ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Յարգելի’ ընկերուհիներ
Ճիշդ է, որ 8 մարտին կը զուգադիպի Կիներու միջազգային օրը, սակայն անիկա, իմ համոզումովս, տկար խորհրդանիշ մըն է։ Խորհրդանիշ մը, որ միայն այդ օրուան ընթացքին աշխարհը կը փորձէ զբաղեցնել կնոջ կարեւորութեամբ, կնոջ իրաւունքներով եւ կնոջ դերակատարութեամբ։
Անցաւ 8 մարտը։ Վե՞րջ։
Հաստատ ոչ սիրելիներ։ Կինը օրական դրութեամբ պէտք է արժեւորել եւ կարեւորել, որովհետեւ ան օրական դրութեամբ նուաճումներ կը գործէ իր կեանքին մէջ՝ հասնելով բոլորին. ընտանիք, գործ, ասպարէզ, տուն, անձնական կեանք, ընկերային շրջանակ, համայնքի ծառայութիւն եւ այլն։
Հետեւաբար, կիներու կարեւորութիւնը օրական դրութեամբ կ’արտացոլայ մեր կեանքին մէջ տարբեր ձեւերով եւ տարբեր դէմքերու ընդմէջէն։ Կնոջ պատկերը կ’արտացոլայ մօր, քրոջ, կողակիցին, աղջնակին, աշակերտին, ուսանողին, սկաուտին, մարզիկին, ուսուցչուհիին, տնօրէնուհիին, գործավարին, քարտուղարուհիին, ընկերային ծառայողին, բժշկուհիին, ատամնաբուժին, բուժքոյրին, դեղագործին, իրաւաբանին, հոգեբանին, արուեստագիտուհիին, զինուորականին, գործընկերուհիին, համալսարանի դասախօսին, ուսումնասիրողին, գրագիտուհիին, պետական պաշտօնեային, հաշուապահին եւ այլ պաշտօններ ու արհեստներ զբաղեցնող կնոջ կերպարներով։
Այս բոլորը կը հաշուեմ ըսելու համար, որ կինը ամէնուր է եւ ամէն վայրկեան ընելիք ունի այս կեանքին մէջ եւ ան իբրեւ էութիւն հաւասար է տղամարդուն։ Հաւասար է ոչ միայն իրաւունքներուն իմաստով, այլ նաեւ պարտաւորութիւններով։
Հաւասարութեան այս գաղափարին վրայ հիմնուելով կ’ուզեմ ընդգծել յաջող կին մը ըլլալու յատկանիշները։
Հաստատեմ, որ յաջող կին մը ըլլալը չի տարբերիր յաջող մարդ արարած ըլլալու իրականութենէն, իսկ յաջող մարդ արարածը կ’ըլլայ այն անհատը, որ դաստիարակուած է, մարդկային արժէքներ իւրացուցած, սորված ու զարգացած, արհեստի մը տիրապետած, ասպարէզ մը ընտրած ու անոր մէջ հմտացած, իրագործումներ ու նուաճումներ արձանագրած, ինքնաբաւ դարձած, հարստացած, եւ տեղ մը իր կեանքին մէջ մարդկութեան ծառայութիւն մատուցած։
Այս բոլորը ուրեմն կը վերաբերին նաեւ կնոջ։
Յաջողած կինը նաեւ այն մայրն է, որ կը հիմնէ լաւ ընտանիքը, հետեւաբար իր զաւակներուն դաստիարակութեամբ է, որ կ’օժանդակէ հիմնելու առողջ հասարակութիւն մը, որուն իւրաքանչիւր անդամը կը գիտակցի մարդկային իր շնորհքին եւ մարդկօրէն կ’ապրի իր կեանքը։ Նկատի ունենալով նաեւ այս հանգամանքը, ապա կինը պէտք է զբաղեցնէ այդ հասարակութեան կեանքը ղեկավարող պատասխանատու դիրքերը։
Կեանքի շարունակականութիւնը ապահովելու կողքին կինը նաեւ հոգի է, սիրտ է, զգացում է եւ միտք։ Հետեւաբար անկարելի է ընդունիլ այն վարկածը, որ կինը լոկ տեսք է կամ արտաքին երեւոյթ մը, որ ենթակայ է թէ՛ գնահատանքի, եւ թէ քննադատութեան։
Հոս կ’ուզեմ խօսիլ որոշ կարծրատիպերու մասին, որոնք պէտք է վերանան մեր կեանքէն։ Կարելի չէ սակայն կրաւորականութեամբ սպասել անոնց վերացումը հետեւաբար պէտք է աշխատիլ փշրելու համար զանոնք, որպէսզի կարելի ըլլայ հիմնել աւելի արդար ընկերութիւն մը։
Այդ կարծրատիպերէն ամէնէն քարացած մտածողութիւնը այն է, թէ կին արարածը պէտք է մայրանայ, իր տան հոգ տանի ու իր կեանքին մեծ մասը խոհանոցին մէջ անցընէ։
Սիրելիներ, 21-րդ դարուն անկարելի է ընդունիլ այս մտածելակերպին շարունակութիւնը։ Նման կարծրատիպ մը ընդունիլ կը նշանակէ սահմանափակել կնոջ կարողութիւնները եւ սպաննել զայն՝ կաղապարելով անոր միտքն ու հոգին։
Եթէ կինը միտք է, ապա ան լաւ գիտէ ինչպէս դասաւորել իր կեանքը։ Ի՛նչ ալ ըլլայ անոր առօրեան, ան գիտէ աշխատիլ ու գործել եւ խնդիրներ լուծել։
Կինը համբերութիւն է։ Ան դժուարութիւններուն տոկալու ու յոյսով առաջնորդուելու բացառիկ կարողութիւն ունի եւ իբրեւ այդպիսին կրնայ լաւ հասկնալ իր շրջանակն ու անոր հարցերուն բերել բարւօք լուծումներ։
Այս կը նշանակէ, թէ կինը պէտք է զբաղեցնէ նաեւ պատասխանատու պաշտօններ, որպէսզի կարենայ մաս կազմել հարցեր լուծելու, աշխատանք կազմակերպելու, եւ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու նպատակով տրուած որոշումներուն։
Ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուելու կնոջ պատկերը պարզ պէտք է ըլլայ մեր բոլորին համար։ Իւրաքանչիւր կնոջ իրաւունքն է զարգացնել իր կարողութիւնները, կերտել իր նկարագիրը, շահիլ փորձառութիւն, ապահովել վստահութիւն եւ ինքզինք պատկերացնել պատասխանատու դիրքի վրայ, որովհետեւ անիկա իր իրաւունքն է, որովհետեւ արդարութիւնը այս է։
Պէտք չէ առիթ տալ կամ արտօնել, որ կնոջ դերակատարութիւնը ըլլայ սահմանափակ եւ առաջնորդուի՝ կարծրատիպ դարձած յղացքներով։ Այս բոլորը սակայն ոսկեայ ափսէի վրայ չեն մատուցուիր, այլ՝ աշխատանքով կը ստացուին եւ պատասխանատու պաշտօններու արժանի դառնալով կ’իրականացուին։
Խօսելով յաջող կնոջ յատկանիշներուն մասին, պէտք է հաստատել, որ յաջող կինը գաղափարներ կը քննարկէ, լուծումներ կը ստեղծագործէ եւ գործնական ծրագիրներ կ’իրագործէ։ Հետեւաբար յաջող կինը չի բամբասեր՝ ընդհանրապէս, եւ այլ կիներու մասին՝ յատկապէս։ Ընդհակառակն՝ ան առաջինն է, որ նեցուկ կը կանգնի այլ կնոջ մը, երբ անոր դիմաց պատասխանատուութիւններ ստանձնելու առիթներ կը ծագին։
Կայ նաեւ այլ կարծրատիպ մը, որ արական սեռին կողմէ չէ հաստատուած, այլ իգական սեռին։ Այդ կարծրատիպը կ’ըսէ, որ երկու կիներ չեն կրնար համաձայնիլ։ Անկարելի է ընդունիլ այս գաղափարը, որ ինքնին կը թունաւորէ համատեղ աշխատելու կարելիութիւնը եւ զարգանալու ու յառաջդիմելու առիթները։ Ընդհակառակն՝ կիները կը համաձայնին եւ կը յաջողցնեն որեւէ տեսակի աշխատանք։
Յաջող կինը ան է, որ խոհեմ է եւ համբերութեամբ ու երկարաշունչ աշխատանքով կրնայ հասնիլ այն նպատակներուն, որ ինք անձամբ ստեղծած է, եւ կամ կերտել այն երազը, որ հաւաքականութեան մը զարգացումը կ’ապահովէ։
Սիրելի ընկերուհիներ, Լիբանանը միշտ ալ եղած է խոցելի, սակայն ան 2019-էն ի վեր, կը դիմագրաւէ տնտեսական ու ելեւմտական խիստ տագնապ մը, որուն հետեւանքները մենք կը զգանք մեր առօրեային մէջ։
Ժողովուրդին մեծ մասը տիրող այս կացութենէն տուժած է, եւ մարդիկ հազիւ իրենց ապրուստը կրնան կամ չեն կրնար ապահովել։ «Քորոնա»-ի համաճարակը աւելի եւս կը բարդացնէ մեր կեանքը։
Կնոջ դերակատարութիւնը այս փուլին տոկալ է։ Իր անկոտրում կամքով՝ դիմադրել դժուարութիւններուն, տագնապին աւարտելուն մասին՝ յոյս ներշնչել, կենարար հոգւով համակել իր ընտանիքին կեանքը, ասպարէզը եւ իր գտնուած իւրաքանչիւր վայրը։
Կինը չի կրնար ընկրկիլ։ Կենսատու իր բնոյթով ան կը պայքարի մինչեւ իր վերջին շունչը եւ անպայման իր, անմիջական ընտանիքին ու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ իր շրջանակին ու ընկերութեան մէջ կը ձգէ իր զօրութեան հետքերը։
Սեռերու խտրութեան դէմ պայքարը կը շարունակուի եւ կը յաղթահարուի համբերութեամբ, տոկունութեամբ, ինքնավստահութեամբ եւ յարատեւ աշխատանքով։
Շնորհակալութիւն ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, որ ընծայեց այս առիթը՝ միտքերս բաժնելու շրջանի ընկերուհիներուն հետ, որոնք տարիներ շարունակ համակ նուիրում ու ծառայութիւն եղած են մեր ժողովուրդին։
Բոլորիդ վարձքը կատար։