Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

December 12, 2021
in Mobile Home, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

«Պայքար»-ի ոգիով  (5 դեկտ. 2021քթ.

 Տոքթ.     Արմենակ Եղիայեան

  1. Խմբագրական

***Վարկաբեկիչ  որակումները  հեռու են փաստերը փոխարինելու:

—Հեռու  եւ հեռանալ  հաւասարապէս կը պահանջեն բացառական հոլով խնդիր. ուրեմն  պէտք չէ ըսել փոխարինելու, այլ՝ փոխարինելէ:

Նաեւ՝ հեռու մեզմէ,  հեռու ասկէ, հեռանալ տունէն, հեռանալ  գիծէն եւ այլն:

***Խուսափեցաւ փաստերը  պարզել ժողովուրդին:

—Նոյն սխալը. խուսափիլ  իր կարգին  կը պահանջէ բացառական հոլով խնդիր եւ ոչ թէ հայցական. ուրեմն՝ սխալ է «խուսափիլ պարզել», պէտք է ըլլայ «խուսափիլ պարզելէ»:

Այս պարագային պէտք է  խուսափիլ հետեւելէ արեւելահերէնին, ուր  տրական հոլովը չէզոքացնելէ ետք՝ համատարած ձգտում կայ չէզոքացնելու նաեւ ենթակայական դերբայի բացառական հոլովը: Օրինակ՝

– Հրաժարուէ՞ր  իր զօրքի վրայ կրակողներին  պատասխանել («Ազգ»):

– Արկատիոն դադարել էր պատկանել իր ընտանիքին» (Ռ. Յովսէփեան):

***Շարունակուեցաւ փանչունիութիւնը…

—Ըմբռնելի սայթաքում մըն է, որմէ խուսափումը Օտեանի անմահ հերոսի  աւելի  թարմ յիշողութիւնը կը պահանջէր. Օտեան  մեծ  փափկանկատութեամբ  Փանջունի կոչած է իր հերոսը, կրնաք դիւրաւ գուշակել, թէ ինչո՛ւ:

***Եթէ ես գայի եւ ըսէի ժողովուրդ ջան…

—Ժողովուրդ ջան-ը մէկ կողմէ ուրիշի խօսք է, միւս կողմէ՝ կոչական:   Այլ խօսքով՝ ունինք զայն տրոհելու զոյգ պատճառներ.

«Եթէ ես գայի եւ ըսէի. “Ժողովո՛ւրդ ջան”»:

Ուրեմն տրոհեցինք իբրեւ ուրիշի խօսք, որվհետեւ այս մէկը  նախապատիւ է կոչականի հանգամանքէն  եւ ի՛նք կը խլէ կէտադրութիւնը: Այլ հարց, թէ միւսը  կը շարունակէ պահել իր կոչականի պաշտօնը:

***Լաւամարտ եւ վատամարտ

—Ճիշդ երեք անգամ կիրարկուած են ասոնք՝ ա՛յս ուղղագրութեամբ:

Առաջին հանդիպելուս մտածեցի, որ պէտք է լաւամարդ  եւ վատամարդ ըլլան ասոնք, եւ որովհետեւ  անգամ մը  եւս հանդիպեցայ նոյնին, սկսայ մտածել, թէ արդեօք իրապէս լաւամա՞րտ ուզուած է գրել, այսինքն՝  «լաւ մարտնչող եւ վատ մարտնչող»… վերջին հաշուով լաւամարդ-ը այնքան ալ չի հակադրուիր լաւամարտ-ին, եւ փոխադարձաբար:

Եւ…  ոչ յաջողեաց  ինձ գտանել զպատասխանի ուղղագոյն:

Միայն այսքանը ըսեմ, որ ժողովրդախօսակցական հայերէնի մէջ լաւամարդ եւ վատամարդ  բառերը յաճախ կը հանդիպին,  զանոնք կը գտնենք  արեւելահայ բառարաններու մէջ եւս, իսկ լաւամարտ-ին երբեք հանդիպած չեմ:

Այլ հարց,  թէ ամէն հայերէն գրող բառ հնարելու իրաւունքը ունի:

Մեղքը նախ ի՛մ վիզս, ապա… «Պայքար»-ի խորահմուտ խմբագրապետին:

  1. Ծանօթ հետքերով       

Մենք պարտինք երախտապարտ ըլլալ շատ  սիրելի Պարոյր Աղպաշեանին,  որ  մէկ-մէկ  այսպիսի հաճելի եւ ուսանելի  անակնկալներով  կը զուարթացնէ մեր   մռայլ, իմա՝ դաժան օրերը: Առանց մոռնալու «Պայքար»-ն ալ, որ իր սիրտն ու դուռը մեծահոգաբար լայն կը բանայ նման նախաձեռնութեան ընդառաջ:

***Այսօրուան անակնկալը կէտադրական  նորարարութիւն մըն է, որ իր նախընթացը չէ ունեցած… Մեսրոպ Մաշտոցէն ի  վեր. ստորրակէտ-բութի համատեղ տեղադրումն է այդ. այսպէս՝

-Երկիրն ու ժողովուրդը,՝ բացի աղէտ դառնալէն…

-Խորացնելով խաւարեալ վիճակը,՝ լիբանանցիները մղելով…

-Իր պաշտօնէն հեռացուեցաւ,՝ ընդհակառակը…

Իսկ թէ ճիշդ ի՞նչ կ’ուզուի ըսել այս նորարութեամբ  կամ թէ լեզուական  ի՞նչ կարիք կը գոհացնէ ան,− չեմ յաջողիր ըմբռնել. հաւանաբար ժամանակի կը կարօտի(մ): Եւ որովհետեւ պայմանները առատօրէն կը պարգեւեն այդ ժամանակը ըսուածը, լաւատեսութեամբ  կ’անցնիմ գործի:

***Ամէնուրե՛ք, թափթփածութիւն, անփութութիւն, անկայունութիւն…

—Այս պարագային առաջին ստորակէտը աւելորդ է, իմա՝ սխա՛լ   է. ստորակէտը համադասութիւն, իրարու վրայ գումարուող, քերականօրէն համարժէք  հասկացութիւններ կը տրոհէ, իսկ ամէնուրեք մակբայը այդպիսին չէ. ան  իրեն յաջորդող բառերուն վրայ չի գումարուիր, այլ այս անդէմ նախադասութեան մէջ կը կատարէ տեղի պարագայի պաշտօնը. սա՛պիսի բան մը՝ «ամէնուրեք թափթփածութիւն կայ…».  կարելի՞ է այստեղ ստորակէտ դնել,− ո՛չ անշուշտ:

*** Ժողովրդային պայթիւնը եւ երիտասարդական պոռթկումները

—Պայթիւն-ը եւ պոռթկում-ը անհամասեռ, ուրեմն անհամատեղելի հասկացութիւններ են. առաջինը աղմուկ  կը նշէ, երկրորդը՝ գործողութիւն մըն է:

Ասկէ բացի ժողովուրդին ունեցածը կամ ցուցաբերածը «պայթիւն», աղմուկ չէ, այլ… պայթո՛ւմ է, ճիշդ պոռթկում-ին հետ ներդաշնակ, համատեղելի ու համասեռ:

*** Անարժանապատիւներ կրնա՞ն զգաստանալ ու թօթափուիլ…

—Հարցումին առաջին առարկան ըմբռնելի է. ո՛չ, անարժանապատիւը չի կրնար զգաստանալ: Այս այսպէս ըլլալով՝ ի՞նչ պէտք է հասկնալ թօթափուիլ-ով…  ո՛ր կողմէն ալ մօտենանք՝ ան կը մնայ մութ  ու  անբացատելի, ընդհուպ… առեղծուածային:  Պէ՞տք է ենթադրել, թէ ըսել ուզուածը սթափիլ է, որ բաւական ներդաշնակ է զգաստանալ-ին հետ. «Անարժանապատիւը  կրնա՞յ զգաստանալ եւ սթափիլ»,− եւ իրօք ալ, զգաստութեան կը յաջորդէ սթափումը: Արդեօք կը շփոթե՞մ, եւ պէտք է հակառա՞կը ըլլայ… ապաւինիմ ընթերցողաց իմոց վերլուծական  մտաց կարողութեան:

***Ուղղագրական

–Նոյն տեղը կը գտնենք՝  խառնիճաղանչ եւ խառնիճաղանջ…

Արեմտահայը կը ճանչնայ  մի՛այն խառնիճաղանճ:

Ի հնումն գրուած է նաեւ խառնիճաղանջ,  սակայն ոչ մէկ տեղ կը գտնենք խառնիճաղանչ:    Չենք գտներ նոյն էջին վրայ երկու տարբեր ուղղագրութիւն կիրարկող  եւս:

–Թեժացաւ…  պէտք է ըլլայ թէժացաւ:

[email protected]

 

***Դէսից-դէնից. Ուզբեկստանի առևտրի կենտրոններից մեկում պայթյուն է տեղի ունեցել (արմէնպրես)

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

***Դէսից-դէնից. Ուզբեկստանի առևտրի կենտրոններից մեկում պայթյուն է տեղի ունեցել (արմէնպրես)

 

Previous Post

Kentucky tornadoes: Desperate search for survivors as death toll rises

Next Post

Aude Blasts Those Trying to Protect ‘Criminals’ in Port Blast Case

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.