Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ ուքրանական կողմին հետ բանակցութիւններուն մէջ դրական փոփոխութիւններ կան: Ան այդ մասին յայտնեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Ես, անշուշտ, ձեզ պիտի տեղեկացնեմ նաեւ Ուքրանիոյ հարցին մէջ տիրող կացութեան մասին, նախ եւ առաջ` ինչպէ՞ս կ’ընթանան բանակցութիւնները, որոնք հիմա գրեթէ ամէն օր տեղի կ’ունենան: Ինչպէս ինծի զեկուցած են մեր բանակցողները, որոշակի դրական տեղաշարժեր կան: Ես այդ բոլորին մասին աւելի մանրամասն պիտի պատմեմ», ըսաւ Փութին:
Անդրադառնալով արեւմտեան երկիրներուն կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցներուն` Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ Մոսկուայի եւ Մինսքի զարգացումը սահմանափակելու փորձեր միշտ ձեռնարկուած են, սակայն ռուսերն ու պիելոռուսերը միշտ յաջողած են յաղթահարել այդ խոչընդոտները:
«Խորհրդային Միութիւնը ապրած է պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ, զարգացած է եւ հսկայական յաջողութիւններու հասած… Նոյնիսկ 90-ականներէն ետք, Խորհրդային Միութենէն մնացած պատժամիջոցները պահուած են Ռուսիոյ դէմ եւ անցած արդէն նոր ու նորագոյն ժամանակներ», նշեց Փութին:
Անոր համաձայն` պատժամիջոցները տնտեսական ու ճարտարագիտական գերիշխանութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւններ կու տան:
Լուքաշենքօ իր կարգին յայտարարեց, որ Ուքրանիան կը պատրաստուէր Պիելոռուսիոյ վրայ յարձակելու: «Եթէ 6 ժամուան ընթացքին 4 դիրքերու կանխարգելիչ հարուածներ չհասցուէին, անոնք պիտի յարձակէին ռուս եւ պիելոռուս զինուորներու վրայ, որոնք ռազմափորձեր կ’ընէին: Ճիշդ այս իսկ պատճառով ալ մենք չենք շղթայազերծած այս պատերազմը, մեր խիղճը հանգիստ է», ըսաւ Լուքաշենքօ:
Ան յայտարարեց, որ օտարերկրեայ վարձկանները Պիելոռուսիոյ սահմանի երկայնքին մինչեւ Չեռնոպիլի հիւլէական կայան կ’երկարին: Պիելոռուսիոյ նախագահը պատժամիջոցները «պարզապէս խոզութիւն» եւ «կարելիութիւններու ժամանակ» կոչեց:
Ան առաջարկեց Մոսկուայի մէջ հաւաքուիլ ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի ձեւաչափով` քննարկելու համար այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ այդ պայմաններուն մէջ: Ան համոզում յայտնեց, որ տարեվերջին մարդիկ պիտի մոռնան Ուքրանիոյ տագնապը:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի նշեց. «Մենք կը կռուինք ռուսական բանակին դէմ, որ կը նախատեսէր, որ մեր ուժերը անձնատուր ըլլան, եւ փողոցներուն մէջ վարդերով դիմաւորուի»: Ան աւելցուց. «Կարելի չէ նախատեսել, որ մեր հողերը ազատագրելու համար որքա՛ն ժամանակի պիտի կարօտինք, սակայն աւելի կարեւորը յամառ թշնամիին դէմ յաղթանակն է»:
«Ռուսիան աշխատանք կը տանի Ուքրանիոյ մէջ տեղակայելու վարձկաններ այնպիսի երկիրներէ, որոնք նպաստած են անոր քանդումին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թշնամին Հալէպի մէջ գործեց այն, ինչ այժմ կը գործէ Մարիուփոլի եւ ուքրանական այլ քաղաքներու մէջ»:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Փութին համաձայնած է Ուքրանիա կամաւորներ ուղարկելուն: «Եթէ տեսնենք մարդիկ, որոնք կ’ուզեն կամաւոր կերպով, առաւել եւս` ոչ դրամի դիմաց, մեկնիլ եւ օգնել Տոնպասի բնակիչներուն, ոչինչ, պէտք է ընդառաջել եւ անոնց օգնել մարտի դաշտ հասնելու», յայտարարած է Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներու հետ հանդիպման ընթացքին` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ, ուքրանական վարչակարգի արեւմտեան հովանաւորները չեն թաքցներ` անոնք ատիկա կ’ընեն բացայայտ կերպով` արհամարհելով միջազգային իրաւունքի բոլոր արժեչափերը»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը երէկ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմիլ ուզող կամաւորներու մեծագոյն թիւը Միջին Արեւելքէն է: «Արդէն 16 հազար դիմում ունինք», ըսած է Շոյկու:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ երէկ Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովի բացման ընթացքին յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ տագնապը պէտք չէ Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ պատերազմի վերածուի»:
«Ի հարկէ, մենք Ռուսիոյ վրայ աննախադէպ պատժամիջոցներ հաստատած ենք: Ոչ ոք կ’ուզէր այդ պատժամիջոցները հաստատել: Այդ պատժամիջոցները սուղ պիտի արժեն ամբողջ աշխարհին վրայ, ներառեալ այն երկիրները, որոնք զանոնք հաստատած են», աւելցուց ան:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ Վերսայի պալատին մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու ժողովէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը պատմական վտանգաւոր շրջադարձ է: Եւրոպացիները յստակ ու միասնակամ են ռուսական յարձակումի դատապարտման մէջ: Մենք Ռուսիոյ վրայ աննախադէպ ու շատ արագ պատժամիջոցներ հաստատեցինք, եւ բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են»:
«Ուքրանիոյ յղեցինք այն պատգամը, թէ դէպի Եւրոպական Միութիւն երթը բաց է, եւ ան այս միութեան մէկ մասն է», ըսաւ Մաքրոն` նշելով. «Մենք Ուքրանիոյ պիտի օգնենք վերակառուցելու այն, ինչ որ Ռուսիան քանդեց»:
«Մենք Ափրիկէի մէջ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին պատճառով սով կը նախատեսենք», յայտնեց Ֆրանսայի նախագահը` ընդգծելով. «Եթէ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական վատ գործողութիւնները շարունակուին, Մոսկուայի դէմ աւելի մեծ ու խիստ պատժամիջոցներ պիտի հաստատենք»:
Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Տոնպասի ուժերը գրաւած են Ուքրանիոյ Վոլնովախա քաղաքը: