավարութեան մէջ ամբաստանուող հնչակեաններուն դէմ ռազմական ատեանին առջեւ իբրեւ ծանրակշիռ յանցագործութիւն առաջադրուած գլխաւոր մեղադրանքներէն մին եղած է ոչ թէ Սապահ-Գիւլեանի վերոյիշեալ գրքոյկը, այլ 30 Յունուար 1913-ին Փարիզի մէջ Հնչակեան Կեդրոնական Վարչութեան հրապարակած «Կոչ»-ը, որ ուղղուած էր Եւրոպայի ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն: Ան հանգամանօրէն կ’անդրադառնար հայկական նահանգներուն մէջ բարենորոգումներու Պերլինի 1878 թուականի վեհաժողովէն ի վեր յապաղած ծրագրի իրագործումի անհրաժեշտութեան եւ Հայաստանի ինքնավարութեան հիմնահարցին: Սոյն նախաձեռնութիւնը անտարակոյս առաւել եւս կատղեցուցած էր Երիտթուրք ղեկավարութիւնը այն առումով, որ եւրոպական Մեծ Տէրութիւնները այս «Կոչ»-ով անգամ մը եւս, ըստ միջազգային պայմանաւորուածութիւններու, արդարօրէն կը պարտաւորուէին միջամտելու օսմանեան իշխանութիւններու ներքին գործերուն: Սակայն Վանկենհայմի Բ. թղթակցութեան մէջ նշուածը ուղղակի կը վերաբերի Սապահ-Գիւլեանի «Երիտասարդ Թիւրքիա» գրքոյկին, քանի որ ան կ’ըսէ, թէ Երիտթուրքերը ձաղկող այդ գործը Հնչակեան Կուսակցութեան քաղաքական խոհուն գործիչը հրապարակած է 1908 թուականին, այսպէս կոչուած` պալատական յեղաշրջումէն առաջ, մինչդեռ վերոյիշեալ «Կոչ»-ը, ինչպէս տեսանք, աւելի ուշ թուական մը ունի:
Ստորեւ Սապահ-Գիւլեանի իրաւացի դիտարկումները Երիտթուրքերու գաղափարախօսութեան վերաբերեալ. քաղաքական դաւանութիւն մը, որուն գորշութիւնը ուղղակի սարսափ կ’ազդէ ազատ լոյսին ձգտող հայ ժողովուրդի մօտալուտ ապագայի երկնակամարին վրայ.
ա) «Պահպանութիւն Օսմանի դինաստիի, Սուլթանականութեան եւ Խալիֆայութեան:
բ) Հակառակիլ օտար պետութիւնների միջամտութեանը Թիւրքիայի ներքին գործերի մէջ, մասնաւորապէս դէմ լինել նրանց միջամտութեանը` հայկական, մակեդոնական, կրէտական, արաբական եւ ալբանական շարժումների պատճառով:
գ) Չճանաչել ո՛չ հայկական եւ ո՛չ էլ մակեդոնական խնդիրներ: Դէմ լինել, պայքարել բաղկացուցիչ ազգութիւնների շարժումներին` յանուն օսմանեան կայսրութեան միութեան եւ ամբողջականութեան:
դ) Ներքին քաղաքականութեան տեսակէտից` պաշտպանել օսմանականութեան գաղափարը` թուրք նացիօնալիզմը` իր բոլոր հետեւանքներով. ընդունիլ քաղաքական բացարձակ կեդրոնացումն. ժխտել ամէն տեսակ ապակեդրոնացումն:
ե) Արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտից` պաշտպանել Ալժիրցիներին, Թունիսցիներին, Մարօկկօցիներին, Բուլղարիայի, Կրետէի, Կովկասի, Անդրկասպեան երկրների եւ Հնդկաստանի մէջ եղող մահմէդականներին` իրենց տիրապետող կառավարութիւնների դէմ: Ամբողջ մահմէդական աշխարհը մի ընտանիքի զաւակ համարել եւ նրանց յոյսերի առանցքը դարձնել օսմանեան պետութիւնը, եւ այդ հիմունքով ջանալ սերտ յարաբերութիւններ մշակել մահմէդական անկախ եւ կիսանկախ տէրութիւնների միջեւ»[16]:
Ահաւասիկ, տակաւին այդ ժամանակ, այսինքն` 1908-ի յեղաշրջումէն դեռ շատ առաջ, արդէն 1900–1901 թուականներուն, Երիտթուրքերու հետապանդած գաղափարախօսութեան մէջ ամրագրուած էր հայութեան գոյութեան սպառնացող օրհասական վտանգը` Օսմանեան Կայսրութիւնը ի նպաստ համաթրքութեան վերածելու կեդրոնաձիգ, միաձոյլ պետութեան մը, մէ՛կ ազգ եւ մէ՛կ իշխանութիւն լոզունգին տակ փշրել բաղկացուցիչ ազգային փոքրամասնութիւններուն ինքնութիւնը եւ, ի պահանջել հարկին, բիրտ ուժ կիրարկել` զանոնք ձուլելով համաթուրանական եւ համաիսլամական համայնակուլ հնոցին մէջ: Արդարեւ այս մասին կ’ահազանգէր Սապահ-Գիւլեան. բայց, եղո՜ւկ, հայ իրականութեան մէջ ան, բառին բուն իմաստով, պիտի դառնար «ձայն բարբառոյ յանապատի» մը, եւ ի զո՛ւր պիտի բախէր խուլ ականջներու` անտարբերութեան, անձնական նեղ շահերու գերադասութեան, անթափանցելի հաւկուրութեան եւ ազգային-քաղաքական աններելի արկածախնդրութեան մը` հուսկ չկարենալով կանխարգիլել մահաբեր վտանգը, որ հետզհետէ կ’ուռճանար` անարգել թոյլ տալով արիւնկզակ թըշնամիին հայոց պատմութեան մէջ բանալու համազգային ողբերգութեան եւ ցեղասպանութեան սեւ էջը:
Բայց այժմ, սեւեռելով մեր ուշադրութիւնը Վանկենհայմի Բ. տեղեկագրին վրայ` պիտի տեսնենք, որ գրութիւնը կը պարունակէ յաւելեալ արժանահաւատ մանրամասնութիւններ, որոնք միանգամայն նոր լոյս կը սփռեն պատմական եղելութեան վրայ ու յարուցեալ նահատակներու հպարտ ճակտին կը հիւսեն աստուածեղէն շողով օծուն անմահութեան դափնեպսակ մը:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1-Հմմտ. „Die [turkische] Regierung tatsuchlich den Zweck verfolgt, die armenische Rasse zu vernichten“.
Տե՛ս նաեւ` http://www.armenocide.net/armenocide/armgende.nsf/$$AllDocs/1915-07-07-DE-001
2- Հմմտ. http://www.armenocide.net/armenocide/armgende.nsf/$$AllDocs/1915-06-18-DE-001
3-Հմմտ. http://www.armenocide.net/armenocide/armgende.nsf/$$AllDocs/1915-06-18-DE-004
4- Տե՛ս, նոյնը։
5- Հմմտ. նոյնը:
Anlage
Osmanischer Lloyd [franzosische Ausgabe]
«Executions»
(Communique du Commandant de la Place)
Lloyd vom 17. Juni 1915
Les personnes dont les noms suivent; ayant ete convaincus, a la suite du proces contradictoire, d’avoir dans le but de creer une Armenie independante et autonome au moyen de perpetration d’attentats, d’excitation des etrangers contre le gouvernement, tente de detacher une partie de l’Empire de la domination ottomane et d’avoir dans ce but tenu, dans differents pays etrangers, des congres secrets ou publics et de s’etre livrees a des publications, a des agitations et a des correspondances, ont ete condamnees par la cour martiale de Constantinople a la peine capitale conformement a l’appendice de l’article 54 du code penal civil et cette sentence a ete sanctionnee par irade imperial.
Conformement a l’irade imperial l’execution a eu lieu le 15 juin vers les 3 heures et demi du matin sur la place devant le ministere de la guerre apres avoir fait faire aux condamnes leurs devoir religieux, ainsi que leurs testaments par les soins d’un de leurs religieux et apres l’examen medical.
Les mesures necessaires sont prises suivant les exigences de la loi a l’egard de Sabahgulian, president du comite central des Hintchakistes et de Verstad, membre du susdit comite qui sont condamnes par defaut a la meme peine pour le meme delit.
Les condamnes sont:
Mateos Serkissian du Caucase, sujet russe, membre influent du comite Hintchak connu sou le nom de Pramaz alias Hampartzoum Kirkor de Rodosto; Agop Hazarian veledi Mouradian de Varna alias Mourad Zakarian; Kaprel Kechichian veledi Rendjber Minas de Keressoun, alias Sari-Hatchik de Samsoun, alias Minas; Simpad veledi Vartan Kilidjian de Bitlis, tailleur, alias Agodir Bedros; Vahan, alias djian de Tchimichguezak, bijoutier, alias Rupen veledi Minas Karabetian; Dr. Bedros veledi Banne de Harpout; Toros Torossian; Armenak veledi Hampartzoum, negociant; Apraham veledi Stepan Mouradian, cordonnier; Aram veledi Karabet Atchikbechian d’Arabkir, courtier; Hrant veledi Apraham Kegazian, etudiant de 3e annռe l’ecole de medecine; Karakin veledi Arakel Boghossian de Chebin-Kara-Hissar, ouvrier Chadirdji a Saradjihane; Boghos veledi Mikael Boghossian d’Eguin, bijoutier; Agop veledi Ghazar Bassmadjian, encaisseur de la compagnie Singer, president du comite Hintchak de la section de Kilisie; Thomas veledi Thomassian, professeur d’ecole armenienne et membre de la dite section; Yeremia veledi Kepirnanos Manotian, cordonnier; Mighirdidj veledi Ohannes Abestian, membre du comite Hintchak de la section de Harpout; Kegham veledi Karabet Vakenian, aspirant officier s l’ecole militaire; Yervant Yanavod veledi Ohannes Topouzian, professeur a l’ecole armenienne de Bahdjidjik; Ohannes veledi Stepan Derghazasian, professeur et membre de la section de Cesaree du comite Hintchak; Karnik veledi Kirkor Boyadjian, marchand de cafe moulu.
6- Հմմտ. նոյնը։
7- Տե՛ս, http://www.armenocide.net/armenocide/armgende.nsf/$$AllDocs/1915-06-25-DE-001
8- Տէր Եղիայեան, Զաւէն Արք., Պատրիարքական Յուշերս, Վաւերագիրներ եւ Վկայութիւններ, Գահիրէ, 1957։
9- Տե՛ս, անդ, էջ 84։
10- Տե՛ս, http://www.armenocide.net/armenocide/armgende.nsf/$$AllDocs/1915-06-06-DE-012
11- Տե՛ս, https://de.wikipedia.org/wiki/Mehmet_%C5%9Eerif_Pascha
12- Տե՛ս, Սապահ-Գիւլեան, Ս., «Պատասխանատուները», Երեւան, 2017, էջ 315–318:
13- Այս համագումարին մասնակցած են վերակազմեալ հնչակեաններ եւ դաշնակցականներ։ Տե՛ս, «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան», Գ., Երեւան, 1977, էջ 591։
14- Տե՛ս, Սապահ-Գիւլեան, Ս., «Երիտասարդ Թիւրքիա», Պարիզ, 1908, էջ 19–20:
15- Հմմտ., անդ։
16- Հմմտ., անդ, էջ 19–20: