Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան եւ աշխատանքը համադրելու կարեւորութիւնը` պաշտպանելու համար շրջանին հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը:
Նախագահ Աուն Լազարոյին մաղթեց յաջողութիւն` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իր յանձնառութեան: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները կը սպառնան հարաւային Լիբանանի կայունութեան:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Լազարօ հաստատեց, որ ինք նախանձախնդիր է լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ գործակցութեան պահպանումին եւ ամրապնդումին` շեշտելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Աքքարի երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյն, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու Աքքարի կարիքները:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց Շուֆի կարիքները:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին փոխվարչապետ Զէյնա Աքըրը: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ընտրական իրադարձութիւնները: