Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ճ. Պուչիքեան. «լիբանանեան սննդեղէնին որոշ համեմատութեան արտածումը արգիլելու նպատակն է զսպել հիմնական սննդեղէնի արտածումը»

March 16, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Ճ. Պուչիքեան. «լիբանանեան սննդեղէնին որոշ համեմատութեան արտածումը արգիլելու նպատակն է զսպել հիմնական սննդեղէնի արտածումը»

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախարարութեան եւ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան հետ` ներկայութեամբ ընկերակցութեան փոխնախագահներ Զիատ Պաքտաշի եւ Ժորժ Նասրաուիի եւ այլ պատասխանատուներուն:

Հանդիպումին նպատակն էր ճշդել գործիքակազմ մը, որուն համաձայն կը գործադրուի Լիբանանի մէջ արտադրուող սննդեղէնի արտածումը` ճարտարարուեստի նախարարին տալիք արտօնութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ պաշտպանել սննդեղէնի ապահովութիւնը` տեղական շուկային համար ապահովելով այն հիմնական սննդեղէնն ու հում նիւթերը, որոնք անհրաժեշտ են, իսկ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը պիտի ջանայ դիւրացնել արտածումները` սերտելէ ետք համաշխարհային եւ տեղական շուկային պայմանները:

Հանդիպումին մասնակիցները որոշեցին ժողովները բաց պահել, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան սննդեղէնի արտածումին վերաբերող գործառնութիւնները համադրել:

Նշենք, որ նախարար Պուչիքեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան սննդեղէնի որոշ համեմատութեան արտածումը արգիլելու նպատակն է զսպել հիմնական սննդեղէնի եւ հում նիւթերու արտածումը:

Այս որոշումին շրջագիծին մէջ, Ճ. Պուչիքեան անդրադարձաւ երեք օր առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գրաւուած 7300 կալոն բուսական ձէթին, որ պատրաստուած էր արտածումի:

Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարը հաստատեց, որ սակերը հակակշռելու իմաստով դժուարութիւն գոյութիւն ունի` նկատել տալով, որ այդ առումով եւս հանդիպումներ պիտի ունենայ ճարտարարուեստի մարզի եւ հանրախանութներու սեփականատէրերուն հետ:

Նախարար Պուչիքեան շեշտեց, որ նախարարութեան տուած որոշումներն ու որդեգրած դասաւորումները տակաւին սկզբնական վիճակի մէջ կը գտնուին եւ որեւէ ատեն կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ` նկատի առած տագնապին սրումը: «Կրնայ կացութիւնը հասնիլ նաեւ այն աստիճանի, որ նախարարութիւնը պահանջէ որոշ արտադրութիւններու կասեցումը, որպէսզի կարենայ հում նիւթ խնայել` հիմնական արտադրութիւնները շարունակելու համար», ըսաւ Ճ. Պուչիքեան:

Ան նկատել տուաւ, որ արգիլած են կորեկ պարունակող գարեջուրի տեսակի մը արտածումը, որպէսզի կորեկի պահեստը երաշխաւորեն: «Արգիլեցինք նաեւ շաքար պարունակող գինիի տեսակի մը արտածումը եւ արտօնեցինք այն տեսակը, որ միայն խաղողի վրայ հիմնուած է, որպէսզի ապահովենք շաքարի գոյութիւնը», ըսաւ ան:

Ճ. Պուչիքեան ընդգծեց, որ սննդեղէնի արտածումը կը դիւրացնեն այն պահուն, երբ իրենց համար յստակ ըլլայ, թէ լիբանանեան շուկային մէջ 3-4 ամսուան համար բաւարարող հում նիւթի գոյութիւն ունի: «Արտածումի արտօնութեան պահանջները կը հասնին ուղղակի իմ գրասենեակս եւ անոնք մէկ ժամուան ընթացքին կ՛որոշուին: Ցարդ արտածումի 127 արտօնութիւն շնորհած եմ», աւելցուց ան:

Previous Post

Միայն, թէ Պեռլինը չմոռնանք

Next Post

Պասիլ. «մեզի պիտի չկարենան ջնջել, եւ Ազգային ազատ հոսանքը շրջափակումէ պիտի փրկենք»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.