Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը ցոլացնող պատկերը այնքան ալ պայծառ ու «վարդագոյն» չէ այս օրերուն: Փաստօրէն, Սահմանադրական խորհուրդին տուած «որոշումը» բռնկեցուց առանց այդ ալ կողմերուն լարուած տրամադրութիւնները: Լիբանանեան «Ախպար» թերթին կարծիքով` նախագահ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ «կապը խզուած է»: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ուղղուած պատգամը կը զգուշացնէր յառաջիկայի քաղաքական անբաղձալի իրադարձութիւններէն, որոնց ամէնէն «մեղմերը» կը թուին ըլլալ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի «հեռացման» գծով այդ հոսանքի միտումին մասին տեղեկութիւնները: Փոխադարձաբար, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին զգուշացումը` կացութեան օր ըստ օրէ վատթարացման գծով, նոյնպէս կը մթագնէ Լիբանանի պայծառ ապագային գծով յոյսերն ու ակնկալութիւնները: Ճիշդ է, որ նշեալ պլոքին հաղորդագրութիւնը կացութեան վատթարացման պատասխանատուութիւնը վերագրեց ամերիկեան իշխանութիւններուն, սակայն անիկա պատգամ մը կ՛ընդգրկէ նաեւ ներքին ճակատին ուղղութեամբ: Արդարեւ, իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, Հըզպալլայի ղեկավարութեան կը վերագրուի այն կարծիքը, թէ «ռազմավարական դաշինքը բաւարար չէ»: Այլ խօսքով, Հըզպալլա այդ դաշինքին տրամադրութիւնները թարգմանող առաւել արդիւնաւէտ գործակցութիւն կամ համախոհութիւն կ՛ակնկալէ քրիստոնեայ իր դաշնակիցէն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն: Սակայն երեսփոխան Պասիլի մամլոյ ասուլիսի պատգամը տարբեր հորիզոն կ՛ուրուագծէր նշեալ դաշինքի յարատեւման գծով:
Միջլիբանանեան քաղաքական յարաբերութեանց այս «ճեղքը» յարմար առիթ էր, որ միջազգային ընտանիքը «շարժի» Լիբանանի ուղղութեամբ: Այս գծով ուշագրաւ էր վերջերս Լիբանանի մէջ եւ լիբանանցի պատասխանատուներու նկատմամբ միջազգային «հետաքրքրութիւնը», որուն նորագոյն դրսեւորումն էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան այցելութիւնը: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ մանրամասնութիւն մըն էր նախանցեալ օր հարաւային Շաքրա աւանին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ֆինլանտական զօրամասին դէմ ցուցաբերուած «ընդվզումը» տեղացիներուն կողմէ: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը փութաց դատապարտել եւ վերահաստատել Լիբանանի յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գծով: Նման կեցուածք ցուցաբերած էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթի: Սակայն այս «մանր» դէպքը ունէր իր շարժառիթները: Փաստօրէն, միջազգային առնչակից մարմիններու թէ պատասխանատուներու կողմէ մէկէ աւելի առիթներով նշուած էր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու «առաքելութեան» փոփոխութեան կամ ընդլայնման անհրաժեշտութեան մասին, ինչ որ այդ ուժերուն պիտի «շնորհէր» «աչք ու ականջ» ըլլալու առաքելութիւնը հարաւային Լիբանանի եւ առհասարակ Լիբանանի մէջ: Հարաւային Լիբանանի ջրային սահմանագծումին գծով ծագումով հրեայ ամերիկացի բանագնաց պատուիրակ Հոքշթայն տրամադրութիւն յայտնած էր յետաձգելու Լիբանան իր ժամանումը, որ կը նախատեսուէր յառաջիկայ երկուշաբթի: Այս կացութեան զուգահեռ Լիբանանի մէջ դիւանագիտական «ցունամի» մը պատկերացնող խորհրդակցութիւններու շարք մը կայացաւ երէկ` հինգշաբթի, 23 դեկտեմբերին: Տօնական շնորհաւորութիւններու, հրաժեշտի թէ առեւտրական գործակցութեան «պիտակին տակ» իրականացած այդ խօսակցութիւնները կը դրսեւորէին իւրաքանչիւր դեսպանի ներկայացուցած երկրին կեցուածքը Լիբանանի նորագոյն իրադարձութիւններուն գծով: Այս ծիրին մէջ, ուշագրաւ էին, օրինակ, ամերիկեան պատուաստներու նուիրատուութենէն ու այս գծով կայացած խորհրդակցութիւններէն ետք, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ խորհրդակցութիւնները լիբանանեան ղեկավար թէ ժողովրդային տարբեր կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այլ խօսքով, միջազգային այս կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) Լիբանանի մէջ ունի հինգ գլխաւոր բաժանմունքներ (ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիր, Եու.Էն.Հապիթաթ , ՈՒՆԵՐՈՒԱ եւ այլն), որոնց պատասխանատուները կրնային Լիբանանի այժմու իրավիճակին մասին զեկուցումները ներկայացնել ընդհանուր քարտուղարին: Սակայն այս վերջինին անձնապէս ներկայութիւնը խորհրդակցութիւններուն նոյնքան կարեւոր իմաստ ունէր: Կութիերեսի հանդիպումը (իր հրաւէրով ) Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի նախկին թէ նորընտիր նախագահներ Մելհեմ Խալաֆի եւ Նատեր Գասպարի հետ անջատաբար: Զուիցերիոյ եւ Ճափոնի դեսպաններու հանդիպումները կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապիի եւ Լիբանանի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամի հետ: Ռումանիոյ դեսպան Ռատու Քաթալին Մարտարէի խորհրդակցութիւնները մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի հետ, նմանապէս` մարոնիներու Ռայի պատրիարքին խորհրդակցութիւնը երէկ երեկոյեան Արաբական դրամատուներու միջազգային միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի հետ: Տակաւին, Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարին այսօր` ուրբաթ, 24 դեկտեմբերին նախատեսուող Լիբանան այցելութիւնը: Նոյնքան ուշագրաւ հանդիպում էր` Լիբանանի մէջ պաղեստինեան մէկ կազմակերպութեան (Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդավար ճակատ) պատուիրակութեան խորհրդակցութիւնը Պէյրութի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռքէյպիի հետ: Դիւանագիտական այս խօսակցութիւնները վստահաբար իրենց անդրադարձը պիտի ունենան շրջանին մէջ նախատեսուող «կայունացման դասաւորումներուն վրայ», որոնցմէ անմասն չի կրնար մնալ նաեւ Լիբանան` սուրիացի թէ պաղեստինցի տեղահանուածներու եւ հարաւային Լիբանանի ջրային սահմանագծումներու խաղաքարտերով:
Մինչ այդ, սակայն, ամէն բան առկախ է, սպասելով յառաջիկայ տարեսկիզբին Վիեննայէն նախատեսուող ու ակնկալուող «սպիտակ ծուխին»: