ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 236
Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի Հայասպանութեան Տառապանքի ՅուշերըՎերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի հեղինակած հայերէն բնագիրով յուշագրութիւնը իր կեանքի ոդիսականին պատմութիւնն է, որ անգլերէնի թարգմանած եւ խմբագրած է հեղինակին որդին՝ Վարդան Յարթունեան, որուն խորագիրն է «Ո՛չ Խնդալու է, Ո՛չ ալ Լալու- Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յուշագրութիւն» (անգլերէնը՝ Neither to Laugh, Nor to Weep- A Memoir of the Armenian Genocide- National Association for Armenian Studies and Research, Cambridge, Mass. 02138, Second Edition, USA, 1986, 206 pages):
Իր ծննդավայրին՝ Սեւերակի (թրքերէն՝ Սէւէրէկ- Յ.Ի.) մէջ 1895-1896-ի ջարդերուն վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան մազապուրծ կ’ազատի սպաննուելէ: Երկու տարի շարունակ հայերը կը հալածուին: Սպանուողները կ’անհետանան իսկ վերապրողները թշուառութեան կը մատնուին: Շատեր փողոցները կը թափառին եւ կը մուրան, որովհետեւ կտոր մը չոր հացի կարօտ կը մնան:
Այնթապի Ամերիկեան միսիոնարութիւնը Աբրահամի Սեւերակի մէջ կարիքաւորներուն օգնութիւն բաշխող պատասխանատուի պաշտօն կու տայ: 1896-ի ամառը անգլիացի հայասէր փրոֆ. բժ. Ռենտըլ Հերրիս Սեւերակ կ’այցելէ: Անոր օգնութեամբ Աբրահամ 1897-ի Սեպտեմբերին իր աստուածաբանական ուսումը կը շարունակէ Այնթապի մէջ: 1895-ի ջարդերուն ան կորսնցուցած էր իր հայրն ու երկու ամուսնացած եղբայրները, որոնց ընտանիքներուն կարիքները հնարաւորին չափ ինք կը հոգար: Տարիները կը սահին յարաբերաբար խաղաղ մթնոլորտի մէջ, բացի 1909-ի Ապրիլ ամսուան Կիլիկիոյ Աղէտի ատեն: 1913-ի սկիզբը վերապատուելի Յարթունեան ընտանեօք Մարաշ կը հաստատուի:
Կիրակի, 2 Օգոստոս 1914-ին Մարաշի մէջ սովորական օր մըն էր, իսկ յաջորդ օրը Ա. Համաշխարհային Պատերազմը կը յայտարարուի: Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան այդ դառն օրուան մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ինչպէս ամբողջ աշխարհի վրայ, հայութեան սիրտը համարուող Մարաշի մէջ եւս խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը յօդս ցնդեցան, յոյսերը խամրեցան, եւ նախկին եռանդը չմնաց» (էջ 53): Ան զինուորագրութեան եւ ճակատ երթալու մասին կ’ըսէ. «Մէկ կողմէ հայ զինուորները խումբ առ խումբ կը հաւաքուէին եւ հոս ու հոն կը ղրկուէին իսլամ զինուորներու հետ, տուներու եւ եկեղեցիներու բնակիչներուն թիւը կը պակսէր, լացն ու կոծը ամէն տեղ էին, աշխատանքները գործնականապէս դադրած էին, եկամուտի աղբիւրները կը չորնային եւ ժողովուրդը յուսահատութեան կը մատնուէր: Միւս կողմէ եկեղեցին եւ դպրոցը կը գործէին եւ այդպէս պէտք է շարունակէին: Թուրքերը պատերազմի մէջ մտած էին: Ամէն կողմ բռնատիրութիւն կար» (էջ 53):
Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան Զէյթունի դէպքերուն մասին լսածները կը նկարագրէ, ուր կ’ըսէ թէ Օսմանեան բանակի թուրք հրամանատար հազարապետ Ֆախրի փաշա իր երկու օգնականներով՝ Հիւսէյն եւ Սիւլէյման պէյեր ու հազար զինուորներով կը հասնի Զէյթուն եւ քաղաքին երեւելիները ժողովի կը հրաւիրէ: Ան հայոցմէ կը պահանջէ որ բոլոր հայ յեղափոխականները զէնքերը յանձնեն ու պետութեան յանձնուին, խոստանալով զանոնք իբր զինուոր բանակին կցել: Քառասուն հայ յեղափոխականներ հրամանին կ’ենթարկուին: Միւս կողմէ 20 յեղափոխականներ Չոլաքեան եղբայրներու առաջնորդութեամբ կը մերժեն յանձնուիլ եւ լեռները քաշուելով կը պատրաստուին իրենք զիրենք եւ ժողովուրդը պաշտպանել թուրքերուն դէմ: Դիմադրողները վանքի մը մէջ դիրք կը բռնեն եւ 24 ժամ կը պայքարին իրենց կեանքին համար: Անոնք թրքական զօրաւոր ոյժէն 500 զինուորներ գետին կը տապալեն եւ ենթահրամանատար մը կը սպաննեն: Յեղափոխականները գիշերուան մութէն օգտուելով վանքը կը պարպեն ու կրկին լեռները կ’ապաստանին: Վերապատուելի Յարթունեան նախապէս յանձնուած քաջերուն համար հետեւեալը կ’ըսէ. «Վերջապէս Զէյթունի աղաները յաջողեցան համոզել քաջերը յանձնուելու: Սակայն թուրքերը զանոնք փոխանակ բանակ տանելու, ինչպէս խոստացած էին, անմիջապէս ձերբակալեցին եւ առջառներու պէս իրար կապուած Մարաշի բանտը նետեցին» (էջ 54):
Թրքական «տիպար գործելակերպ»ի իբրեւ արդիւնք, ձերբակալութեան կարգը կու գայ Զէյթունի երեւելիներուն, որոնց հետ կարճ ատեն մը առաջ Ֆախրի փաշա «սիրալիր» հանդիպումի ընթացքին խոստացած էր յանձնուողները զերծ պահել բանտարկութենէ եւ սպանութենէ: Թրքական բանակը Զէյթունը կը պաշարէ: Թուրքերը կը կատղին ի տես 20 հայ յեղափոխականներու փախուստին: Անոնք Նազարէթ չաւուշ Նորաշխարեանը կը ձերբակալեն: Ֆախրի զայն բրտօրէն ծեծի կ’ենթարկէ որ անզգայ վիճակով Մարաշի բանտը կը նետուի: Բանտին մէջ թուրք ասկեարները Նազարէթ չաւուշը կրկին կը ծեծեն, նախքան զայն թունաւորելը, որ այդպէս կը նահատակուի: Շուտով Զէյթունի հայոց բռնագաղթը կը սկսի: Անկէ ետք Ֆընտըճագի եւ Տէրէքէօյի հայերը կացութեան լրջութեան կը գիտակցին եւ կը մերժեն բռնագաղթուիլ: Անոնք դիրք կը բռնեն Ֆընտըճագ գիւղին մէջ եւ կը պատրաստուին ինքնապաշտպանութեան: Շրջակայ գիւղերու հայերն ալ մերժելով բռնագաղթը Ֆընտըճագի մէջ կը հաւաքուին: Բոլորն ալ թրքական վտանգը նախատեսած ըլլալով դիրք կը բռնեն թուրքերու դէմ: Միւս կողմէ թուրքերը նոյն տարուան Մայիսին, Յունիսին եւ Յուլիսին Զէյթունի հայերը խումբ առ խումբ կը հեռացնեն բռնի միջոցներով:
Ֆընտըճագի մէջ պատսպարուած 1500 հայերէն միայն 300-ը կռուողներ էին, իսկ մնացեալը կիներ, մանուկներ ու ծերեր: 3000 թուրք զինուորներ կը պաշարեն գիւղը եւ հետզհետէ հայերը կրակոցներու տակ կը խեղդեն պաշարման օղակը նեղցնելով: Հայ քաջերը հերոսաբար կը դիմադրեն, սակայն դիմացը գտնուող ոյժը ահռելի եւ անհաւասար էր: Չոլաքեան եղբայրներու ղեկավարութեամբ հայ կռուողները բազմաթիւ թուրք ասկեաներ կը սպաննեն ճակատի վրայ, արհամարհելով վախն ու մահը: Թրքական ոյժերը հետզհետէ կը յառաջանան գիւղին խորքը եւ կը գրաւեն: Անոնք գիւղը կրակի կու տան: Երկինքը ծուխով կը լեցուի եւ գիւղին վրայ բարձրացող մուխն ու ծուխը Մարաշէն պարզ աչքերով կ’երեւին:
Չոլաքեան եղբայրներու առաջնորդող խումբերը ժողովուրդին օգնութեան կը հասնին եւ կիներն ու ծերեը լեռները կը քաշուին: Գիւղին մէջ մնացած ժողովուրդը ոչխարներու հօտի պէս Մարաշ կը տարուի: Վեր. Յարթունեան մեծապէս օգտակար կը դառնայ Ֆընտըճագի հայ գաղթականներուն, անոնց ուտելիք եւ հագուստ ապահովելով: Այս գործը ան կը յաջողի գլուխ հանել շնորհիւ տեղւոյն հայանպաստ կառավարիչ՝ Իսմայալը Քեմալ փաշայի բարեհաճութեան: Վեր. Յարթունեան կառավարիչին մասին կ’ըսէ թէ ան խղճամիտ, ազնիւ եւ արդարադատ մարդ մըն էր, որ բոլոր կարելի միջոցներով փորձած էր ազատել հայերը: Քեմալ փաշա յաճախ վերապատուելիին ցոյց կու տար Կ. Պոլսէն եկած Թալաաթի եւ Էնվերի հրահանգ հեռագիրները, ուր անոնք կը հրամայէին իրեն կոտորել հայերը, սակայն ինք կ’անտեսէր այդ հրահանգները: Յուշագիրքին հեղինակը կը յիշէ նաեւ Կ. Պոլսոյ մէջ Ա. Մ. Ն.-ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի հայանպաստ կեցուածքն ու գործունէութիւնը:
Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի վկայութենէն կը մէջբերենք հատուած մը, ուր կը նկարագրէ օրուան կացութիւնը. «1915-ի Օգոստոս 5-ին, ֆընտըճագցիներու բռնագաղթէն եւ իրենց գիւղը մոխիրի վերածուելէ ետք, սպաննուած թուրք զինուորներուն դիակները կը թաղուին, իսկ հայ նահատակներու դիակները վայրենի անասուններուն եւ գիշատիչ թռչուններուն կեր կը դառնան: Ատանայի զինուորական կառավարիչ Ճեմալ փաշա յաղթականօրէն Մարաշ կը մտնէ» (էջ 63): Հայ կրօնաւորներն ու Մարաշի երեւելիները Ճեմալ փաշայի քով կ’երթան եւ անոր բարի գալուստ կը մաղթեն: Վերջինս հակահայ ճառ մը կը խօսի եւ հայերը սրտմտած իրենց տուները կը վերադառնան:
Մարաշէն հանուած հայ գաղթականներուն առաջին հանգրուանը Աղուր լերան ստորոտը կ’ըլլայ, ուր թուրքերը անոնցմէ ոմանց կը գնդակահարեն: Հոն ներկայ կ’ըլլայ գերմանացի միսիոնար պրն. Սփիքըր, որ պատահող գնդակահարութիւններուն համար իր ընդվզումը կ’արտայայտէ թուրքերուն ըսելով. «Այս անմեղներուն արիւնը ո՛չ Թուրքիան եւ ո՛չ ալ Գերմանիան կրնայ փրկել» (էջ 64): Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան կ’ըսէ թէ այլեւս գաղտնիք մը չէր, որ թուրքերը որոշած էին հայերը բնաջնջել: Մարաշի մէջ մնացած հայերը խումբ առ խումբ կը բռնագաղթեցուին:
Կարգը կու գայ ութը հարիւր հոգինոց հայ բողոքականներու խումբի մը աքսորման, որոնց հովիւը վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանն էր: Երբ իշխանութիւնը զանոնք ճամբայ կը հանէ, նոյն օրը երեկոյեան կառավարիչ Քեմալ վերապատուելին իր քով կը կանչէ եւ անոր կ’ըսէ, թէ Կ. Պոլսէն նոր որոշում մը եկած է, ըստ որուն բողոքականները զերծ պիտի մնան բռնագաղթուելէ: Վերապատուելին կը խնդրէ կառավարիչէն որ 800 հոգինոց բողոքականներու խումբը ետ դարձնէ: Սկիզբը կառավարիչը կը մերժէ, սակայն ետքը կը համակերպի եւ սպաներ կը ղրկէ կառաւանը վերադարձնելու որ ետ կը դառնայ ու ամէն ոք իր տունը կ’երթայ: Քանի մը օր ետք թրքական իշխանութիւնը սատանայական նոր հնարք մը կ’ընէ, որով ան հրաման կու տայ կասկածելի անձերը բռնագաղթի ենթարկել առանց նկատի առնելու անոնց յարանուանութիւնը: Այսպիսով թուրքերը կը յաջողին քանի մը բողոքական հարուստ ընտանիքներ բռնի գաղթի հանել:
Թուրքերու գործելակերպը Մարաշի հայոց ամէն օր վտանգ կը սպառնայ, քանի որ քաղաքին հայութիւնը հետզհետէ կը նօսրանայ: Մարաշի մէջ գոյութիւն ունեցող Երիտթուրքերու յատուկ գրասենեակէն ուղղակի բռնագաղթի հրաման կ’արձակուէր, ինչպէս հայկական բոլոր քաղաքներուն մէջ: Այս տեսակի գրասենեակները յատուկ առանձնաշնորհումներ ունէին՝ որոնք կը գերազանցէին կառավարիչին իրաւասութիւնները: Մարաշի Երիտթուրքերու գրասենեակը վերապատուելի Յարթունեանը կ’ամբաստանէ իբրեւ պետական ապահովութեան վտանգաւոր տարր, ուստի հրաման կ’արձակէ զայն հեռացնել քաղաքէն: Զինուորական դատարանը կը վաւերացնէ այս որոշումը, սակայն կառավարիչ Քեմալ դէմ կը կենայ անոր եւ կ’ազատէ վերպատուելին:
Երիտթուրքերու կողմէ երկրորդ անգամ ըլլալով հրաման կ’արձակուի վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանը բռնագաղթեցնելու, որ իր ընտանիքը Ամերիկեան միսիոնարներու մօտ կը ձգէ եւ ճամբայ կը հանուի դէպի Ամանոսի կողմերը: 1916-ի Մայիսի կէսերուն Պաղչէի գերմանա-թրքական ղեկավարութեան կողմէ ջաղացպան կը նշանակուի: Այդ շրջանին մէջ հազարաւոր հայեր կը տեսնէ, որոնք ստրուկներու պէս կ’աշխատէին փոխան կտոր մը չոր հացի: Հեղինակը անոնց եւ օրուան վիճակին մասին կ’ըսէ. «Թէպետ անոնք ստրուկներ էին, ամէն բանէ զրկուած՝ սաստիկ յոգնեցուցիչ աշխատանք կը տանէին, սակայն գոհ էին իրենց վիճակէն, որովհետեւ սուրէն, փամփուշտէն եւ բռնագաղթի չարչարանքներէն ու վտանգէն փրկուած էին: Առնուազն անոնք առանձնաշնորհումը կը վայելէին բնական մահով մեռնելու, սաստիկ սպառող աշխատանքի եւ ծայրահեղ չքաւորութեան տակ» (էջ 77):
Շուտով սակայն Երիտթուրքերը հրաման կ’արձակեն հազարաւոր հայեր, ներառեալ վերապատուելին, կրկին աքսորել: Բռնագաղթի ճամբուն վրայ իր տեսածներն ու զգացածները վեր. Աբրահամ Յարթունեան կ’արտայայտէ հետեւեալ ձեւով. «Կը լսենք երեխաներու ճիչերը եւ մայրերու հեծկլտանքը: Անոնք սաստիկ ցուրտին կը տառապին: Հանգիստ առնելու տեղ չունին: Անոնք կ’երեւակայեն յաջորդ օրուան բռնագաղթի ճամբուն տառապնքները եւ կը սոսկան: Դեռատի աղջիկներն ու հարսերը առեւանգուած են, որպէսզի թուրք սպաներն ու զինուորները իրենց անասնական կիրքերը յագեցնեն: Ոմանք՝ անկարող այդ տառապանքները տանելու, կը մահանան» (էջ 87):
Տարի մը բռնագաղթի ճամբաներուն վրայ տառապանքով թափառելէ ետք, գերմանական միսիոնարներու միջնորդութեամբ վեր. Յարթունեան կ’ազատի աքսորէ եւ Մարաշ կը վերադառնայ: Կարճ ժամանակ մը ետք պատերազմը վերջ կը գտնէ եւ աքսորուած հայերը կը վերադառնան իրենց ծննդավայրերը: Կեանքը կը սկսի վերազարթնիլ Մարաշի մէջ: Վերադարձողները կը սկսին նորոգել իրենց բնակարանները: Յանկարծ Հալէպի հայոց կոտորածին լուրը կը հասնի, որմէ հայերը կ’այլայլին: Այդ կոտորածին համար վեր. Աբրահամ Յարթունեան կ’ըսէ. «28 Փետրուար 1919-ին Հալէպի մէջ հայերու ջարդ մը կազմակերպեցաւ թուրքերու կողմէ, գրեթէ բրիտանական բանակի աչքերուն առջեւ բազմաթիւ հայեր մորթուեցան: Անգլիացիները փորձեցին փրկել հայերը, բայց շատ ուշ էր: Թէպետ կոտորածը վերջ գտաւ, սակայն կը մնայ այն իրողութիւնը թէ հայերը ջարդուեցան բրիտանական բանակի ներկայութեան: Մենք Մարաշի մէջ վախի ու շփօթի մատնուեցանք» (էջ 121): Բարեբախտաբար այդ ոճրային եւ վատ մթնոլորտը շուտով կը փարատի եւ անգլիական բանակը Մարաշ կը մտնէ: Հայերը մեծ յոյսեր կապած էին դաշնակիցներու օգնութեան: Վեր. Յարթունեան կ’ըսէ թէ հայերը հոգեպէս եւ մարմնապէս կը վերականգնին եւ խանդավառութեամբ կը լեցուին, սակայն ան հայը դիւրահաւատ կը կոչէ, որովհետեւ սին յոյսեր կը փայփայէ օտարներու օգնութեան նկատմամբ:
Խաղաղութեան ժամանակաշրջանը շուտով վերջ կը գտնէ: Թուրք հրոսակախումբեր հայ ճամբորդներ կը կողոպտեն ու կը սպաննեն, մղուած քաղաքական մթնոլորտի շարժառիթներէն: Երբ հայերը անգլիական բանակի սպաներուն կը բողոքեն այս մասին, անոնք կը պատասխանեն թէ շուտով պիտի քննեն այդ հարցերը եւ պատժեն պատասխանատուները: Հեղինակը անգլիացիներու մասին կ’ըսէ. «Անոնք ո՛չ մէկ բան ըրին» (էջ 126):
Անգլիացիները լարուած էին գերմանացիներու դէմ: Սակայն միւս կողմէ անոնք կը սկսին սիրալիր յարաբերութիւններ մշակել թուրք պաշտօնատարներու հետ: Ասոր մասին հեղինակը կ’ըսէ. «Քաղաքական մթնոլորտը հիմնական փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի: Բրիտանացի զինուորականներն ու բարձր պաշտօնեաները կը սկսին բարեկամական ու սերտ յարաբերութիւններու մէջ մտնել թուրք պաշտօնեաներուն եւ աղաներուն հետ: Ասկէ քաջալերուած թուրքերը անմիջապէս հայոց հանդէպ թշնամական կեցուածք կ’որդեգրեն: Քաղաքին մէջ թէ շրջակայ գիւղերը թուրքերը կրկին կը կողոպտեն ու կը սպաննեն հայ ճամբորդները: Անգլիացիները ի տես այս երեւոյթին ո՛չ մէկ գործնական քայլ կ’առնեն արգիլելու համար պատահող ոճիրները: Ամէն անգամ որ մենք բրիտանացիներուն կը դիմենք, խնդրելով որ մեզ պաշտպանեն, անոնք թուրքերէն քանի մը կտոր զէնք կը հաւաքեն առ երես եւ քանի մը օր ետք կը վերադարձնեն զանոնք» (էջ 125):
Անգլիական ոյժերը 1 Նոյեմբեր 1919-ին կը լքեն Մարաշը ու կը հեռանան: Անոնց կը փոխարինեն ֆրանսական ոյժերը: 8 Նոյեմբերին թուրքերը Մարաշի մէջ մզկիթէ մը կրակ կ’արձակեն ֆրանսական ոյժերու ինքնաշարժներով շրջուն խումբի մը վրայ եւ հայ կամաւոր մը կը նահատակուի: Այս եղածը փորձ մըն էր թուրքերու կողմէ շօշափելու համար ֆրանսացիներու տրամադրութիւնն ու հակազդեցութիւնը… Կ’ակնկալուէր որ ֆրանսացիները հակադարձէին պատշաճ կերպով ու երեւան հանէին ոճրագործը: Սակայն այդպիսի բան մը տեղի չունենար ու ֆրանսացիները մոռացութեան կու տան դէպքը եւ այլայլած հայերը կը յորդորեն քաջ կենալ ու չվհատիլ: Այս խաբէութիւն մըն էր անոնց կողմէ, ժամանակ անցընելու: Յաջորդ Ուրբաթ օրը թուրք խուժանը ֆրանսական կառավարական շէնքին վրայ կը յարձակի եւ կրակի կու տայ ֆրանսական դրօշակը: Քանի մը օր ետք անոնք ֆրանսացի կառավարիչ Անտրէն ու հայ պատգամաւոր Վահանը կ’անարգեն ու վերջինս ծեծի կ’ենթարկեն: Թուրքերը կառավարիչ Անտրէին չեն դպչիր: Վեր. Յարթունեան կ’եզրակացնէ. «Աշխարհի քրիստոնեայ ոյժերը քրիստոնեայ հայ ազգին ջարդարարներն են» (էջ 127):
Մուսթաֆա Քեմալի ոյժերը օր ըստ օրէ կը զօրանան ու կը ծաւալին: Ոճրագործ Քըլըճ Ալի փաշա Մարաշի շրջանի քեմալական պատասխանատու կը նշանակուի: Ան թուրքերը, քիւրտերն ու չէրքէզները կը զինէ հայոց ու ֆրանսացիներու դէմ: Թուրք եւ փաստօրէն իրենց բռնի միացուած այլ իսլամ զինեալներ ֆրանսացիներու աչքերուն առջեւ խրամատներ կը փորեն ու կը զինուին: 1919 տարին կասկածներուվ ու մտավախութեամբ լեցուն տարի մը կ’ըլլայ հայոց համար:
Ահռելի տարի մը կ’ըլլայ 1920-ը: Մարաշի մէջ հայոց սոսկալի կոտորածը տեղի կ’ունենայ թուրք եւ իրենց զինակից իսլամերու կողմէ: Հաճըն հերոսաբար կը դիմադրէ եւ անոր 6000 զաւակները կը նահատակուին կամ կը բռնագաղթուին: 160 հայ աղջիկներ Հաճընի Աղջկանց որբանոցէն կ’առեւանգուին, թրքական հարէմները կը տարուին եւ ապա կը խողխողուին: Քեմալականները Մարաշի հայերէն շատերուն կը ստիպեն որ զինուորագրուին, զանոնք սպաննելու միտումով: Այնթապի հայերը ինքնապաշտպանական կռիւներ կը մղեն: 1921-ի վերջերը Զէյթունի հայութիւնը կոտորուելէ ետք քաղաքը հայութենէ կը պարպուի: 1922-ի սկիզբը հայերը Մարաշէն կը հեռանան: Վեր. Յարթունեան ընտանեօք այնտեղէն Այնթապ կ’երթայ, յետոյ կ’անցնի Քիլիս, ապա Հալէպ, Պէյրութ եւ անկէ ալ Կ. Պոլիս ու Զմիւռնիա կը հասնի, որուն անկումով ընտանեօք նախ Փիրէա, Յունաստան կ’անցնի եւ ապա Ա.Մ.Ն. կը գաղթէ:
——————-