Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Միջազգային տէրութիւններու հետ բանակցութիւնները 2015-ի համաձայնութեան վերակենդանացման ուղղութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեցին» ըսաւ  Խաթիպզատէ

February 22, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Iran Says Ready to Continue Nuclear Talks, Rejects ‘Blame Game’

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարեց. «Միջազգային տէրութիւններու հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները 2015-ի համաձայնութեան վերակենդանացման ուղղութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեցին»: Ան նաեւ յայտնեց, որ «պատժամիջոցներու ջնջումը կարեւոր հարց է, եւ սկիզբէն ի վեր կը հետապնդենք զայն բանակցութիւններուն, որոնց մէջ վերջերս յստակ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ»:

«Մենք կը պահանջենք ջնջել տնտեսական պատժամիջոցները, որոնք կը հակասեն համաձայնութեան, եւ ատկէ զիջում չկայ», ըսաւ Խաթիպզատէ` աւելցնելով. «Իսրայէլ կը ջանայ անհիմն պնդումներով խոչընդոտել Վիեննայի մէջ բանակցութիւնները»:

«Ուաշինկթընի` մեզի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու պահանջը քաղաքական նպատակներ իրագործելու համար ցուցադրական քայլ է», ըսաւ ան:

Խաթիպզատէ նաեւ յայտարարեց, որ «Վիեննայի մէջ որեւէ բանի շուրջ համաձայնութիւն պիտի չըլլայ, նախքան ամէն բանի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը»` շեշտելով. «Կը սպասենք, որ Ուաշինկթընն ու եւրոպական եռեակը Վիեննայի մէջ որոշումներ տան, եւ մինչեւ օրս այդ առնչութեամբ կամք չտեսանք»:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան նախապէս «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած էր. «Մենք Վիեննայի բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ շատ լաւատես ենք»:

«Իրանեան նոր վարչակազմին մօտ հակառակ կողմին հետ լաւ գործարք մը գոյացնելու լուրջ կամք գոյութիւն ունի», նշած էր ան:

«Երբեք Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ գործարք գոյացնելուն այսքան մօտ չենք եղած», յայտարարեց ան` շեշտելով. «Եթէ կարգ մը հարցեր լուծուին, կրնանք քանի մը ժամէն կամ քանի մը օրէն համաձայնութեան հասնիլ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Թեհրան պատրաստ է Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցելու»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերով յատուկ բանագնաց Միխայիլ Պոկտանով երէկ «Վալտայ» ակումբին կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարելու:

Previous Post

Փութին եւ Փաշինեան քննարկեցին Արցախի եւ Ուքրանիոյ վերաբերող հարցեր

Next Post

Պաքու Հայաստանի քաղաքական  գործիչները  եւս հետապնդումի պիտի  ենթարկէ…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.