ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինֆօ».- Քաղաքացիական հասարակութեան շարք մը կազմակերպութիւններ զեկոյց ներկայացուցին ՄԱԿին՝ Արցախեան 44օրեայ պատերազմին վարձկաններու օգտագործման վերաբերեալ:
Ըստ «Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ–Հայաստան»ի հաղորդագրութեան՝ հետեւելով ՄԱԿի Վարձկաններու օգտագործման հարցերու աշխատանքային խումբի առաջարկին, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան խումբ մը կազմակերպութիւններ մշակած եւ համապարփակ զեկոյց ներկայացուցած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ 2020ի Արցախեան 44օրեայ պատերազմին վարձկաններու օգտագործման վերաբերեալ:
Այս զեկոյցը մշակուած է շարք մը հետազօտութիւններու, որոնց կարգին խումբ մը իրաւապաշտպաններու կողմէ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք տարուած դաշտային աշխատանքներու ծիրին մէջ ձեռք բերուած ապացոյցներու հիման վրայ:
Ներկայացուած ապացոյցները կը վկայեն, որ սուրիացի վարձկանները Թուրքիոյ կողմէ հաւաքագրուած եւ տեղափոխուած են Ատրպէյճան՝ արցախահայութեան դէմ կռուելու համար, եւ անոնք մարտական գործողութիւններուն մասնակցած են՝ նիւթական շահագրգռուածութենէ մեկնած, ինչ որ Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է: Այս բոլոր ապացոյցները փաստագրուած են «Մարդու իրաւունքների խախտումներն Արցախեան 44օրեայ պատերազմի ժամանակ» փաստահաւաք զեկոյցին մէջ, որ պատրաստուած է քաղաքացիական հասարակութեան խումբ մը կազմակերպութիւններու կողմէ:
ՄԱԿի աշխատանքային խումբին ներկայացուած զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վարձկաններուն զոհ դարձած են թէ՛ հայ զինուորներ եւ թէ խաղաղ բնակիչներ, որոնց կարգին՝ տարեցներ, որոնք չեն կրցած հեռանալ մարտական գործողութիւններու վայրերէն:
«Արմէնաֆոբիայի եւ հայերի դէմ ատելութիւն տարածելու պաշտօնական Բաքուի քաղաքականութիւնը գործնականում բացառում է Ադրբեջանի կողմից վարձկանների կիրառման հետեւանքով տուժածների իրաւունքների պաշտպանութեան համար միջոցներ փնտռելու բոլոր հեռանկարները», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
Կազմակերպութիւնները կոչ կ՛ուղղեն ՄԱԿի համապատասխան կառոյցներուն՝ հետաքննելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ վարձկաններու հաւաքագրման եւ տեղակայման փաստերը թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի, թէ՛ այլ հակամարտութիւններու պարունակին մէջ, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ կիրարկելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի այն բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք ներգրաւուած են սուրիացի վարձկաններու հաւաքագրման, տեղակայման ծրագրաւորման եւ իրականացման մէջ:
Քաղաքացիական հասարակութեան անդամները նաեւ առաջարկեցին զեկոյցին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնը փոխանցել Միջազգային քրէական դատարանին՝ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, նաեւ վարձկաններ բերած այլ երկիրներ պատասխանատուութեան եւ արդարադատութեան կանչելու համար:
Ներկայացուցիչները նաեւ մտահոգիչ նկատեցին ՄԱԿի աշխատանքային խումբին կողմէ Ատրպէյճանի կեղծ պնդումները կառոյցի յայտարարութեան մէջ զետեղելու փաստը եւ ընդգծեցին, որ երկու կողմերուն միջեւ հաւասարութեան նշան դնելով՝ տուեալ կառոյցը եւ միւս միջազգային կազմակերպութիւնները աւելի կը խորացնեն անպատժելիութեան մթնոլորտը եւ կը սահմանափակեն զոհերուն համար փոխհատուցման հնարաւորութիւնները:
Զեկոյցը պատրաստեցին եւ ներկայացուցին «Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ–Հայաստան»ը, Հելսինկեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակը, «Իրաւունքների պաշտպանութիւն առանց սահմանների» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Թրենսփերընսի ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ կեդրոնը, Հանրային լրագրութեան ակումբը, Իրաւունքի պաշտպանութեան եւ զարգացման հիմնարկը, «Գլոբալիզացիայի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոն»ը եւ «Յանուն հաւասար իրաւունքների» կազմակերպութիւնը: