Ամփոփելով 2021 տարեշրջանի մարզական նուաճումները, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյան յայտնեց, թէ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները տարբեր ոլորտներու մէջ նուաճած են 199 մետալ:
«Սա շատ բարձր արդիւնք է» եզրակցուց Գիլոյեան: Նախարարի տեղակալը խոստացաւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի համար նոր մարզադաշտ կառուցել յառաջիկայ տարի: Այս առիթով ան ըսաւ, թէ 2022-ին պիտի սկսին Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոցի շինարարական աշխատանքները:
Առ ի գիտութիւն մեր ընթերցողներուն, Ալպերթ Ազարեանը եղած է օղակի հետ վարժութիւններու Ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան ( 1956՝ Մելպուռն, 1960՝ Հռոմ), աշխարհի ( 1954 ,1958) , Ասիական խաղերու
(1963՝ Ինտոնեզիա) եւ Եւրոպայի ախոյեան: Իր ասպարէզին մէջ նուաճած է 45 ոսկէ, 42 արծաթ եւ 10 պրոնզէ մետալ: