ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Խորհրդարանը 2 Մարտին պիտի քննարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն օրակարգը:
Արմէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն հրաժարեցաւ 30 Յունուարին: Դիմումէն եօթը օր ետք Արմէն Սարգսեանի լիազօրութիւնները դադրեցան Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրեց բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատրեանը: Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները թեկնածու չեն առաջադրած՝ յայտարարելով, որ պիտի չմասնակցին նախագահի ընտրութեան:
Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ նախագահը պէտք է ներդաշնակ աշխատի կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան հետ՝ նշելով, որ «իշխանութեան թեւերը ոչ թէ մէկը միւսին պէտք է հակադրուեն, այլ՝ լրացնեն»:
Առաջին փուլով ընտրուելու համար թեկնածուն առնուազն 81 պատգամաւորի քուէ պէտք է ստանայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իշխող խմբակցութիւնը ընդդիմութեան կարիքը ունի այդ փուլին նախագահ ընտրելու համար։ Սակայն ընտրութեան երկրորդ եւ երրորդ փուլեր կան, որոնց ընթացքին իշխող խմբակցութիւնը ընտրութեան համար կրնայ ապահովել անհրաժեշտ ձայները: