Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյէն Լիբանան ժամանած բժիշկները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ`իբրեւ մեկնարկ իրենց առաքելութեան

March 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Ֆրեզնոյէն Լիբանան ժամանած բժիշկները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ`իբրեւ մեկնարկ իրենց առաքելութեան

Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Լիբանան գտնուող Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, երէկ` կիրակի, 6 մարտի առաւօտեան մասնակցեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառին հետ: Նոյն օրը երեկոյեան անոնք ծանօթացման ընթրիք ունեցան լիբանանահայութեան հոգեւոր, պետական, ընկերային ծառայութեան մարզի եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ: (Այս մասին աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնայ «Ազդակ» իր յառաջիկայ թիւով):

Արամ Ա. կաթողիկոս մեծապէս գնահատեց Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` շեշտելով, որ բժշկութիւնը նաեւ կոչում է, որ մարդուն հետ կը ծնի եւ կը նպաստէ մարդոց կեանքի բարելաւման, զանոնք առողջ եւ յուսալի պահելու: Ան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող դժուար կացութեան մասին` դիտել տալով, որ դեղորայքի չգոյութիւնը կամ անտանելի սղութիւնը, առողջապահական համակարգին մէջ տիրող անել վիճակը բժշկուելու կարելիութենէն զրկած են շատեր, ուստի այս առաքելութեամբ Լիբանան ուղղուած բժիշկները լաւագոյնս կրնան ծառայել լիբանանահայութեան: Խօսք առին նաեւ տոքթ. Էլի Թաշճեանն ու Պերճ Աբգարեանը, որոնք անդրադարձան այս նախաձեռնութեան տուն տուող պատճառներուն, ընդհանրապէս առաքելութեան, յատկապէս Լիբանանի մէջ իրականացուելիք աշխատանքին: Անոնք դիտել տուին, որ բժիշկներուն Լիբանանի մէջ ծառայութիւն մատուցելը նաեւ ընդառաջում է Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի տարուան» ծիրին մէջ ուղղուած կոչին` կողք-կողքի ըլլալու եւ միասնաբար աշխատելու սփիւռքի լինելիութեան համար:

Նշենք, որ այսօր` երկուշաբթի, 7 մարտին, բժիշկները արդէն իսկ պիտի սկսին իրենց ծառայութեան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, անոնք իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն նաեւ երեքշաբթի, 8 եւ չորեքշաբթի, 9 մարտին, իսկ ուրբաթ, 10 մարտին նոյն նպատակով պիտի մեկնին Այնճար:

Previous Post

NATO or Moscow? Bulgaria torn between Russia and the West

Next Post

Turkey Committing War Crimes and Crimes against Humanity – Again

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.