ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 260
Արցախի 44-օրեայ ճակատամարտը եւ անոր ստեղծած բարոյահոգեբանական իրավիճակը պատճառ դարձան, որ ժամանակաւորապէս դադրեցնեմ հայ ազգային ազատագրական պայքարի փառապանծ էջերը արժեւորող յօդուածներուս շարքը:
Վերադառնանք անցեալին՝ առանց վայրկեան մ’իսկ մոռնալու Արցախի ճակատամարտէն հետեւութիւններ քաղելու՝ բոլորիս ուսերուն վրայ ինկող հրամայականը:
Հայ ազգային ազատագրական պայքարի էջերուն մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ 1903-ի դեկտեմբերը: Սովորական դէպք մը չէր պատահածը, որովհետեւ ո՛չ ան միայն ցարիզմը սարսեցուց, այլ եւ համայն Եւրոպան:
Դէպքը կամ գործողութիւնը պատմութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ՝ «Գոլիցինի հաշուեյարդարը» անունով ( Ես դէմ եղած եմ մեր վրիժառական գործողութիւնները «ահաբեկչութիւն» եզրով սահմանելու հայ պատմաբաններուն եւ մտաւորականութեան մօտեցումին: Հայ ժողովուրդը պարզապէս վրէժ լուծած է իր ջարդարարներէն): Զայն ծրագրաւորած էր Հնչակեան անմահ գործիչ Փարամազը (Մատթէոս Սարգիսեան) եւ գործադրած հնչակեան երեք անձնուրաց մարտիկներու՝ Շանթի, Փայլակի եւ Կայծակի ձեռամբ:
Կովկասի փոխարքայ Գոլիցինի ֆիզիքական հաշուեյարդարը տեղի ունեցաւ Կոճարի ճանապարհին վրայ, ցուրտ առաւօտ մը, Թիֆլիսի մէջ:
Ընթերցողը արդարօրէն պիտի հարցնէ. ի՞նչու այդ հաշուեյարդարը…
Յեղափոխական կազմակերպութիւններ ֆիզիքական հաշուեյարդարի ենթարկած են դաւաճաններ, նաեւ անհատներ, որոնց անիրաւութիւնները, կամայականութիւնները ոտնակոխած են ազգային եւ մարդկային իրաւունքներ:
«Հայութեան բարեկամ» դիմակի տակ՝ Կովկասի փոխարքայ Գոլիցին, Կովկասի ազգերուն միջեւ ազգամիջեան բախումներ հրահրելէ բացի, փորձեց հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներուն վրայ երկարել իր ձեռքը: Գոլիցին իր թաթը երկարեց մինչեւ Սուրբ Էջմիածին, Հայոց Հայրիկէն բռնութեամբ կորզելով մեր պատմական կալուածներուն բանալին: Հրահանգեց բռնագրաւել եկեղեցական գոյքերը, սահմանափակեց հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, սաստկացուց գրաքննութիւնը, սկսաւ հալածել հայ մտաւորականութիւնը, սպառնաց հայոց կաթողիկոսները զրկել «Ամենայն հայոց կաթողիկոս» տիտղոսէն:
Բաժակը յորդած էր…
Հնչակեան կուսակցութեան Կովկասի ղեկավարութիւնը անմահն Փարամազին յանձնեց իր կայացուցած որոշումին գործադրութիւնը:
Դեկտեմբերի առաջին կիրակին, առաւօտեան վաղ ժամերուն, Փարամազ եւ իր երեք ընկերները Կոճարի ճանապարհին վրայ կիսամեռ ձգեցին հայութեան դահիճ Գոլիցինը: Ցարական բժիշկներու ջանքերով ամիսներ անկողինի մէջ քամուած մնալէ ետք ցարը զինք ետ կանչեց Փեթրսպուրկ:
Դէպքը ցնցեց ցարական Ռուսաստանը: Հայութիւնը ցնծութիւն ապրեցաւ: Գոլիցինի հետապնդած հայահալած քաղաքականութիւնը ծանր հարուած մը կը ստանար:
Այսօր, Գոլիցինի հաշուեյարդարէն 119 տարի ետք, երբ այս պատմական դէպքին վերյիշումը կը կատարեմ, չեմ կրնար պաշտամունքի հասնող հիացմունքս եւ յարգանքի խօսքս չարձանագրել բոլոր անոնց, որոնք հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարեցան, նահատակուեցան: Առանց այդ արիւնոտ պայքարին, անթիւ եւ անհամար նուիրեալներուն հաւատքին, իրականութիւն պիտի չդառնար այսօրուան Հայաստանը եւ Արցախը:
Ճիշտ է սուղ վճարեց հայ ժողովուրդը իր անկախութեան համար, բայց ապրեցաւ:
Հազար փառք եւ պատիւ, բիւր յարգանք ազատութեան ճանապարհին ինկած մեր բոլոր հերոսներուն: