Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը սկզբունքով համաձայն է ելեկտրականութեան ծրագիրին գործադրութեան, պայմանով որ յանձնառութիւն յայտնուի օրէնքը գործադրելու եւ ելեկտրականութեան մարզին աշխատանքները անմիջապէս կարգաւորելու, յատկապէս ինչ կը վերաբերի սոյն մարզին կարգաւորման խորհուրդի կազմութեան եւ անոր անդամներուն ճշդումին` հիմնուելով միջազգային չափանիշներու վրայ:
Հալապի յայտնեց նաեւ, որ պէտք է կազմել նաեւ նախարարական յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման կանոնագիրի ստուգումը կատարել:
Հալապի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մատակարարման սակի բարձրացումը պիտի կատարուի, երբ քաղաքացին սկսի օրական դրութեամբ 8-10 ժամ ելեկտրական հոսանք ստանալ:
Ան աւելցուց, որ սահմանափակ եկամուտ ունեցող եւ ամսական դրութեամբ 500 քիլոուաթ ելեկտրականութենէն աւելի չսպառող քաղաքացիներուն պարագան նկատի պիտի առնուի:
«Նախարարաց խորհուրդը յանձնառու կը մնայ աստիճանաբար փոփոխութեան ենթարկել ելեկտրականութեան սակը` նկատի ունենալով ծառայութեան բարելաւման հոլովոյթը», ըսաւ Հալապի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կը պահանջէ նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարման ծառայութեան համար կատարուելիք վճարումներու գանձումի մը գործիքակազմը ճշդել:
Հալապի նշեց, որ կառավարութիւնը ճշդեց գումար մը, որով կարելի պիտի ըլլայ 50 հազար թոն ներածուած ցորեն գնել, ըստ կարիքի:
Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը Ահմետ Համտանը, Խալիլ Խուրին եւ Նասիմ Խուրին նշանակած է Երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող խորհուրդի անդամներ:
Նիստէն ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ այսօրուան նուաճումը շինիչ է` աւելցնելով, որ լաւատեսութեան հիմքը այն է, որ կարելի է Միջազգային դրամատան հետ բանակցութիւնները ամբողջացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ ելեկտրական հոսանքի մատակարարման ժամերը աւելցնելու ծառայութիւնը ֆինանսաւորել:
Իր կարգին, աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ շեշտեց, որ ելեկտրական հոսանքի մատակարարման ժամերը չբարելաւուած ելեկտրականութեան ծառայութեան սակի բարձրացում պիտի չարձանագրուի:
Ան անդրադարձաւ նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող քուէարկողներուն համար մեկասենթըրներու ստեղծման` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթի հաստատած է, որ այդ մասին ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի պատրաստած ծրագիրը քննարկումի առարկայ պիտի դառնայ կառավարութեան յաջորդ նիստին:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին Պայրամ զարմանք յայտնեց Ուքրանիոյ պատերազմին վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համար, որ կը հակադրուի Լիբանանի որդեգրած չէզոքութեան սկզբունքին:
Այս մասին նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի ոչինչ յայտարարեցին նիստին ընթացքին, իսկ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ըսաւ. «Ես փամփշտակալ կը կրեմ, այդ հաղորդագրութեան գծով միայն իմ ուղղութեամբս կրակեցէ՛ք»: