ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա Ուքրանիա ուղարկած է սուրիացի զինեալներ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած էին Հայաստանի հետ հակամարտութեան մասնակցելէ ետք։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»ին յայտնեց սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւր մը։
«Թուրքիա Սուրիայէն աւելի քան 2 հազար զինեալներ ուղարկած էր Լեռնային Ղարաբաղ՝ մասնակցելու Հայաստանի դէմ 2020ին զինուորական գործողութիւններուն, եւ այդ զինեալներուն մեծ մասը զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ետք մնացած էր այնտեղ։ Թուրքիա զինեալները Ղարաբաղէն ուղարկած է Ուքրանիա՝ ուքրանական բանակին կողքին հակամարտութեան մասնակցելու համար», նշեց աղբիւրը։
Ըստ անոր՝ Լեռնային Ղարաբաղէն Ուքրանիա մեկնած զինեալները մաս կազմած են ուքրանական իշխանութիւններու կողմէ ստեղծուած օտարերկրեայ լեգէոնի կազմին մէջ։
Ըստ կարգ մը րատուամիջոցներու՝ 2020ին, թրքական հետախուզութիւնը Արցախ ուղարկած էր շուրջ 2.5 հազար զինեալներ, որոնցմէ 300ը մահացած են, մէկ մասը վերադարձած է Սուրիա։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շուրջ հազար զինեալներ մնացած էին։