Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ատրպէյճան Արցախի դէմ «Պայրաքտար»  գործածեց

March 26, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
3 Armenian contract servicemen killed in Artsakh as a result of Baku’s use of Bayraktars TB2

ՆԱՀԱՏԱԿ  ԵՐԵՔ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 26 Մարտի կէսօրին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կիրարկեցին «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարք մը, որուն պատճառով զոհուեցան հայկական պաշտպանութեան բանակի երեք պայմանագրային զինուորներ՝ Դաւիթ Ռոբերտի Միրզոյեան (1978ի ծնունդ), Իշխան Սերժիկի Օհանեան (1994ի ծնունդ) եւ Արարատ Վագիֆի Թեւոսեան (1990ի ծնունդ): Լուրը հաղորդեց Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ արձանագրուեցան նաեւ 14 վիրաւորներ, որոնց երկուքին վիճակը ծայրայեղ ծանր է:

Կառավարութեան կից Տեղեկատուական շտաբը հաղորդեց, որ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը յաջողեցաւ միայն դադրեցնել Փառուխ համայնքի հատուածին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու յառաջխաղացքը, սակայն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը չկրցաւ լուծել իր առաքելութեան ծիրին մէջ եղող հիմնական հարցը, որովհետեւ Փառուխ գիւղը եւ յարակից տարածքներ ներխուժած ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ իրենց տեղը:

Արցախի իշխանութիւնները յայտնեցին թէ յոյս ունին, որ «ռուսական կողմի վճռական ջանքերի շնորհիւ կը յաջողուի ադրբեջանական զօրքերին վերադարձնել ելման դիրքեր, հակառակ պարագայում լուրջ կերպով կասկածի տակ են դրւում Արցախում ապրող խաղաղ բնակչութեանը տրուած անվտանգային երաշխիքները»:

Պաշտօնական աղբիւրները առաւօտեան հաստատեցին այն տեղեկութիւնը, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 24 Մարտի երեկոյեան՝ ներխուժելով Արցախ, գրաւեցին Փառուխ գիւղը եւ յարակից դիրքերը, իսկ գիշերը կրակ բացին պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն վրայ, կիրարկեցին նաեւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր։ Հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերուն միջեւ փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցաւ։

Ըստ արցախեան աղբիւրին՝ ատրպէյճանական կողմը ունի 5 մահեր, թէեւ Պաքու կը հերքէ այդ լուրը:

Փառուխի գիւղապետ Վարդան Միքայէլեան յայտնեց, որ ներխուժումը 24 Մարտի ցերեկը եղած է: Աւելի ուշ ատրպէյճանական ուժերը, ըստ գիւղապետին, հասած են մինչեւ Քարագլուխ բարձունքը։ «Փառուխն իրենց ձեռն ա, բարձունքն էլ վերցրել են… Մենք ստեղից հեռադիտակով նայում ենք, սաղ իրանք են կանգնած», ըսաւ Միքայէլեան։ Սակայն կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս բարձունքին մասին պաշտօնական տեղեկութիւններուն մէջ  յիշատակում չկայ:

Պաշտօնական Երեւանը իր հերթին յիշեցուց, որ ատրպէյճանական ուժերը ներխուժեցին Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի, եւ կ՛ակնկալէ, որ խաղաղապահ զօրախումբը միջոցներու կը ձեռնարկէ այդ ստորաբաժանումներուն անյապաղ դուրս բերումը ապահովելու համար, ինչ որ պիտի նշանակէ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն վերադարձը 23 Մարտի ելման դիրքերը:

Գիւղապետը յայտնեց, որ մինչեւ ներխուժումը, Փառուխի մէջ, ուր կան 22 տուներ, մարդիկ իրենց սովորական կեանքը կ՛ապրէին: Ներխուժումէն առաջ կիները եւ մանուկները, իսկ ներխուժման օրը նաեւ տղամարդիկ հեռացան Փառուխէն` հոն ձգելով իրենց տուները, ինքնաշարժները եւ անասունները:

Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պաշտօնական էջին վրայ 25 Մարտին ոչինչ հաղորդուեցաւ Ղարաբաղի զարգացումներուն մասին: Յայտնի է, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Շոյկու նոյն օրը ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկեց «Ղարաբաղի մէջ սրած իրավիճակը կայունացնելու ուղիները»:

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց թէ՛ ընդհարման եւ թէ ատրպէյճանցի զինուորներու մահուան վերաբերող հայկական կողմին հաղորդումը` զայն որակելով «տեղեկատուական սադրանք»՝ վստահեցնելով, թէ «առանց ուժի կիրարկման կը շարունակեն դիրքերու եւ տեղակայման վայրերու ճշգրտումը»:

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը: Հանդիպման, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, շեշտուեցաւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու` 23 Մարտի ելման դիրքեր վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

Միրզոյեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի` Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ` Փառուխ գիւղի հատուածին մէջ 24 Մարտին մեկնարկած ատրպէյճանական ներխուժման, կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը միտումնաւոր կերպով խոչընդոտելու ատրպէյճանական գործողութիւններուն եւ ցեղային զտման միտող այլ քայլերու մասին:

Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն վերաբերեալ` այդ պարունակին մէջ ընդգծելով ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան միջնորդական դերը:

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին զսպուածութեան կոչ ուղղեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրման լոյսին տակ:

«Ընդհանուր քարտուղարը անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ նոր մարտական գործողութիւններու մասին հաղորդագրութիւններով: Ան կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան պատճառել իրավիճակի սրում, եւ լուծելու բոլոր հարցերը, որոնց կարգին մարդասիրական բնոյթի, ուղղակի երկխօսութեան միջոցով` գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերու ծիրին մէջ», յայտնեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք:

Previous Post

Ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ տանիլ

Next Post

Հայաստան դիմեց ՄԻԵԴին՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու ոտնահարման հարցով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.