ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց ՄԱԿին` Ատրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումը Շուշիի մէջ կազմակերպելու` Պաքուի որոշումը:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը յայտնէ, որ ասիկա Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է, որ ուղղուած է Արցախի նկատմամբ իր յարձակողականութեան արդիւնքներու օրինականացման` փորձելով այդ գործընթացին մէջ ներգրաւել եւ օգտագործել նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ զանազան կառոյցներ:
«ՄԱԿի ներկայացուցիչների մասնակցութիւնը Ադրբեջանի ագրեսիայի եւ հայատեացութեան գլխաւոր թիրախներից մէկը հանդիսացող բնակավայրում կազմակերպուող միջոցառմանը հակասում է միջազգային այս կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնադրոյթներին, գաղափարախօսութեանն ու առաքելութեանը եւ, անկասկած, օգտագործուելու է Ադրբեջանի կողմից իր մարդատեաց եւ ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) քաղաքականութեան լեգիտիմացման (օրինականացման) նպատակով: Սա նաեւ լուրջ հարուած է ՄԱԿ-ի հեղինակութեանը, ինչը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ կազմակերպութեան աշխատանքների արդիւնաւէտութեան վրայ», յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսած էր, որ ՄԱԿ-ին` Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը պիտի նշուի «ազատագրուած Շուշիի մէջ, ուր պիտի ծածանի ՄԱԿ-ի դրօշը, եւ նախաձեռնութեան պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի կառոյցներու պաշտօնական ներկայացուցիչներ»։
Մինչ այդ, 18 մարտին, ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 30ամեակին նուիրուած միջոցառման Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ հայերուն համարկումը Պաքուի հիմնական առաջնահերթութիւններէն է։
«Քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ անոնց (հայերու) իրաւահաւասարութիւնը կը հանդիսանայ գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը», յայտնեց ատրպէյճանցի պաշտօնեան: