Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի փոխտնօրէն Իկոր Ժովքվա յայտարարեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ուղղակի երկխօսութեան»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Ուքրանիան Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին դիմած է` Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ հանդիպում կազմակերպելու համար: Ժովքվան գերմանական «Թակեսխաու» պատկերասփիւռի յայտագիրին ըսած է. «Միակ լուրջ բանակցութիւնները, որոնք կրնան կատարուիլ ռուսերուն հետ, կարելի պիտի ըլլան նախագահական մակարդակով: Իմ նախագահս ատոր պատրաստ է: Միջազգային գործընկերները պէտք է մեզի օգնեն այդպիսի հանդիպում կազմակերպելու: Մենք նման հանդիպում կազմակերպելու համար կը խօսինք Գերմանիոյ վարչապետին հետ»:
«Ուքրանիան պատրաստ է քննարկելու չէզոքութեան մասին Ռուսիոյ պահանջը, եթէ անվտանգութեան երաշխիքներ տրուին, սակայն ոչ մէկ թիզ տարածք պիտի յանձնէ», ընդգծեց Ժովքվա:
Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտալիաք իր կարգին ըսաւ, որ անվտանգութեան երաշխիքներու պարագային Քիեւ պիտի քննարկէ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութենէն հրաժարելու հարցը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիան հետաքրքրուած է Ուքրանիոյ հետ լուրջ բանակցութիւններու «կարելի եղածին չափ շուտ» կայացումով` նշելով, որ ատիկա կախեալ է Քիեւի պատրաստակամութենէն:
Զելենսքի նախքան այդ յայտնած էր, որ պիտի շարունակէ աշխատանքը Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններու 4-րդ փուլի կայացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ խոստացաւ, որ «Քիեւ ամէն բան պիտի ընէ այսօր մարդասիրական միջանցքներու աշխատանքը երաշխաւորելու համար»` շեշտելով «Ռուսիոյ հետ կապեր փնտռող ուքրանացի քաղաքագէտներու դէմ քայլերու որդեգրումը»:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Ուքրանիոյ եւ Տոնպասի երկու հանրապետութիւններուն մէջ կացութեան մարդասիրական ոլորտին, եւ Փութին Գերմանիոյ վարչապետը տեղեակ պահած է «Ուքրանիոյ մէջ ազգայնականներուն` քաղաքայիններու անվտանգ հեռացումը արգիլելու փորձերէն»:
Քրեմլինը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շուլցի հետ եւ անոր հետ քննարկած «Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական ու դիւանագիտական ջանքերու ընտրանքները, մասնաւորաբար Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւններու 3-րդ փուլին արդիւնքները»:
Ռուսիոյ իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութիւնը յայտարարեց. «Կառավարական յանձնախումբը համաձայն գտնուեցաւ պետականացնելու հաշիւներն ու կալուածները այն օտար ընկերութիւններուն, որոնք երկրէն կը հեռանան»:
Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է պատժամիջոցներ հաստատել Ռուսիոյ 14 մեծ գործարարներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ խորհուրդի անդամներուն դէմ:
«Պատժամիջոցներ կը սահմանուին 14 սակաւապետներու եւ մեծ գործարարներու դէմ, որոնք կը մասնակցին տնտեսութեան առանցքային ոլորտներուն եւ զգալի մուտքեր կ՛ապահովեն Ռուսիոյ համար…», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Խօսքը կը վերաբերի այնպիսի ոլորտներու, ինչպիսիք են մետաղագործութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, դեղագործութիւնը, հեռահաղորդակցութիւնը, թուային ոլորտը: Բացի ատկէ, պատժամիջոցներ կը հաստատուին Դաշնակցային խորհուրդի 146 անդամներուն դէմ, որոնք հաստատած են Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան հետ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրները:
Անհատական պատժամիջոցներ հաստատուած են 862 անձերու եւ 53 կազմակերպութիւններու դէմ: Անոնց կ՛արգիլուի մեկնիլ Եւրոպական Միութիւն, ինչպէս նաեւ կը սառեցուին Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ անոնց բոլոր հաշիւները:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները փաստացի տնտեսական պատերազմ կը վարեն Ռուսիոյ դէմ: Անոր համաձայն, որպէսզի տնտեսական պատերազմին մէջ յաղթէ, Ռուսիան պէտք է ընէ իր շահերէն բխող ամէն բան:
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Բրիտանիան կը քննարկէ Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան բրիտանական համակարգեր տրամադրելու կարելիութիւնը: Խօսքը «Թալես» ընկերութեան արտադրած «Սթարսթրիք» շարժական հակաօդային հրթիռի մասին է, զոր փոխադրելու, սպասարկելու եւ արձակելու համար ընդամէնը մէկ զինուոր պէտք է:
«Ես կողմնակից եմ, որ Ուքրանիան պիտի կարենայ օգտագործել իր գերիշխան օդային տարածքը եւ արդիւնաւէտ զինուորական գործողութիւններով հակազդել ռուսերու զանգուածային ներխուժման, հրետանիին, որ առանց խտրականութեան այդ երկրին մէջ սպանդ եւ աւեր կը տարածէ: Մենք պէտք է հզօրացնենք Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութիւնը», խորհրդարանին մէջ ըսած է Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուոլըս:
Նշենք, որ Բրիտանիան` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ, վերջերս մերժած էր Ուքրանիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու Քիեւի խնդրանքը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ի օդանաւեր Լեհաստանի օդային տարածքէն` ի շահ ուքրանական բանակին հետախուզական գործողութիւններ կը կատարեն` աւելցնելով, որ ուքրանական պատերազմական օդանաւեր Ռումանիա մեկնած են եւ չեն մասնակցիր ճակատամարտներուն:
Փենթակոն երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Լեհաստանի մէջ հակաօդային պաշտպանութեան երկու համակարգեր տեղակայած են:
Մինչ այդ, երէկ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Աբխազիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է Տոնպասի երկու հանրապետութիւններուն հետ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Բոլոր անոնք, որոնք բանակցութիւններուն կը մասնակցին, կը գիտակցին, թէ կռիւներու վերջ տալու գնդակը Զելենսքիի դաշտին մէջ է եւ անոր կը մնայ որոշել, եթէ կ՛ուզէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պայմանները ընդունիլ, թէ կը մերժէ, ինչ որ Ուքրանիոյ քանդումին պիտի յանգեցնէ»: