Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2022-ին, Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան: Ան տնօրէնութեան եւ առաքինազարդ քոյրերուն հետ տեսակցելէ ետք, հանդիպում մը ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն հետ: Դոկտ. Հրայր քաջալերեց աշակերտները, որ հպարտ զգան յատկապէս այս վարժարանը յաճախելով: Ինք՝ որպէս վարժարանի նախկին ծնող, երախտապարտ է Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի կրթական եւ հոգեւոր դաստիարակութեան, ապա Դոկտ. Ճէպէճեան ներկայացուց վերջերս իր նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով լոյս տեսած «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ` կեանքի մեծ հարցումներ փոքրիկ ընթերցողներու համար» հայերէն լեզուով գիրքը: Խանդավառ մթնոլոտի մէջ մտերմիկ զրոյցէ ետք, գիրքերը բաժնուեցան աշակերտներուն եւ յիշատակութեան նկարով աւարտեցաւ այս արդիւնաւոր հանդիպումը: