ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ բուռն կերպով կը դատապարտէ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը եւ Ռուսիայէն կը պահանջէ «Ուքրանիոյ դէմ ուժի կիրարկումը անմիջապէս դադրեցնել»:
Բանաձեւը որդեգրուեցաւ 141 թեր, 5 դէմ եւ 35 ձեռնպահ քուէներով: Դէմ քուէարկող երկիրներն էին Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Հիւսիսային Քորէան, Էրիթրիան եւ Սուրիան: Հայաստանը եւ Չինաստանը ձեռնպահ քուէարկող երկիրներու շարքին էին: