Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Ֆրանսա-Ֆրանսիա, ֆրանսացի-ֆրանսիացի
Google-ին կը դիմեմ «Ֆրանսա» անունով, եւ ահա առաջին տեղեկութիւնը կ’ըլլայ այն, որ այս երկիրը «Միութենկան-մենական կիսանախագահական հանրապետութիւն է»… հասկցէ՛ք ինչ որ կ’ուզէք, ես բան մըն ալ չհասկցայ այս սահմանումէն, որուն բնաւ պէտք չունէի՝ ճանչնալու համար մեր գիտցած Ֆրանսան:
Ուրկէ-ուր սատանան դրդեց, որ բանամ նաեւ… «Ֆրանսիա». յայտնօրէն այս ինքնամեկուսացումը, որուն դատապարտուած եմ աւելի քան մէկուկէս տարիէ, դեռ շատ ապուրներ պիտի կերցնէ, եւ ես… պիտի ուտեմ զանոնք:
Ուրեմն այստեղ ալ ըսուած է, որ ան «Ունիտար կիսանախագահական հանրապետութիւն է»… ունիտար, լա՛ւ հասկնանք, եւ տրուած է անգլերէն հոմանիշն ալ՝ unitary՝ շատ աւելի սրելով շփոթս ու զառածումներս:
Այս խառնարանին մէջ դուք ձեր կարգին բան մը կը հասկնա՞ք, եթէ այո, ապա նախանձելի էք: Մարդ պէտք է Յակոբ Պալեանի խելքը ունենայ լուսաբանելու համար այս լաբիւրինթոսը, քիչ կը մնար ըսէի…ճապկումը:
Եւ այս բոլորէն ետք կարելի չէ թախիծով չմտածել, թէ որքա՜ն կեղծ ու արուեստական բաներով բաժնուած ենք իրարմէ՝ արեւելահայերն ու արեմտահայերս. մէկ կողմէ՝ Ֆրանսա–Ֆրանսիա, միւս կողմէ՝ միութենական-մենական եւ ունիտար: Եւ այս՝ եւրոպական երկրի մը ընդամէնը անուանումին առթիւ:
Ի՞նչը կ’արգիլէր, որ մէկ ու միասնական անունով կոչէինք այս այնքան ծանօթ երկրին անունն ու վարչակարգը բնորոշող բառերը, ինչպէս կը կոչենք Չինաստանինը, Զիմպապուէինն ու Մադագասկարինը:
- Եւ… և
Անյիշելի ժամանակներէ սկսած արեւելահայը գրած է և՝ միացած:
Մերոնք ըրած են նոյնը:
Այս երեւոյթը աւելի շեշտուեցաւ խորհրդային կարգերու օրով, ուր և-ը կը նկատուէր մէկ տառանշան, որ կ’արտասանուի երկու հնչիւնով, աւելի ճիշդը…երեք՝ yev: Այսպէս ալ կը ներկայանայ ան արեւելահայ ձեռնարկներու մէջ, ուր այբուբենի տառերուն թիւը կը նկատուի 40` տրուած ըլլալով որ հոն տեղ գտած է նաեւ ու-ն, որ կը հնչուի իբրեւ մէկ ձայնաւոր
Ուրեմն, ինչպէս ըսինք, մեր մէջ կացութիւնը բոլորովին տարբեր չէր, մինչեւ որ վերջին քանի մը տասնամեակներուն ձայներ բարձրացան, թէ պէտք է անջատ՝ «եւ» գրել այս շաղկապը: Միայն թէ մեր իրականութեան մէջ կը գիտակցուէր, որ և-ը անկախ տառանշան մը չէ, այլ գումարն է երկու տառերու՝ ե+ւ, եւ յարմարութեան սիրոյն է, որ կը գրուէր միացած, միւս կողմէ՝ եթէ ան կ’երեւի մեր այբուբենի ցանկին մէջ, կը կատարէ շաղկապի դերը՝ կապելով օ եւ ֆ օտարամուտ փոխառեալ տառերը մեսրոպեան մնացեալ 36 բնիկ տառերուն:
Այս այսպէս ըլլալով՝ ճիշդ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ գործօններու բերումով ասկէ քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ սկսան գրել անջատ եւ: Այո՛, գրեցին, սակայն կիսկատար բարեկարգում մը մնաց ան շատ տեսակէտներով, որոնց կ’անդրադառնանք ստորեւ:
* * *
ա) Նախ ամէնուր եւ չեն գրեր, կարելի է ըսել՝ խելքը փչողը կը գրէ եւ, չփչողը կը շարունակէ և գրել. փաստօրէն ազատ է: Եւ միայն գիտցողը գիտէ, թէ արեւելահայը ինչպէ՞ս կը վարուի ազատութեան հետ եւ ի՜նչ խաղեր կրնայ խաղալ անոր գլխուն:
Կը բաւէ թերթատել քանի մը աղբիւր՝ իսկոյն անդրադռնալու համար կացութեան:
բ) Երբ պիտի գլխագրեն այս շաղկապը, ապա և-ը կը քակուի ու կը դառնայ ԵՎ եւ ոչ թէ ԵՒ, այսինքն՝ Ւ տառը կը չքանայ կամ կը վերանայուի, կը դառնայ Վ. խնդրեմ, մի՛ հարցնէք՝ ինչո՞ւ: Եւ այս ընդհանուր երեւոյթ է, բացառութիւն չի ճանչնար :
գ) Նախադասութեան սկիզբը կը գրեն Եվ՝ Փոխանակ Եւ-ի. օրինակ՝
«Եվ կարաւանը Աբու Լալայի աղբիւրի նման մեղմ կարկաչելով…» (Աւ. Իսահակեան):
դ) Տողադարձի ատեն եւ կը դառնայ եվ. օրինակ՝ Լե-ւոն > Լե-վոն, հե-ւալ > հե-վալ, եւ այսպէս շարունակ: Այստեղ եւս ձեր ինչո՞ւ-ն պահեցէք ձեզի: Բայց թոյլ տուէք, որ ձեր փոխարէն հարցնեմ՝ ի՞նչ տրամաբանութեամբ… որովհետեւ այսքան անհեթեթութիւնը շատ է այս խեղճ լեզուին եւ ուղղագրութեան գլխուն, որոնք «հայերէն» կը կոչուին:
Այս բոլորին համար որո՞ւ պէտք է դիմել պատշաճ ու տրամաբանական պատասխան ստանալու համար,− բայց այսօր ո՞ր հարցումը իր գոհացուցիչ պատասխանը կը գտնէ յայնկոյս Արարարտի, որ այս մէկը գտնէ:
* * *
Ըստ Վիքիպեդիայի, եւ-ը 37-րդ տառն է «ժամանակակաից հայկական այբուբենի», որ ներմուծուած է միջին դարերուն ե եւ ւ տառերու համադրումով՝ որպէս կցագիր, եւ «այնուհետեւ սկսել է հանդէս գալ որպէս մէկ ամբողջութիւն»: Կը կարդաս այս բոլորը եւ կ’ապշիս, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այսքան արուեսական ու քմահաճ մեկնաբանութիւն տալ իրողութեանց:
Ո՞վ եւ ի՞նչ իրաւունքով կ’որոշէ, որ եթէ ե եւ ւ կցեալ գրուին, կը վերածուին մէկ տառի: Մենք ունեցած ենք բազմաթիւ ուրիշ զոյգեր ալ, օրինակ՝ ﬓ, ﬖ եւ այլք, որոնք կցեալ գրութիւն ունէին եւ ոչ մէկ ատեն մէկ տառ նկատուած են: Տառին բնոյթը կ’որոշուի իր արտասանութ- եամբ. Ու-ն մէկ տառ կը նկատենք, քանի մէկ հնչիւն կը նշէ, հնչիւն, որ այլ այբուբեններու, օրինակ՝ լատիներէնի, գերմաներէնի, իտալերէնի, թրքերէնի մէջ կը գրուի մէկ ու միասնական նշանագրով: Մինչ եւ կամ և միշտ եւ ամէնուր արտասանուած են իբրեւ երկու շատ որոշ տարբերակուած հնչիւններ՝ ե եւ ւ:
- Հրաչեայ Աճառեան կ’ըսէ. «Մենք ընդհանրապէս ճիշդ կը մտածենք, սակայն միշտ չէ, որ ճիշդ կը գրենք»: Այլ խօսքով՝ չի բաւեր ճիշդ մտածել, տակաւին հարկ է, որ ճիշդ արձանագրել կարենաս միտքդ: Ինչ որ միշտ չի յաջողիր: Ստորեւ խօսուն օրինակ մը մեր ամենավարժ գրող մէկ մտաւորականէն, որ «Պայքար»-ի խմբագրապետն է:
«Պէտք չէ մոռնանք որ արտաքին թշնամին քիչ անգամ կրնայ ծունկի բերել մեզ եթէ մենք ու մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը միասնական չըլլան» (թիւ 251, խմբագրական):
Ուրեմն թշնամին քիչ անգամ կը յաղթէ, եթէ…միասնական չըլլանք:
Այլ խօսքով՝ «Եթէ միասնական ըլլանք… շատ անգամ կը յաղթէ ան»:
Եւ ահա «Պայքար»-ի աշխարահայեացքին ալ հետեւելով՝ հայութիւնը այսօր, ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, բզիկ, բզիկ, բզիկ եղած է, որպէսզի… շատ անգամ յաղթէ:
Հապա՞՞՞…
Մրցոյթ 52.
***Ողորմութիւն խնդրողը մէկ անգամ կը զղջայ, իսկ չտուողը՝ ամբողջ կեանքը:
***Մէ՞ջ, թէ՞ միջեւ.
—Աղանդները ազատ կը թափանցէին հայերու, ասորիներու եւ ղպտիներու մէջ:
***Ո՞րն է աւելի ճիշդը.
ա)Ազերիները առեւանգած են սիւնեցի մը ՝ իր հինգ հարիւր ոչխարներով:
բ) Ազերիները առեւանգած են սիւնեցի մը եւ անոր հինգ հարիւր ոչխարները:
***Դուն ինչպէ՞ս պիտի շարադրէիր.
—Կեցութեան բոլոր ծախսերը կը հոգայ ուսանողը:
—Ենթական կը դիմագրաւէ առողջական բարդ հարցեր:
Ճիդ պատասխանած են՝ Գէորգ Նաթալի եազըճեան (6), Քերոբ Էքիզեան (4), Դանիէլ Թիւֆենկճեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (2), Արմէն Պաղտոյեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Համբարձում Յարթունեան (8), Վահէ Աբէլեան (4), Ալին Գարակէօզեան (9)
Մրցոյթ 53.
***Լրացո՛ւր ասոյթը.
—Ամուսնութիւնը միակ պատերազմն է, ուր մարդ կը քնանայ իր……….հետ:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրես հետեւեալները.
—Անոր կացութիւնը ինձմէ աւելի անտանելի է:
— Վիշինսքի Թեհրան ժամանած է երկու պատանդներու հարցին գծով:
*** Մէ՞ջ, թէ՞ միջեւ.
—Այս երկու լեզուներուն……….կը գտնենք դժուարահունչ բառեր:
—Այս երկու լեզուներուն……….կը գտնենք նմանահունչ բառեր: