Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Նոր Գործարքներու Լոյսին Տակ

December 24, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ակնարկ. Քաղաքացիներու Իրաւունքներու Պաշտպաններն Ու Քաղաքացիները Ստորացնողները

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ազրպէյճանի վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ Արցախի հայերը վաղ թէ ուշ պէտք է որոշեն իրենց հետագայ ճակատագիրը, նոր բաղադրիչներ կը պարփակէ իր մէջ:

Մինչեւ հիմա տեղի ազգաբնակչութեան ճակատագիրը որոշելու իրաւունքի մասին պաշտօնական Պաքուի ոեւէ ներկայացուցիչ նման հրապարակում չէր կատարած:

Ան նաեւ այս առիթով յիշեցուցած է, որ 44-օրեայ պատերազմով Ազրպէյճանը իր վերահսկողութեան տակ առած է 7 շրջաններն ու Շուշին եւ Հատրութը` յարակից տարածքներով:

Փորձենք կեդրոնանալ ճակատագիրի որոշման իրաւունքի տեսութեան վրայ: Նախ նկատենք, որ երբ վարչապետի մակարդակով կը կատարուի այդ յայտարարութիւնը, ատիկա կը նշանակէ պաշտօնականութիւն: Աւելի մասնակի` պաշտօնական Պաքուի տեսակէտ:

Հետեւաբար, այս յայտարարութիւնը իբրեւ շղթայի մէկ օղակ պէտք է ընկալել յատկապէս պատերազմէն վերջ կատարուող յայտարարութիւններուն: Անոնցմէ հիմնականը «արցախեան հակամարտութիւնը անցեալ է» յանկերգն է:

Հետեւինք այս տրամաբանութեան: Պաքուի համար Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութենէն դուրս չէ: Երբ «հակամարտութիւնը աւարտած է» կ՛ըսուի, կը նշանակէ, որ երաշխիք ստացած է, որ Արցախը Ազրպէյճանէն դուրս որեւէ կարգավիճակ չի ստանար:

Այդ երաշխիքը հրապարակուած չէ անշուշտ: Բայց նկատի ունենալով, որ նոր իրավիճակին հետ կապուած գործընթացները կը կրեն Անգարա -Մոսկուա համաձայնութեան ուղղորդումները, կ՛ենթադրուի, որ երաշխիքը եւս այդ պարունակին մէջ պէտք է ընկալել:

Պաքուի յայտարարութիւններու շղթային վերջին օղակը ուրեմն կը նախանշէ հետագայ քայլերու հեռանկարը: Նոր գոյավիճակ է, հետեւաբար Արցախի մէջ ապրող հայերը պէտք է որոշեն իրենց ճակատագիրը: Ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման նոր տեսք կ՛ապահովուի երեւութապէս: Ատիկա ինքնին նախկին ինքնորոշման հանրաքուէներու չեղեալ յայտարարուելուն համազօր է:

Ազրպէյճանի վարչապետը ըսել կ՛ուզէ, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ իր ճակատագիրը որոշէ: Բնականաբար պարզ չէ, որ այդ նոր հանրաքուէն ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ. «երբ»- ը կարեւոր է այս պարագային, որովհետեւ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 7-րդ կէտը կը խօսի տուժածներու վերադարձի մասին: Սկզբունքով «տուժածներ»-ը պէտք է հասկնալ երկկողմանիօրէն:

Փորձենք աւելի խորանալ աննախադէպ այս յայտարարութեան մէջ: Ճակատագիր որոշելը ո՛չ միայն վերաինքնորոշուելու մասին է, այլ նաեւ կարգավիճակի: Իսկ կարգավիճակը եւս այս պարագային անկախացում չի նշանակեր: Այսինքն` Արցախը կը ստանայ օրինակի համար մշակութային ինքնավարութիւն Ազրպէյճանի մէջ:

Հիմա յիշենք Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին կատարած յայտարարութիւնները պատերազմի սկիզբը: Արցախի մէջ էթնիք խնդիր կայ եւ այնտեղ ապրողները ենթակայ են ցեղասպանութեան վտանգին: Պարզ է ուղերձը. անհրաժեշտ են ռուսական զօրքերը` պաշտպանելու համար Արցախի ժողովուրդը:

Մոսկուան չէ վարանած յայտարարելու, որ կարգավիճակի ճշդում չէ կատարուած տակաւին. միաժամանակ Արցախը նկատած` Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: Հետեւաբար, Արցախի նոր կարգավիճակի ճշդում` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ:

Այստեղ մշակութային ինքնավարութենէն աւելի կենսական նշանակութիւն կ՛ունենայ ռուսական հոգատարութիւնը (պրոտեկտորատ), ինչ որ կարգավիճակի տեսակ է: Այս միտումի տեսանելիութիւնը աւելի կը յստականայ, երբ քաղաքական տրամաբանութեամբ դիտարկենք Մոսկուայի կատարած ներդրումները Արցախի մէջ ենթակառուցուածքներու` ճանապարհաշինութեան, եւ այդ բոլորին զուգահեռ ճիգը` դէպի Արցախ վերադարձնելու ժողովուրդը եւ բացառելու անվտանգային միջադէպերը:

Մինչեւ նոր ինքնորոշման գործողութիւն Արցախի մէջ կրնայ աշխատիլ երկքաղաքացիութեան օրէնքի կիրարկումը: Այդ պարագային Մոսկուան ստիպուած կ՛ըլլայ իր հոգատարութիւնը տարածելու ո՛չ միայն հայ ազգաբնակչութեան, այլ նաեւ իր քաղաքացիներուն վրայ:

Previous Post

Turkey is prioritizing defense relations in its foreign policy approach to Africa

Next Post

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը` Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Առիթով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.