Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Վատիկանի մէջ, նախագահ Աուն. «չենք փափաքիր, որ Լիբանան շրջանային հարցերուն սակը վճարէ»

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Լիբանան պիտի այցելեմ` վերընձիւղելու համար յոյսը»

March 22, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Pope Tells Aoun Lebanon has ‘Special Place in His Prayers’

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

Պապին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն պապը վերստին հրաւիրեց Լիբանան` ընդգծելով, որ Լիբանան դժուար փուլէ մը կ՛անցնի, սակայն վստահաբար յաղթական դուրս պիտի գայ այդ տագնապէն` իր զաւակներուն հաւաքական կամքին ուժով:

«Չենք փափաքիր, որ Լիբանան շրջանային հարցերուն սակը վճարէ, եւ ան ձեր աղօթքներով եւ գուրգուրանքով, ինչպէս նաեւ ոտքի կանգնելու իր զաւակներուն վճռականութեամբ իր ճակատագիրին չէ ձգուած», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, Ֆրանչիսկոս պապը հաստատեց, որ Լիբանան իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ իր աղօթքներուն եւ հետաքրքրութիւններուն մէջ` շեշտելով, որ ինք պիտի այցելէ Լիբանան` վերընձիւղելու համար յոյսը:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փեթրօ Փարոլինի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ ժամանակն է արդէն, որ բոլորը համոզուին, թէ Լիբանան պէտք է վերադառնայ մերձեցումի կամուրջ մը ըլլալու իր դերակատարութեան, որովհետեւ Լիբանան տագնապներու աղբիւր չէ:

Ան նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւն ունի իր պարտականութիւնները կատարելու եւ պաշտպանելու Լիբանանը, որ բոլորին վկայութեամբ արժէք է:

Կարտինալ Փարոլին իր կարգին նշեց, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը կը նպաստէ շրջանի կայունութեան` աւելցնելով, որ իրենք բազմաթիւ պատճառներ ունին զօրակցելու Լիբանանին:

«Մեծ ուշադրութեամբ կարդացի այն յուշագիրը, որ յանձնած էիք Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Կալակերին, եւ մեր կարգին կը շեշտենք, որ Լիբանան պէտք է մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան երկիր», յայտնեց Փարոլին:

Նշենք, որ նախանցեալ օր նախագահ Աուն հասաւ Հռոմ, ուր ընդունուեցաւ պապական նուիրակ Ֆրանչիսկոս Քանալինիի, Վատիկանի արարողակարգային հարցերու պատասխանատուին, Վատիկանի դիւանագիտական հարցերու խորհրդական Քարմելլօ Ֆիքարայի, Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազենի եւ Հռոմի մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահերի կողմէ:

Նախագահ Աուն օդակայանի հիւրասրահին մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն:

Ան շեշտեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին պիտի փոխանցէ լիբանանցիներուն կողմէ սիրոյ պատգամ մը, ինչպէս նաեւ զայն դարձեալ պիտի հրաւիրէ Լիբանան:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնէութիւնը վտանգուած չէ, ինչպէս ոմանք կը փորձեն պատկերացնել: «Այդ պատճառով ալ Լիբանան կը նկատուի քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններու, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու մերձեցման կեդրոն մը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Մայրերու օրուան առիթով նախագահ Աուն կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Սրտագին շնորհաւորութիւններս` լիբանանցի մայրերուն: Դուք սիրոյ լաւագոյն եւ մնայուն օրինակն էք, անսահման ծառայութեան մշտական ներկայացուցիչները` ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները: Ձեր օրինակով եւ իտէալով ապաքինած Լիբանանը պիտի ըլլայ կեանքի արժանի»:

Previous Post

Լաւրով եւ Պայրամով քննարկած են եռակողմ յայտարարութիւններուն գործադրութիւնը

Next Post

Միքաթի. «կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները վերահաստատելու»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.