Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Թրքերէնը եւ արեւելահայ բառարանները
Հետաքրքիր էի, թէ ի՛նչ կը մտածեն ու վերաբերում կը ցուցաբերեն արեւելահայ բառարանները թրքական ծագում ունեցող կամ թրքերէնի խողովակով հայերէն մուտք գործած բառերուն հանդէպ:
Այս նպատակով ընտրեցի քանի մը «ընթացիկ» բառեր, որոնցմէ՝ չփլախ:
—Մալխասեան ոչ մէկ տեղ տուած է այս բառին:
—Էդիկ Աղայեան զայն կը բնորոշէ այսպէս. «չփլախ − (գաւառական) մերկ, աղքատ, ընչազուրկ, տկլոր»:
—Ակադեմիայի քառահատորը. « չփլախ – մերկ, աղքատ, տնանկ»:
—Աշոտ Սուքիասեանի Հոմանիշներու բառարան. «չփլախ – տե՛ս տկլոր, մերկ»:
Ուրեմն այստեղ կը գտնենք չորս տարբեր մօտեցումներ, տարբեր աշխարահայացքներ, եթէ կ’ուզէք:
***Մալխասեանինը, ուրեմն, կը մերժէ նման բառի մը հայերէն բառարան մուտքը, որքան ալ ինք միւսներէն աւելի լաւ ճանչնայ այդ բառին գոյութեան ու կիրարկութեան տարողութիւնը Հայաստանի ու հայոց մէջ: Մերժելով անոր տեղ տալ՝ կը մերժէ անոր նուիրականացումն ու, ինչու չէ, նաեւ կիրարկութիւնը: Սրտցաւ բառարանագիրը ասկէ աւելին չէր կրնար ընել:
***Աղայեան ոչ մէկ յիշատակում կը կատարէ անոր իսկութեան մասին, այլ խօսքով՝ չի յօժարիր իսկ ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել, թէ ան թրքերէն է, որպէսզի այդքանով գոնէ փորձէր վանել անոր որդեգրումն ու կիրարկումը: Կը գոհանայ զայն կոչելով «գաւառական», ինչ-որ այնքան ալ չի խրտչեցներ արդի հայը, որ այս պարագային զայն պիտի նկատէ հայ գաւառի կամ հայ գաւառաբարբառի յատուկ, որ հայերէն ըլլալէ չի դադրիր, հետեւաբար եւ ընդունելի է:
***Ակադեմիայի քառահատորը այդքանն ալ չ’ըներ, այսինքն՝ ո՛չ իսկ կը զգուշացնէ արդի հայը, թէ…բառս գաւառական է. ով գիտէ, թերեւս գրական բարձր հայերէնի հետամուտ ըլլար ան ու մերժէր գաւառական բառ կիրարկել ու ադպէսով ալ հրաժարէր անկէ: Ո՛չ, ոչ մէկ զգուշացում, բառս բացատրուած է այն նո՛յն կարգավիճակով, որ շնորհուած է մեսրոպեան դասական հայերէնի բառերուն:
***Սուքիասեան, հետեւելով Մալխասեանի, բաւական սրտցաւ վերաբերում կը ցուցաբերէ իր զգուշացումով՝ «տե՛ս»… որ կը նշանակէ ընդունելի չէ տուեալ բառը, եւ պէտք է փոխարէնը որդեգրել տկլոր կամ մերկ[1]: Հաւանաբար գերազանցելով ալ Մալխասեանը, քանի այստեղ շատ որոշ պատգամ մը, զգուշացում մը, մերժում մը կայ՝ ի յուշ բառարանը օգտագործողին: Սուքիասեան այս նոյն ձեւով վարուած է միւս թրքերէն բառերուն հանդէպ եւս՝ ամէն անգամուն ալ թելադրելով հայերէն եզրեր[2]:
Իսկ ի՞նչ բան չէ եղած, որ պէտք է ըլլար:
Ամէն թրքերէն բառի կողքին պէտք է յիշուէր անոր ծագումը, ու մնացեալը ձգուէր օգտագործողի հայեցողութեան ու խղճին. ոչինչ կ’արգիլէր, որ այսպէս վարուէին բոլորը: Արդ, բացարձակապէս ոչ մէկ բառի կից, որքան ալ աղաղակող ըլլայ անոր ինքնութիւնը, յիշուած է նման բան:
Իսկ ժողովուրդը հեզասահ կուլ կու տայ այդպիսիները ու կը սնանի անոնցմով:
Եւ ինչպէ՞ս չսնանի ամենապարկեշտն ալ:
Ի վերջոյ տեղ մը մէկը պէտք է յուշէ անոնց թրքական ծագումը:
Իսկ աւելի հիմնական լուծումը պիտի ըլլար այդ չարաշուք բառերու հեռացումը, որպէսզի ոչ մէկ հայու աչք տեսնէր զանոնք ու անոնցմով տպաւորուէր բառարաններէն:
Ծանօթ,− Կը մնայ տակաւին…եւրոպական բառերու հեղեղը, որ նոյնքան, եթէ ոչ շատ աւելի մտահոգիչ է քան թրքերէնները: Վասնզի, թրքերէն բառերը այսպէս կամ այնպէս այլեւս կայունացած են,– դասականացած են,– եւ նոր փոխառութիւններ նկատելի չեն, որքան ծանօթ եմ այդ լեզուին: Մինչ եւրոպական բառերու թիւը, ըսել կ’ուզեմ՝ փոխառութիւնները, յարատեւ կ’աճի, ամէն օր նորը կ’աւելնայ հիներուն վրայ, շնչահեղձ դարձնելով արեւելահայերէնը: Բայց նաեւ սփիւռքահայը, իմա նուաստներս՝ արեւմտահայը:
Կար ժամանակ մը, ուր կարելի կ’ըլլար լուծել եւրոպական օտարաբանութեանց հարցը՝ շնորհիւ օտար լեզուներու մեր իմացութեան: Հիմա, ի դերեւ ելած է այդ տպաւորութիւնը, եւ կը հանդիպինք այնպիսի բառերու, որոնք այլեւս անըմբռնելի են. ո՛չ մեր գիտութիւնը կը հասնի անոնց, ոչ բառարանները, եւ ստիպուած կ’ըլլանք գրել Հայաստան գտնուող բարդկամներու եւ բացատրութիւն խնդրել:
Այսպէս եղաւ վերջերս տեռակտ եւ շպո բառերու պարագային:
Առաջինին համար դիմեցի իմ պատուական բարեկամիս՝ Գէորգ Նաթալի-Եազըճեանին, որ մեկնաբանեց զայն terroriste acte բառակապակցութեամբ, որուն մէկ յապաւումն է՝ ռուսերէնի միջնորդուեամբ ստացուած:
Իսկ երկրորդին համար պէտք եղաւ դիմել Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի տնօրէնուհիին, որմէ ալ իմացայ, որ շպո յապաւումն է շպարկալկա բառին, որ կը նշանակէ…ծածկագիր: Այս բոլորը ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կրնայի(նք) գիտնալ, բայց նաեւ՝ ի՞նչ ստիպուած եմ գիտնալու:
Ծանօթ.− Զայն իմացայ երբեմնի կրկնակի տխրահռչակ կրթական նախարար Արմէն Աշոտեան կոչեցեալէն, որ ազատ թռիչք տուած էր լեզուին ու դուրս կու տար բառային ամէն տեսակ աղբ՝ է՛լ շափալախ, է՛լ չփլախ, չհաշուած եւրոպական բառերու շարանը:
Այս մարդակերպ հրէշը ոչ մէկ նախադասութիւն կրնայ կազմել առանց կուշտուկուռ հայհոյելու իր տեսանելի ու անտեսանելի հակառակաորդներուն, որոնք այնքան շատ են ու կը շարունակեն բազմանալ: Եւ անշուշտ զարմանալի չէ, որ դիւրաւ իր այս մոլուցքին գոհացում տուող հաղորդավար(ուհի) ու խօսափող գտնէ զանգուածային լրատուական միջոցներու այն համատարած աղբանոցին մէջ, յորում կը տապլտկի այսօր Հայաստանը՝ արամբք եւ կանամբ, ծերովք եւ տղայովք:
* * *
«Հայերէնը մեզ միաւորող զօրաւոր ուժն է»,– կը սիրէ կրկնել Լեզուի կոմիտէութեան նախագահը՝ յարգարժան Դաւիթ Գիւրջինեանը: Այո, սակայն ո՞ր հայերէնը…
Ան նկատել կու տայ նաեւ է, որ «սփյուռքի հայախօս համայնքներում լեզուապահպա- նութիւնը աւելի ու աւելի դժուար է դառնում: Հայաստանից և Մերձաւոր Արևելքից ներարկուող ուժը միայն որոշ ժամանակ է բարերար ազդեցութիւն ունենում: Կան համայնքներ էլ, որտեղ, դժբախտաբար, հայերէնը լրիւ նահանջել է»:
Իսկ հայերէնը որքա՞ն երաշխաւորուած է… Հայաստանի՛ մէջ:
Մրցոյթ (34).
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (10), Համբարձում Յարթունեան (10), Լեւոն Շառոյեան (10), Գէորգ-Նաթալի Եազըճեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (7), Մանուէլ Ֆարաճեան (6), Արմէն Պաղտոյեան (10), Գղամ Խաչատրեան (9), Գրիգոր Սիմոնեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (8):
Մրցոյթ(35)
—«Յոռետեսը դժուարութիւն կը տեսնէ ամէն առիթի մէջ, իսկ… (Լրացո՛ւր ասոյթը):
—Կետերուն տեղ եւ կամ ու դիր. «Պիտի հայթայթենք պայմաններուն յարմար … մտքերն … հոգիները շոյող ծրագիր մը»:
—Հետեւեալ երկուքէն ո՞րն է ճիշդը.
Մեծ հայրս անուանի աշուղ եղած է, սակայն՝
ա) ո՛չ հայրս ճանչցած է զինք, ո՛չ ես,
բ) ո՛չ ես ճանչցած եմ զինք, ո՛չ հայրս:
[1] Նոյն վերաբերումը կը գտնենք եւրոպական բառերու առթիւ եւս. օրինակ՝ կուրս (cours, course) բառին դիմաց կը գրէ. «տե՛ս ուղղութիւն, ընթացք, դասընթացք, արժեգին»:
[2] Օտարաբանութեանց ճամբով՝ լաւագոյն արեւելահայը տեղ մը քեզի զարմանալու առիթ կու տայ: Թոռ թրքերէն բառին դիմաց Սուքիասեան կը գրէ՝ «տե՛ս քող, ուռկան»: Տող մը վարը ունի թոռը գցել դարձուածքը, որ կը նշանակէ ուռկանին մէջ ձգել, որսալ, խաբել, տիրել, բռնել: Այս պարագային ան հաշտ է այս դարձուածքով, ոչ մէկ զգուշացում կատարած է, այլեւ զայն անձամբ կիրարկած է ենթարկել բայի բացատրութեան մէջ: