ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 1 Մարտին Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրեց:
Քննարկուեցան Արցախի դիմաց ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող հարցեր։
Ճշդուեցան նաեւ յառաջիկայ քայլերն ու ծրագիրները: