ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Վանայ ձայն» ռատիոկայանի ամէնէն ժողովրդային յայտարարութիւններէն մէկն է` «Անմիջական կարիքը կայ…» բառերով սկսող եւ շարունակութիւնը բոլորին ծանօթ նախադասութիւնը:
Գրեթէ օրական կը լսենք, որ անմիջական կարիքը կայ արեան այս կամ այն տեսակին` փրկելու համար հայորդիի մը կեանքը:
Բարեբախտութիւն է, որ ազգայիններ շատ արագ կ՛ընդառաջեն յայտարարութեան եւ ընդհանրապէս կը յաջողին հայորդիի մը կեանքը փրկել ստոյգ վտանգէ:
Այս յայտարարութիւնը մտածել կու տայ, որ եթէ հայորդիի մը կեանքին փրկութեան համար յայտարարութիւն կարելի է ներկայացնել, ինչո՞ւ հայորդիներու կեանքի փրկութեան համար, ամբո՛ղջ ժողովուրդի մը փրկութեան համար, նմանօրինակ յայտարարութիւն մը կարելի չէ բանաձեւել եւ օրին մէկն ալ ներկայացնել:
Իսկապէս, ի՞նչ կրնար պատահիլ, եթէ երբեք ռատիոկայանէն սփռուէր յայտարարութիւն մը, որ ըսէր` «Անմիջական կարիքը կայ հայերէն խօսողներու…»: Այո՛, բնաւ պէտք չէ զարմանալ, անմիջական կարիքը կայ հայերէն խօսողներու, անթերի եւ սահուն լեզուով մը արտայայտուողներու:
Յայտարարութեան շարունակութեան մէջ կրնայ ըսուիլ` «… կաթիլ մը հայերէնը կրնայ ժողովուրդի մը կեանքը փրկել»: Արդարեւ`
Միութիւններ կարիքը ունին ձեռնարկներու բացման խօսք արտասանողներու եւ բանախօսներու, որոնք անսխալ լեզուով մը կարենան իրենց նիւթը ներկայացնել:
Վարժարաններ կարիքը ունին ուսուցիչներու, որոնք, իրենց մասնագիտութենէն անդին` կատարեալ հայերէնով մը հաղորդակցին իրենց աշակերտներուն եւ ծնողներուն հետ:
Հաստատութիւններ կարիքը ունին նուազագոյն հայերէնի տիրապետած վաճառորդներու, որոնք կարենան հասկնալ ու հասկցուիլ իրենց յաճախորդներուն հետ:
Եկեղեցիներ կարիքը ունին խնամուած լեզուով քարոզախօսներու, որոնք հազար անգամ կրկնուած ու մաշած քարոզներէն տարբեր բան կարենան ըսել իրենց հաւատացեալներուն:
Ժողովներ կարիքը ունին ընդունելի հայերէն մը խօսող ժողովականներու, որոնք կարենան իրենց միտքերն ու առաջարկները ճիշդ ձեւով պարզել բոլորին:
Ռատիոկայաններ կարիքը ունին ճոխ բառապաշարով հայերէն խօսող հիւրերու, որոնք կարենան յայտագիր հարստացնել եւ մարդոց գաղափար ու տեսակէտ փոխանցել:
Հայ բեմը կարիքը ունի հայերէնին քաջածանօթ երգիչներու, դերասաններու եւ ասմունքի վարպետներու, որոնք կարենան բոլորին գեղարուեստական ճաշակը գոհացնել:
Կրնանք շարքը երկարել: Բայց ի՞նչ օգուտ: Կարիքը չի դադրիր կարիք ըլլալէ:
«Անմիջական կարիքը կայ…» ամէնո՛ւր, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, ուր տաբատն ու փէշը իրենց տեղը զիջած են շալվարին եւ եուբկային, շապիկն ու վերնաշապիկը` մայքային եւ սարոչկային, գուլպան եւ պայուսակը` նասկիին ու սումքային:
Կրնայ առարկուիլ, որ հայերէն խօսող կայ, ի՞նչն է հարցը:
Խօսող կայ, այո՛, բայց չխօսող աւելի կայ:
Անմիջական կարիքը կայ հայերէն լեզուամտածողութեամբ խօսք ու նախադասութիւն արտասանողներու, այլապէս` արաբերէն, ռուսերէն, անգլերէն, թրքերէն թէ եւրոպական այսինչ կամ այնինչ մտածողութեամբ կիսատ-պռատ հայերէնով արտայայտուողներ շատ կան:
Բայց անոնք հայերէն կը ջարդեն եւ ոչ թէ կը խօսին:
Կրնային խօսիլ, եթէ ուզէին կամ կարենային հայերէն խօսիլ:
Եթէ չեն ուզեր խօսիլ` մէկ հարց, իսկ եթէ կ՛ուզեն խօսիլ, բայց չեն կրնար` երկրորդ եւ աւելի մեծ հարց:
Հայերէն խօսելու համար նախ պէտք է հայերէն լսել եւ հայերէն կարդալ:
Վիճակագրութիւն կատարելու կարիքը չկայ, գիտնալու համար, որ այսօր մեր տուներուն, գործատեղիներուն եւ ինքնաշարժներուն մէջ որքա՞ն հայերէն կը լսենք եւ որքա՞ն` օտար երգ ու երաժշտութիւն, խօսք ու յայտագիր:
Նոյնը կարելի է ըսել ընթերցանութեան մասին: Այսօր որքա՞ն հայերէն կը կարդանք մեր առօրեային մէջ: Քանի՞ թերթ կամ գիրք աչքէ կ՛անցընենք տարուան մը ընթացքին:
Տակաւին, հարց չենք տար, որ մեր զաւակներուն եւ թոռներուն քանի՞ տոկոսը հայկական վարժարան կը յաճախէ, որպէսզի հայերէն լսէ, հայերէն կարդայ եւ լսելէն ու կարդալէն ետք` հայերէն խօսի. ճիշդ եւ անաղարտ հայերէն:
Այսօր, երբ նոյնիսկ մեծ պետութիւններ իրենց ժողովուրդներուն կոչ կ՛ուղղեն` տէր կանգնելու իրենց ազգային լեզուին: Երբ այդ կոչին կարիքը կը զգացուի պետական կեանքի բոլոր բարիքները վայելող ժողովուրդներու համար, ալ ո՜ւր մնացինք մենք:
Մեր պարագային շատ աւելի անհրաժեշտ է լեզուի պահպանումը, ո՛չ միայն խօսակցական մակարդակով, այլ` շատ աւելի լայն հասկացողութեամբ, իր բառամթերքով, լեզուամտածողութեամբ, քերականութեամբ եւ ուղղագրութեամբ:
Ի վերջոյ, պէտք է ընդունիլ, որ երբ ժողովուրդ մը լեզուի մէջ կը նահանջէ, ամէն բանի մէջ կը նահանջէ: Այսօր այբը մոռցողը, վաղը բենն ալ կը մոռնայ, մանաւանդ… երբ հաշտուի մոռնալու գաղափարին հետ:
Մայրենի լեզուին հանդէպ յարգանք կը պահանջուի բոլորէն, որովհետեւ պայքարը, զոր սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ կը մղենք մեր այլասերման դէմ, համազգային նկարագիր ունի եւ կենաց մահու խնդիր է բոլորիս համար:
Եթէ իւրաքանչիւր հայ գիտակցի այս իրողութեան, ապահով կրնանք ըլլալ մեր ապագայէն, այլապէս հարցը շատ աւելի ծանրակշիռ է` քան ռատիոկայանի սովորական յայտարարութիւն մը, որ կը սկսի «Անմիջական կարիքը կայ…» խօսքերով եւ կ՛աւարտի կեանք մը փրկելու կոչով: