Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարին հարցով ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնի ներկայացուցած առաջարկը:
Հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան պետերը կոչ ուղղեցին Միացեալ Նահանգներուն շարունակելու իր միջնորդութիւնը` ծովային սահմանագծումին իմաստով Իսրայէլի հետ ընթացող անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ:
Իշխանութեան պետերը ամերիկացի միջնորդին կոչ ուղղեցին գործելու Լիբանանի գերագոյն շահերն ու շրջանին կայունութիւնը պահպանելու շրջագիծին մէջ:
Անոնք հաստատեցին, որ այս թղթածրարը ազգային թղթածրար է եւ պէտք է զայն հեռու պահել տարակարծութիւններէ եւ յաւելաբանութիւններէ:
Երկուքուկէս ժամուան հանդիպումէն ետք նախագահական պալատի տնօրէն Անթուան Շքէյր յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ներկաները քննարկեցին Հոքշթայնի առաջարկը, ինչպէս նաեւ այդ առաջարկին մեկնաբանութիւններն ու անոր վերաբերող դիտողութիւնները` միացեալ կեցուածքի մը յանգելու նպատակով:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին` ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան դէմ մղուող արշաւը, որ յատկապէս սաստկացած է անցնող օրերուն, եւ այն տարաձայնութիւնները, թէ նախագահութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ դրամատուներուն դէմ որդեգրուած որոշումներուն, անհիմն են եւ անճիշդ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան եւ կարգ մը դրամատուներու պատասխանատուներուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն մասին գրուած յօդուածները հեքիաթներ են եւ կը միտին այս զուտ դատական բնոյթի թղթածրարը քաղաքականացնել, երեւակայական պայքարներ ստեղծել եւ ի վերջոյ զայն 15 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապել:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը օր մը օրանց դատական իշխանութիւններու աշխատանքներուն միջամուխ չէ դարձած, այլ` յարգած անոր աշխատանքի անկախութիւնը:
- ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութիւնը երկուշաբթի, 21 եւ երեքշաբթի, 22 մարտին փակ պիտի պահէ դրամատուներուն դռները: Դրամատուներու միութիւնը կը հաստատէ, որ այս գործադուլը ուղղուած է դրամատուներուն դէմ 14 մարտէն ի վեր դատական իշխանութիւններուն արձակած որոշումներուն դէմ:
- «ՄՔԱԹԹԱՖ» լումայափոխութեան ընկերութեան սեփականատէր Միշել Մքաթթաֆ մահացաւ սրտի տագնապի հետեւանքով: