Ֆորմիւլա 1 ինքնաշարժներու Մերսետէս ընկերութեան տնօրէն Թօթօ Վուլֆ յայտարարեց, թէ յետս կոչած է Ապու Տապիի կրան փրիի արդիւնքին դէմ բողոքը:
Մերսետէս ընկերութիւնը նախապէս պաշտօնական երկու բողոք ներկայացուցած էր անցեալ կիրակի օրուան Ապու Տապիի մէջ կայացած կրան փրիին կազմակերպիչներուն դէմ:
Սակայն երէկ, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, Մերսետէս շնորհաւորեց Ապու Տապիի կրան փրիին յաղթող Մաքս Վերսթափէնը եւ յետս կոչեց իր բողոքը: