Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԿԱՅԾԸ

September 18, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՄԵՐ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԸ

ԴՈԿՏ.   ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Երիտասարդ էր: Աչուըներուն կայծը երկինքի աստղերէն էր որ կը ծորէր,

Եւ հասակին ձեւերը մարմարներուն զօրութիւններէն էր կերտուած…

Մտածումը մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ…

Ճակտին վրայ իրենց ցաւի եւ բարութեան ծաղկըներն ունէին: (Սիամանթօ)

 

Իմ մարդակերտում-հայակերտումիս մէջ կարեւոր դեր կատարսծ են ընտանիքս, դպրոցներս, ուսուցիչներս, իսկ մարդասիրական եւ ընկերային արդարութեան համար պայքարողի դաստիարակութեան մէջ մեծագոյն դերը կը պատկանի յատկապէս «մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ» երկու  մեծութիւններու՝ երկու եղբայրներ Արմենակ եւ Գասպար Տէրտէրեաններուն: Ատենին արտայայտուած եմ Արմենակին մասին իր վաղաժամ մահուան առթիւ, հիմա կարգը եկաւ Գասպարին, կամ հարիւրաւորներու համար՝ իսկական «Մեթրին»՝ Գասպար Տէրտէրեանին, «ընկեր Գասպարին» կամ առանց որեւէ մակդիրի՝ պարզապէս՝ «Գասպարին»: Գաղափարակից ընկերային շրջանակին մէջ պարզապէս կ’ըսէինք. «Գասպարը ատենին կը մատնանշէր որ…»: Վե՛րջ, բացատրութեան եւ աւելորդ մեկնաբանութեան կարիք չկար եւ ամէն ինչ հասկնալի էր եւ պէտք էր լրջօրէն հաշուի առնուէր «Մեթրին» ըսածը:

Ո՞ւր էր «գաղտնիքը»: Գաղտնիք չկար: Պատասխանը պէտք էր փմտռել իր դաւանած անշեղ գաղափարախօսութեան (բայց ոչ տոկմայի) մէջ: Իր համար ճշմարտութիւնը մէկ էր, այսինքն՝ եթէ սա դիմացի սարը Մեծ Մասիսն է, ուրեմն Քիլիմանճարօն չէ՛:

Նոր Լիբանան մը

Աշակերտներ էինք իր յաճախած վարժարանին մէջ իր աւարտելէն վեց տարի ետք: Մեր հայկական «փակ» թաղերէն ետք արագօրէն մեր աչքը կը սկսէր բացուիլ աշխարհին, այլեւս «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերը միակ աղբիւրը չէին աշխարհաճանաչման, հիմա արդէն կար ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը իր ծանրախոհ տնօրէնով, Զարեհ Մելքոնեանով, Գերսամ Ահարոնեանով, Վահէ-Վահեանով: Բայց բան մը պակաս էր, այդ ալ  գաղափարի մը կամ իտէալի մը կերպարն էր:

Նոր էինք ելած 1958-ի Լիբանանի լլկիչ քաղաքացիական բախումներէն, իսկ հայերուս պարագային այսպէս կոչուած «հնչակ-դաշնակ» եղբայրասպան կռիւներէն: Լիբանանեան հայրենիքը կ’աշխատէր բուժել վէրքերը, չորցնել արցունքները եւ լծուիլ նոր Լիբանանի վերակառուցման: Յաջորդող տարիներուն երկիրը, ինչպէս կ’ըսեն, «դրամ հոսեցաւ», արեւմտեան Պէյրութը գլուխը առաւ գնաց, «համրայիզմ»(*) մը սկսաւ եւ երկիրը խորացաւ քաղքենիութեան եւ արեւմտեան բարքերու կոյր ու խելացնոր կապկումի մը յորձանուտին մէջ: Խորացան ընկերային անհաւասարութիւնն ու անկէ բխող հակասութիւնները: Եւ այս բոլորը «պաղ պատերազմի», «արեւելք-արեւմուտքի», դրամատիրութիւն-ընկերվարութիւն պայքարի խորքին վրայ: Խօսքի ազատութեան համեմատաբար ազատ պայմաններու տակ լիբանանեան եւ արաբական աշխարհի մէջ կը շօշափուէին ընկերվարութեան, ընկերվարական երկիրներու ձեռք ձգած «յաջողութիւններու» մասին նորութիւններ, եւ տեղի կ’ունենային քննարկումներ:

Հայ համայնքը նոյնպէս կը գտնուէր այս փնտռտուքին մէջ, մանաւանդ որ «երկաթէ վարագոյրը» քիչ մը բացուած կը թուէր, հայրենի թերթեր, Երեւանի ձայնասփիւռը («Երեւա՛նն է խօսում»), հայրենի արուեստագէտներու, երաժիշտներու եւ գրողներու այցելութիւնները հայութեան սիրտերը կը լեցնէին հպարտութեամբ: Ահաւասիկ այս մթնոլորտին մէջ էր որ մեր դպրոցին մէջ (ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան) իր ներկայութիւնը կը զգացնէր իւրայատուկ շարժում մը, որուն անդամներուն ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պիտի յայտնուէի ես՝ ուրիշ դասընկերներու կամ աւագ ընկերներու հետ:

Մամուլի եւ հրապարակագրութեան բնագաւառին մէջ այլեւս իրենց ամուր դիրքը գրաւած էին «Նայիրի»ն, «Սփիւռք»ը, «Մեր Նշանաբանն է Յառաջ» թերթերը: Նոր խօսքեր կը հնչէին, նոր վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ լոյս կը տեսնէին, իսկ համաշխարհային գետնի վրայ նոր մագլցում կ’արձանագրէին տարատնկեալ Իսրայէլ պետութիւնը ընդ Արաբական աշխարհ, ԱՄՆ լլկիչ պատերազմը Վիեթնամի մէջ, հիփփիական շարժումներ, «Պիթըլզ» ները կ’երգէին հասարակ աշխատաւորի սէրն ու տուայտանքները (“It’s Been a Hard Day’s Night” եւայլն), մինչ Եւրոպան փնտռտուքներու մէջ էր տակաւին:

Վարժարանին մէջ այս շրջանին յանկարծ «խումբ մը տղաք» կը կազմակերպէին հայկական երկրորդական վարժարաններու մասնակցութեամբ «Քիչ մը ամէն բան» կոչուած հանդէս մը: Առաջին անգամ ըլլալով զանազան կուսակցութիւններու եւ յարանուանութիւններու «հովանաւորութիւնը» վայելող դպրոցները կը յայտնուէին մեր վարժարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահի մէջ: Նոր սկիզբ մը կամ մեկնարկ մըն էր սա, իսկ ինծի եւ կարգ մը ընկերներուս համար ինքնագիտակցութեան գալու առողջարար ցնցում մը:

«Ուսանողացը»

Տակաւին մեր վարժարանի հիմնադրութեան տարիներէն, «յառաջդիմական-ձախակողմեան» հակումներով բարձր կարգի աշակերտներ հիմնած էին կիսաընդհատակեայ «ուսանողաց միութիւն» մը: Յետագային պիտի իմանայինք թէ Գասպարն էր սիրտն ու հոգին: Ահաւասիկ այդ շարժումն էր որ մէկ-երկու սերունդ ետք կ’ընդգրկէր նաեւ զիս: Հոյակապ միջավայր մըն էր, ուր ուսանողներս եւ Դարուհի Յակոբեանի ուսանողուհիները բացի ընկերային հաճերլի երկսեռ հանդիպումներէ՝ կը լսէինք կարճ զեկուցումներ, մեկնաբանութիւններ եւ վերլուծումներ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերու մասին՝ Ժան Փոլ Սարթր, Կարլ Մարքս, Էնգելս, Լենին, Ստեփան Շահումեան, Աղասի Խանճեան, սիոնիզմ, մասոնականութիւն, «պուրժուազիա»…բաներ, որոնց մասին պատմութեան դասերուն երբեք չէինք լսեր: Ես, ի շարս այլ ընկերներու, այս «խմբակին» մէջ գտանք մեր ԵՐԿՐՈՐԴ ԴՊՐՈՑԸ, դպրոց մը, ուրուն սիրտն ու հոգին Գասպարն էր եւ այլ Գասպարէն տարիքով փոքր տղաք ու աղջիկներ:

Շուտով մենք դարձանք «նոր դպրոցի» մը սաները եւ հոն թրծուեցանք ու դարձանք ինչ որ ենք այսօր որպէս հայրենասէր բժիշկներ, ճարտարագէտներ, գործարարներ, քանի մը ուսուցիչ-դասախօսներ, կուսակցութիւններէ եւ միութիւններէ ներս գործօն անդամ-անդամուհիներ, խմբագիրներ ու լրագրողներ:

«Ուսանողաց»ը ճիւղաւորուեցաւ նաեւ Հայաստանէն ներս բարձրագոյն ուսում ստացող  սփիւռքահայ ուսանողներու շրջանակին մէջ: «Ուսանողացի» միջավայրէն դուրս եկան «Երիտասարդ Հայ.»ի խմբագիրներ, լրագրողներ, նոյն խմբակին արգանդէն ծնաւ Armenian International Magazine-ը եւ այլ ձեռնարկներ ու ծրագիրներ:

Ոգին Գասպարն էր, Արմենակ Տէրտէրեանը, Յակոբ Պօղոսեանը, Տիգրան Աբրահամեանը (keghart.org) եւ ուրիշներ: Այս խմբակն էր որ ոտքի պահեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայրենասէր յառաջդիմականներու շարժումը, ուսանողաց կամ համալսարանականներու եւ համալսարանաւարտներու միութիւնները:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանն էր կայծ տուողը. «ՄԵՐ ԳԱՍՊԱՐԸ»ը կ’ապրի՛:

 

Previous Post

Iran’s fuel shipments violate Lebanon’s sovereignty -PM

Next Post

ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ-1 Ո՞Վ ԿՈՒՐՑՈՒՑ, Ո՞Վ ԲԺՇԿԵՑ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.