Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն համար բաղձալի չէ, որ Դիմադրութիւնը շարունակէ Լիբանանի մէջ մնալ եւ դիմադրել սիոնական գոյացութեան, ինչպէս նաեւ արգիլել շրջանին մէջ Իսրայէլի թշնամական ծրագիրներուն գործադրութիւնը:
Ռաատ նշեց, որ անոնք հաստատ կերպով պիտի մտածեն Դիմադրութեան թեւը ոլորել եւ ստիպել զայն` հրաժարելու իր ընտրանքներէն:
Ռաատ դիտել տուաւ, որ անոնք փորձած են Դիմադրութիւնը իր միջավայրէն անջատել, սակայն ձախողած են: «Անոնք փորձած են Դիմադրութեան շրջանակին մէջ երկփեղկումի սերմեր աճեցնել` ձախողութեան մատնուած են: Փորձած են Դիմադրութեան դաշնակիցներուն վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի իրենց այդ ընտրանքէն հեռանան` դարձեալ ձախողած են: Անոնք պատժամիջոցներ պարտադրած են նաեւ Դիմադրութեան դաշնակիցներուն վրայ, սակայն ձախողած են», ըսաւ ան:
Ռաատ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ այլ կերպ չեն կրցած գտնել` բացի բոլոր լիբանանցներուն վրայ ճնշում բանեցնելէ, որպէսզի անոնք տարբեր վայրերու, համայնքներու եւ յարանուանութիւններու մօտ ստեղծեն մթնոլորտ մը` Դիմադրութեան դէմ լիբանանցիներուն միջեւ սադրանք նախապատրաստելու նպատակով: «Սակայն անոնք այս նպատակին նոյնիսկ չկրցան յանգիլ», ըսաւ ան:
Ռաատ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ հասած է այն աստիճանի, որ սկսած է քանդել երկրին հաստատութիւնները, յատկապէս` երբ գիտենք, որ տնտեսական յաջող հաստատութիւններ չկան, դրամատուները չեն գործեր եւ դրամատնային համակարգը փլուզման սեմին կը գտնուի: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: «Կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանգներ տնտեսական իր խստագոյն ճնշումը կը բանեցնէ Լիբանանի վրայ, մինչեւ որ ան անձնատուր ըլլայ», շեշտեց ան:
Ռաատ նկատել տուաւ, որ թշնամին կը փափաքի, որ իրենք անձնատուութեան ընտրանքին դիմեն` աւելցնելով սակայն, որ իրենք կ՛ընտրեն տոկալ եւ պայքարիլ ու դիմադրել, հանդուրժել ու գոյատեւել: «Ուրեմն այս երկու ընտրանքները հակադիր են, հետեւաբար անոնցմէ մէկն է միայն, որ յաղթական դուրս պիտի գայ: Մեր գրաւը մեր ժողովուրդին հաւատքին եւ համբերութեան վրայ դրած ենք, եւ այդ իրականութիւնը մեզի կը մղէ լաւատես ըլլալու, թէ վերջաւորութեան մենք պիտի յաղթենք», հաստատեց ան:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն անդրադառնալով` Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութեան հակառակորդներուն ծրագիրը Դիմադրութեան ապազինումն է: «Տակաւին կայ նոր եղանակ մը, որ անամօթաբար կը մեկնաբանուի իբրեւ «Ո՛չ իրանեան բռնագրաւումին» երգ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք քաջ գիտեն ամերիկացի զինուորականներուն թիւը, որոնք կը տեղափոխուին Համաթի, Ռայաքի եւ Աուքարի դեսպանատան միջեւ: «Ամերիկացի զինուորականներուն թիւը շատ աւելի մեծ է, քան Լիբանանի մէջ պաշտօնական կեցութեան արտօնութիւն ունեցող իրանցի քաղաքացիներուն թիւը», եզրափակեց Ռաատ: