ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգները եւ Իրան կը մօտենան 2015-ին կնքուած հիւլէական համապարփակ ծրագիրի վերակենդանացման շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան գոյացման, յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
«Մենք հաւանական համաձայնութեան մը շատ մօտ ենք, սակայն տակաւին հոն չհասանք», ըսաւ Փրայս` աւելցնելով. «Կը կարծենք, որ մնացած հարցերը կարելի է լուծել»: