ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովը 22 Մարտի հրատապ նիստին քննարկեց Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի հարցը: Մէկուկէս ժամ տեւած դռնփակ քննարկումներէն ետք, իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ պիտի չմասնակցին ատրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան եւ անոր իբրեւ արդիւնք ստեղծուած մարդասիրական աղէտը դատապարտող յայտարարութեան նախագիծի քուէարկութեան:
Իշխող խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան վարման կարգով յայտարարեց, որ նախագիծին մէջ նշուած կէտերուն համաձայն են, ապա փորձեց բացատրել, թէ ինչո՛ւ, հակառակ ատոր, կ՛արգիլեն ընդդիմութեան հեղինակած յայտարարութեան ընդունումը:
«Մենք կիսում ենք այդ դիրքորոշումները, որոնք արտայայտուած են այստեղ, աւելին ասեմ` թէ՛ Հայաստանի վարչապետի, թէ՛ արտաքին գործերի նախարարութեան եւ կառավարութեան բոլոր համապատասխան օղակների, թէ՛ խորհրդարանական դիւանագիտութեան մեզ հասանելի գործիքակազմով մենք ամէնօրեայ դրութեամբ հասցէագրում եւ զբաղւում ենք այս բոլոր հարցերով, որոնք դուք այստեղ ներկայցրել ենք` մարդասիրական հարցերով, ռազմագերիների վերադարձի հարցով, գազամատակարարման հարցով, բոլոր օղակներում մենք գետնի վրայ եւ միջազգային կառոյցներում օգտագործում ենք բոլոր դիւանագիտական գործիքակազմի մէջ գտնուող գործիքները, որպէսզի բոլոր այդ հարցերը լուծենք: Այս հարցի ժամանակը այդ գործիքակազմը օգտագործելու գուցէ ինչ-որ պահի կը գայ, եւ մենք միասին կը քննարկենք եւ կ՛ընդունենք», իրենց մերժողական կեցուածքը փորձեց արդարացնել ան:
Միայն ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն 30 թեր քուէները բաւարար չեղան նախագիծը ընդունելու համար: Նիստի աւարտին իշխանական պատգամաւորները մերժեցին պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն:
Նախագիծի հիմնական զեկուցող, «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան ըսաւ, որ իշխանութեան դիրքորոշման իրական պատճառը այն էր, որ անոնք աւելի մեղմ ձեւակերպումներու կողմնակից էին. «Իշխանութիւնը փորձում է հայկական շահի մէջ իր չտեղաւորելը հիմնաւորել փափուկ ձեւակերպումներով, որը, ըստ իրենց, նպատակ ունի որոշակիօրէն կանխելու հնարաւոր այլ լարուածութեան փուլերը»:
Հակառակ անոր որ կառավարութենէն իբրեւ յարակից զեկուցողներ ներկայացած էին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միզրոյեան, ինչպէս պահանջած էր ընդդիմութիւնը, սակայն «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ զիրենք հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանները չստացան, աւելի՛ն` ընդդիմութեան համար անհասկնալի էր, թէ ինչո՛ւ նիստը փակ գումարուեցաւ:
Ընդդիմադիր Տիգրան Աբրահամեան փակ ձեւաչափով հարցում-պատասխանէն ստացաւ այն տպաւորութիւնը, որ իշխանութիւնները ստեղծուած ճգնաժամը լուծելու համար որեւէ լուրջ ծրագիր չունին. «Մենք ունենք երկու խնդիր` առաջինը` հասկանալու, թէ ինչ է բանակցւում առհասարակ գազատարի շուրջ, որովհետեւ նաեւ կան բազմաթիւ վարկածներ, որ ադրբեջանական կողմն այդ ահաբեկչութեան միջոցով փորձում է ճնշում գործադրել եւ դրա դիմաց ստանալ այլ զիջումներ Հայաստանից կամ Արցախից կամ երկուսը միասին: Երկրորդ խնդիրն է հասկանալ, թէ հնարաւոր այլ ճգնաժամերի պարագայում, իսկ ճգնաժամերի հաւանակութիւնն այսօր շատ մեծ է, քննարկուել են բոլոր հնարաւոր բոլոր այն խոցելի ուղղութիւնները, որը կարող է Ադրբեջանն օգտագործել եւ նոր ճգնաժամ հրահրել, որի մասին, բնականաբար, ես հրապարակային չեմ խօսի: Եւ կարեւոր էր հասկանալ` կառավարութիւնը, իշխանութիւնն ունի՞ գործիքակազմ, կատարե՞լ է ռիսկերի (վտանգներու) հաշուարկ, որպէսզի հետագայում կարողանայ այդ ռիսկերը որեւէ ձեւով կառավարել, այս դէպքում այն է, որ իշխանութիւնը չունի միջոցառումների եւ գործողութիւնների ցանկ, որը ենթադրում է այս կամ այն ճգնաժամի դէպքում Արցախում ապրող մեր հայրենակիցների բեռը թեթեւացնելու կամ նրանց ուղղուող սպառնալիքները չէզոքացնելու ուղղութեամբ»:
Ընդդիմադիրները այս յայտարարութեան ընդունումը կարեւոր կը նկատէին նաեւ այն պատճառով, որ Արցախի մէջ 21 Մարտին արդէն երկրորդ անգամ խափանուեցաւ կազամատակարարումը: Արցախի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ առաջին խանգարումէն ետք ատրպէյճանական կողմը իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքով անցնող խողովակի վրայ փական դրած է: