Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարաց խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 18 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատած է Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կատարած ապահովական տեսակարար գործողութիւնը, որ նուաճում կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ անիկա կասեցուցած է Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործուելիք սպանդները, որոնք մեծ թիւով զոհեր կրնային խլել:
Հալապի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի կառավարութեան ներկայացուցած է Միւնիխի խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան արդիւնքները:
Հալապի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ աղբահանումի մասին յստակ եւ ամբողջական ծրագիր մը:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը սպասէ ելեկտրական մարզի ռազմավարութեան վերաբերող բարեփոխումներուն, որոնք այսօր նախարարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին:
Հալապի յայտնեց, որ եթէ այդ բարեփոխումներուն լոյսին տակ այսօր համախոհութիւն գոյանայ, ապա մօտիկ ապագային նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարուի կառավարութեան նիստ մը: