Երեքշաբթի 1 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Հայ Կաթողիկէ Ս․ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան այցելեց վաստակաշատ գրող ու հրապարակագիր, Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան։
Դոկտ. Ճէպէճեան նախ ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանիս Մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանի հետ, ապա ան հանդիպեցաւ նախակրթարանի երկրորդէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, ու անոնց հետ ունեցաւ հաճելի ու մտերմիկ զրոյց մը։ Հանդիպման աւարտին, ան աշակերտներուն նուիրեց վերջերս հայերէն լեզուով հրատարակուած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը։