ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ
Կիլիկեայէն արտագաղթող հայ ժողովուրդի բեկորներէն մեծ մաս մը, եկեր անտէր ու անպաշտպան հաստատուէր էր Լիբանանի ծովեզերեայ ափերը։ Զրկուած ամէն բանէ՝ սնունդէ, հագուստ կապուստէ, ղեկավարէ, առաջնորդէ, ժողռվուրդը կը պայքարէր իր առօրեայ հացին համար։
Եւ հայ ժողովուրդը իր քուրջի կտորներով շինած վրանաքաղաքին մէջ, հիմը կը դնէր, լիբանանահայ առաջին դպրոցին, որուն կը յաջորդէր հայ եկեղեցին, ապա հայ թատրոնը (բեմը) ։
Թատերագիր Սեդրակ Էսմերեան կը վկայէ՝ «Գաղութականութեան փոշին հզիւ թօթափած իրենց վրայէն, Լիբանանի մէջ թատերասէր սերունդ մը, եկեղեցի կամ դպրոց կոչուած թիթեղաշէն խրճիթներու մէջ, սկսան ներկայացնել ՛՛Վարդանանք՛՛, ՛՛Պատուի Համար՛՛, ՛՛Տայի Կարապետ՛՛, և բազմաթիւ այլ զաւեշտներ։ Երբեմն կ՛այցելէին վաստակաւոր բեմադրիչներ ու դերասաններ, սակայն անոնք կը մեկնէին, թողելով միայն քաղցր յիշատակներ»։
1924-ին, բակի մը մէջ, կը ներկայացուի չորս ժամ տեւող, 12 արարնոց ՛՛Եըլտըզէ Սասուն՛՛ յեղափոխական գործը։
Այդ շրջանի յայտնի դերասան Պօղոս Մենտիլեան կը վկայէ՝ «Գոյութիւն ունէին երկու խումբեր. առաջին՝ ՛՛Տրամաթիկ՛՛ խումբը, որուն մէջ էին դերասաններ Կարօ Խաչիկեան, Ֆերահ, տոքթ. Գաղթաճեան, Սրբուհի Դաւիթեան, Մարի Մէնէեան և ուրշներ։ Երկրորդը՝ ՛՛Ուսանողական՛՛ խումբն էր, որուն մէջ, Աւետիս Գնդունիի և ուրիշներու հետ կը գործէի նաեւ ես»։
Դիմայարդար, դերասան, բեմադրիչ և լուսանկարիչ Կայծակ Գնդունի, որպէս այդ շրջանի ականատես վկայ, կը գրէ՝ «Գրեթէ քառորդ դար մը, լիբանանահայ մշակութային կեանքէն ներս թատերական շարժում մը եկաւ ու անցաւ ասուպի մը պէս։ Վրանաքաղաքէն ներս արդիականութեան շքեղութիւնները չէին թափանցած։ Ոչ շքեղ սրահ ոչ շլացուցիչ լոյսեր, ոչ գեղարուեստական յարդարում և ոչ ալ թատերական մասնագիտութեան հետեւողներ՝ վկայուած դերասաններ, դիմայարդար կամ բեմադրիչ»։
Այդ շրջանի դերասաններէն Եդուարդ Չափրաստ, ՛՛Այգ՛՛ օրաթերդի 13 Յուլիս 1965ի թիւին մէջ կը գրէ՝ «Թիթեղածածկ Թատրոնը։ Կը նայիմ շուրջս, թիթեղածածկ թատերասրահ մը, թիթեղաշէն տուներ կը շրջապատեն, և կը մտածեմ… ի՜նչ անլուծելի հանելուկ է հայ ժողովուրդը։ Թիթեղէ տուներ կը շինէ պատսպարուելու համար և չի մոռնար թատերասրահ մը շինել, թէկուզ թիթեղէ, իր դպրոցին ու եկեղեցիին քով։ Արդեօք կարելի՞ է գտնել ժողովուրդ մը, որ արեան արհաւիրքի ճամբան կտրելէ ետք, իր մնացորդացով հազիւ գլուխը դնելու տեղ մը գտած է, կը մտածէ դպրոց, եկեղեցի ու թատրոն շինելու մասին… Այո, կայ այդ զարմանահրաշ ժողովուրդը, ՀԱՅԸ, որ կրնայ գործել այդ հրաշքը։ Մենք կանք ու պիտի մնանք, որովհետեւ մենք այն ցեղն ենք, որ լոյսին կը ձգտինք։ Վկայ թիթեղաշէն թատրոնը իր խեղճ վիճակին իսկ մէջ՝ թատրոներու ամենէն նուիրականը» ։
2021,Պէյրութ