Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը, համագործակցաբար Ուաշինկթընի Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոնին՝ յաւելեալ եօթը դիմումներ ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին` խնդրելով «ժամանակաւոր միջոց կիրարկել» 9 Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութենէն ետք միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով գերի տարուած հայ զինուորներու գործերով:
Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոնի ղեկավար, Հայ Դատի երկարամեայ գործիչ Քէն Խաչիկեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիները իբրեւ այդպիսին չճանաչելու շարունակական քաղաքականութիւնը մարդկային կեանքի նկատմամբ այլասերած վերաբերմունքի օրինակ է: «Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը դադրի բռնապետ Ալիեւը քաջալերելէ եւ պահանջէ, որ Ատրպէյճան կատարէ 1949-ին ընդունուած Ժընեւեան ուխտի պարտաւորութիւնները», նշեց ան։
«Ժամանակաւոր միջոց» կիրարկելու համար, հայ գերիներուն մասին շարունակական վկայութիւններ հաւաքագրելով` Մարդու իրաւունքի եւրոպական դատարանին կողմէ յիշեալ կեդրոններուն դիմումները առաջին քայլերն են ստիպելու Ատրպէյճանը՝ իբրեւ այդպիսին ճանչնալու հայ ռազմագերիները։ Ասիկա նաեւ կարելիութիւն պիտի տայ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, յատկապէս` Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան, այցելելու գերիներուն:
Երեւանի եւ Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած երկու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ներկայացուեցան շուրջ հարիւր հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ գործեր:
Վերջերս, նոյն համագործակցութեամբ կարելի եղաւ տեղեկութիւններ հաւաքել Ատրպէյճանի մէջ պահուող շուրջ 90 հայ գերիներու մասին:Հաղորդագրութեան մէջ կը հաստատուի, որ իրաւապաշտպան կեդրոնները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ շուրջ հարիւր հայ գերիներու ազատ արձակման եւ անոնց կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան: