Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց 2022-ի յունուար ամսուան իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ յունուար ամսուան ընթացքին սպառողական ապրանքներու սակերը 7,69 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2021-ի յունուար ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 8,06 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 8,08 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 7,22 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 6,60 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 6,96 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 8,05 առ հարիւր:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ 2022-ի յունուար ամսուան սպառողական իրերու սակերուն ցուցանիշը 239.69 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2021-ի յունուար ամսուան: