Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Հանդիպումին յաջորդած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ապտոլլահեան յայտնած է, որ մէկ օր առաջ երկարատեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ ու վերջինիս ուղերձը յանձնած է Լաւրովին:
«Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը խնդրեց պարոն Լաւրովին յայտնեմ, որ Ուքրանիան հանդէս կու գայ պատերազմը դադրեցնելու եւ քաղաքական կարգաւորման վրայ կեդրոնանալու օգտին», ըսած է ան:
Ապտոլլահեան նշած է, որ Իրան դէմ է պատերազմին, ինչպէս նաեւ միակողմանի սահմանուած պատժամիջոցներուն: