ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն մենք եւս ռմբակոծուեցանք Ուքրիանիոյ մէջ ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուած անմեղներու տառապանքները ներկայացնող պատկերներով` տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ: Ասոնց շարքին ընկերային ցանցերուն վրայ տեսանք նաեւ Լվովի 13-րդ դարուն կառուցուած հայկական մայր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող խաչելութեան արձանը ապահով պահեստանոց փոխադրելու ջանքերը ցոյց տուող նկար մը… բան մը, որ նորութիւն էր մեզի համար:
Այս պատկերները մեզի (ու նաեւ` բոլոր հայերուն) ինքնաբերաբար մտաբերել տուին Արցախի վերջին պատերազմը, ուր այլ Գողիաթ մը (Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, «մէկ ազգ երկու պետութիւններ» կարգախօսով) անհաւասար պատերազմ մը հրահրեց կտոր մը շրջափակուած Հայաստանի հողաշերտին` Արցախին դէմ: (Որոշ համեմատութեան համար նշենք, որ Հայաստանի GDP-ն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ GDP-ին մօտաւոր 1/60-րդն է, ռազմական պիւտճէն` 1/35-րդ, իսկ զինուորական մարդուժը` 1/10-րդ):
Վերջերս ընկերային ցանցերուն վրայ լայն կերպով կ՛արծարծուին Whataboutism կոչուածը եւ անոր առաւելութիւններն ու թերութիւնները: (Whataboutism-ը կիրարկութիւն մըն է, որուն միջոցով մեղադրանքներ կամ բարդ հարցեր կը պատասխանուին, կը հակաճառուին` համազօր այլ խնդիրներ բարձրացնելով: Հաւանաբար կարելի է հայացնել զայն` կոչելով «հապասիութիւն», «what about this» «հապա ասի» իմաստով): Մեզ մտահոգողը (եւ կ՛ենթադրեմ բոլոր անոնց, որոնք, մինչ կտրականապէս կը դատապարտեն ներկայ պատերազմը, չեն կրնար նկատի չառնել տեղի ունեցող կեղծաւորութիւնը) ցեղասպանութիւն բառի հեղինակ եւ Ողջակիզումէն վերապրող Ռաֆայէլ Լեմքինի նոյն մտահոգութիւնն է: Genocide բառը կազմելէ ետք, Լեմքին` որպէս իրաւաբան, կը հետապնդէր նաեւ արարքին մարդկութեան դէմ ոճիր համարուիլն ու օրինականօրէն դատապարտուիլը: Այս մասին, ան իր մտահոգութիւնը յայտնած էր` ըսելով. «Եզրակացնելու համար Դաշնակիցները որոշեցին Նիւրեմպերկին մէջ դատ բանալ ընդդէմ անցեալի Հիթլերին, սակայն մերժեցին նախատեսել ապագայ հիթլերներ»:
Առանց խորանալու պատմական մանրամասնութիւններու մէջ` հակիրճ ակնարկ մը նետենք. դարեր շարունակ Արցախը Հայաստանի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան անբաժան մասնիկ եղած է: Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք, 1918-ին, նորակազմ ազերիական եւ թրքական պետութիւններ փորձեցին գրաւել հայաշատ այս հողը նորափթիթ հայկական պետութենէն` մեկնելով անոր ռազմական դիրքէն: Բրիտանական կայսրութիւնը ի վերջոյ գրաւեց Արցախը եւ ջանաց դնել ազերիական իշխանութեան ներքեւ: Այս կարգադրութիւնը կատարեց գոհացնելու համար թուրք-ազերի ղեկավարները, որովհետեւ Պաքուի քարիւղը կը գերարժեւորէր: 1921 թուականին կովկասեան երեք նորակազմ պետութիւնները` Վրաստան, Ազրպէյճան եւ Հայաստան, ինկան պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ: Նոյնպէս, խորհրդային կայսրութիւնը գոհացնելու համար ազերիները եւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմէ խուսափելու նպատակով Արցախը կը յանձնէ Խորհրդային Ազրպէյճանին:
1991 թուականին խորհրդային Կայսրութեան անկումը դարձեալ առիթ հանդիսացաւ երեք վերոնշեալ պետութիւններու վերակազմաւորման: Արցախը հանրաքուէ կազմակերպեց ժողովրդավարական օրէնքներով վճռելու համար իր կարգավիճակը: Հայ բնակչութեամբ բնակուած այս հողը քուէարկեց եւ որոշեց միանալ Հայաստանին: Իբրեւ այս որոշումին հակադարձութիւն, ազերիական իշխանութիւնը կազմակերպեց ջարդեր, եւ ծագեցաւ պատերազմ, որ տեւեց մինչեւ 1994: Հակամարտութիւնը դադրեցաւ թոյլ հրադադարով մը եւ, պատմութեան վերջին 100-ամեակին առաջին անգամ ըլլալով, հողին բնակիչներուն յաղթանակով: Դժբախտաբար անգամ մը եւս «աշխարհակարգ»-ը որդեգրեց «չէզոք» կեցուածք` փոխանակ ընդունելու Արցախի անկախութիւնը, թէեւ շատերու հետ այդ մէկը կատարած էր, ներառեալ շատ մը խորհրդային նախկին երկիրներ: Պաքուի քարիւղը բաւական թանկարժէք էր, իսկ օլիկարխներուն քաւիարային դիւանագիտութեան դրամուժը յաջողած էր քողարկել արդարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները:
Երկար տարիներու բախումներէ ետք, սեպտեմբեր 2020-ին բռնկեցաւ մեծ պատերազմ մը, որ տեւեց 44 օր: Թուրքիան իր ամբողջ ուժով մասնակցեցաւ այս պատերազմին, նաեւ ներառեց հազարաւոր ժիհատականներ: Ռուսիան, որ Կովկասը իր տան բակը կը նկատէ եւ ինքզինք` տարածաշրջանին ապահովութեան երախշխաւորը, որոշեց «չէզոք մնալ» եւ կոչ ուղղեց կողմերուն` դիմելու խաղաղութեան: Շատ մը վերլուծաբաններ կարծիք յայտնեցին, որ պատերազմը իր ետնաբեմին ունէր 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութիւնը, որ նոր իշխանութիւն մը պետութեան գլխուն դրաւ` արեւմտամէտ եւ յաւելեալ ժողովրդավարական մօտեցումի ձգտումներով: Ի վերջոյ, Ռուսիան հրադադարի միջնորդի դեր խաղաց եւ իր խաղաղապահները սահմաններուն վրայ զետեղեց: Արհեստագիտութեան 5-րդ սերունդի պատկանող զինամթերքը, որ Պաքուի սեւ ոսկին առատօրէն ձեռք բերած էր, եւ Թրքական բանակին ուղղակի մասնակցութիւնը արդիւնքը վերջնականացուց ի նպաստ ազերիներուն: Արցախի պետութիւնը ստիպուած եղաւ իր հողատարածքին մեծամասնութիւնը Ազրպէյճանին զիջելու (անշուշտ, առողջ ինքնաքննադատումը նոյնքան անհրաժեշտ է, եթէ ոչ աւելի, որքան թշնամիին եւ արդիւնքին վերլուծումը, սակայն այդ մէկը այս գրութեան միտք բանին չէ):
Եւ այսպէս, կը հասնինք հիմանական հարցին. ո՞ւր էր Արեւմուտքը 2020 թուականին: Ան եւս, Ռուսիոյ նման, բռնած էր «չէզոք դիրքորոշում»: Արեւմուտքի լրատումիջոցները թեթեւակիօրէն անդրադարձան պատերազմին` հիմնականօրէն օգտագործելով «Ըստ Հայաստանին» նման արտայայտութիւններ` խօսելու համար Ազրպէյճանին գործած մարդկութեան դէմ ոճիրներուն մասին եւ հակամարտութիւնը նկարագրելով իբրեւ երկու հաւասար ուժերու միջեւ տեղի ունեցող պատերազմ (եթէ նոյնիսկ Թուրքիան հանենք այս պատկերէն, Ազրպէյճանին GDP-ն ու ռազմական պիւտճէն եւ մարդուժը շատ աւելի բարձր են Հայաստանինէն): Չկար ուղղակի դատապարտում, սխրանքներու պատում (որոնք թիւով շատ էին), դրամահաւաք, զինամթերքի օժանդակութիւն (օգնելու այս Դաւիթին դիմադրելու 2 գողիաթներու), պատժամիջոցներ եւ այլն. բան մը, որ այսօր լայնօրէն կը վկայենք:
Սիամանթոն, 1909-ի Ատանայի կոտորածներուն եւ սուլթան Ապտուլ Համիտի դաշնակիցներուն անտարբերութեան ու լռութեան ականատես ըլլալէ ետք, կը գրէ այսօր նշանաւոր դարձած խօսքը` «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակատին (Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ եղած բազմաթիւ ազգեր` արաբներ, յոյներ, քիւրտեր, ափրիկեցիներ, ասորիներ, պուլկարացիներ եւ այլն, ոչ միայն զզուած էին զիրենք ստրկացնող կայսրութենէն, այլ նաեւ կը լսէին ու կը ձգտէին այն հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ ազատութեան իտէալներուն, որոնք Եւրոպայի մէջ կ՛իրականանային):
Այս բոլորը Whataboutism (հապասիութիւն) ըլլայ թէ ոչ, բազմաթիւ ազգերու մօտ արձանագրուած ցասումը` որպէս հետեւանք իրենց ցաւերուն եւ տառապանքներուն անտեսումին, ամբողջովին արդարացի է: Մինչ կը խոկար վերոնշեալ մտահոգութեան մասին, Լեմքին հաւանաբար ի մտի ունէր Հիթլերին վատահամբաւ յայտարարութիւնը` «Ո՞վ, վերջապէս, այսօր կը յիշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Ասիկա անոր ինքնարդարացումն էր Լեհաստաններ խուժելու եւ Ողջակիզումը իրականացնելու: Բարեբախտաբար, այս ցեղասպանութիւնները ձախողած են ամբողջովին արմատախիլ ընելու իրենց քաւութեան նոխազները. դժբախտաբար միլիոնաւոր անմեղ հոգիներ ոչնչացած են: Վերապրողները փորձած են իրենց երկիրը վերաշինել. բայց այս կ՛ընեն դրացիի մը կողքին, որուն ղեկավարները հրապարակաւ կ՛օգտագործեն «սուրի մնացորդաց» եզրը:
Եւ այդ սուրը անգամ մը եւս բարձրացաւ իրենց համար պատեհ պահուն` համաճարակի ամէնէն թէժ ժամանակին: Աշխարհը ընդհանուր առմամբ լուռ մնաց 2020-ին «ապագայի հիթլերներ»-ուն դիմաց, որոնք անմեղ հայերու վրայ յարձակեցան: Այս լռութիւնն է, որ մեզ 2022 թուական կ՛առաջնորդէ եւ այժմ` միլիոնաւոր ուքրանացիներու տառապանքին: Զելենսքի` Ուքրանիոյ դաւիթեան առաջնորդը, յարձակումէն երկու շաբաթ ետք (մարտ 8-ին), հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց, որ շատերու ապշեցուց. «Արեւմուտքի պետութիւնները նաեւ պատասխանատուութեան բաժին ունին զոհերուն հանդէպ»: Մեր պատմութեան ընթացքին, որպէս փոքր ածու, յաճախ հասկցած ենք, որ կայսրութիւններ, անկախ իրենց դրօշէն եւ կրօնէն, իրենց շահերը միշտ պիտի գերադասեն եւ անվարան զոհեն որեւէ սկզբունք, դաշինք եւ դաշնակից: Այս մէկը կը նշմարենք, մանաւանդ երբ «բարձր իշխաններ» կը խաղան իրենց «գահերու խաղը»:
Լա՛ւ, հիմա ի՞նչ: Յուսահատութի՞ւն` այս վիճակին դէմ յանդիման: Ուրիշ դաս մըն ալ քաղած ենք այս բոլոր դառնութիւններէն. որքան անվստահելի կրնայ յոյսը թուիլ, որքան հեռու կրնայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը երեւիլ, որքան կայսրութիւններուն դիմադրելը անազդեցիկ կրնայ նկատուիլ, եւ որքան ունայն կրնայ մեր պայքարը «երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն» դէմ ըլլալ, մենք չենք յանձնուիր, քանի որ այն Յիսուսը, որ անձնատուր եղաւ իր ժամանակի կայսութիւններուն եւ խաչ բարձրացաւ, արդէն իսկ մտած էր «պահեստանոց»… եւ դուրս եկած էր յաղթական: Եւ Ան, միայն Ան – իսկական եւ կատարեալ անշահախնդրութեամբ – տառապեալ անմեղներուն հետ է` անկախ անոնց դրօշէն եւ կրօնքէն.
«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի. Որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յովհաննէս 14.27):