«Եւրոճասթ» գործակալութեան համաձայն, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի իշխանութիւնները դիմած են խիստ միջոցառումներու, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք սառեցուցած են Լիբանանին պատկանող 120 միլիոն եւրօ արժողութեամբ գումարներ եւ կալուածներ:
Նոյն գործակալութեան համաձայն, այդ որոշումը տրուած է դրամի լուացումի թղթածրարի մը շուրջ կատարուած հետաքննութեան լոյսին տակ:
«Եւրոճասթ»-ի համաձայն, այս հարցը հետապնդող դատական յանձնախումբին համար կան հիմնական 5 կասկածելիներ, որոնք մեղադրուած են դրամի լուացումի յանցանքով: Կայ նաեւ այն կասկածը, որ 2002-2021-ի միջեւ Լիբանանի պետական գանձարկղէն իւրացուած է 330 միլիոն տոլար եւ 5 միլիոն եւրօ:
Գերմանիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը յայտնեց որ կասկածելիներէն մէկը Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն է:
25 մարտին Գերմանիոյ դատական իշխանութիւնները գրաւեցին երեք կալուածներ, մէկը` Համպուրկի մէջ, իսկ երկուքը` Միւնիխի: Գերմանական դատական իշխանութիւններուն կողմէ գրաւուեցան նաեւ այլ կալուածներ, որոնք 28 միլիոն եւրօ կ՛արժեն, ինչպէս նաեւ գրաւուեցաւ Գերմանիոյ տարածքին գտնուող 7 միլիոն եւրոյի հասնող գումար մը:
Ֆրանսական իշխանութիւնները Փարիզի մէջ գրաւած են երկու համալիրներ, որոնք կ՛արժեն 16 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական դրամատուներու մէջ գտնուող հաշիւներ 2,2 միլիոն եւրօ` Ֆրանսայի մէջ, իսկ 46 միլիոն եւրօ` Մոնաքոյի մէջ, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի մէջ շէնք մը` 7 միլիոն եւրօ արժողութեամբ:
Լիւքսեմպուրկի տարբեր դրամատուներէն գրաւուեցաւ 11 միլիոն եւրոյի հասնող գումար մը:
Ընդհանուր Դատախազութիւնը Կը Բեկանէ Դրամական Փոխանցումները Արգիլելու Լեռնալիբանանի Վերադատ Ատեանի Դատախազութեան Որոշումը
Ընդհանուր դատախազութիւնը երէկ որոշեց չեղեալ նկատել Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազութեան որոշումը, որ կը վերաբերէր Լիբանանէն դուրս դրամական փոխանցումները արգիլելուն` վեց դրամատուներու համար:
Ընդհանուր դատախազութիւնը այդ որոշումը չեղեալ նկատեց` ընդառաջելով դրամատուներու օրինական իրաւաբան Սախըր Հաշեմի պահանջին եւ որոշումին բեկանումը յղեց մաքսատան ընդհանուր տնօրէնութեան:
Կեդրոնական Դրամատունը Կը Պահանջէ Դրամատուներէն Պետական Պաշտօնեաներուն Իրաւունքը Վճարել` Առանց Սահմանափակումներու
Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Կեդրոնական դրամատան գործադիր խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ բոլոր դրամատուները բաւարարաչափ գումար ապահովեն, որպէսզի պետական մարզի պաշտօնեաները կարենան իրենց ամսական աշխատավարձը, յաւելումներն ու տրամադրուած ընկերային օժանդակութիւնները լրիւ ստանալ, առանց սահմանափակումներու, կամ մասնավճարի դրութեամբ ստանալ:
Կեդրոնական դրամատան հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ դրամատուներու աշխատանքներուն հսկող յանձնախումբը պիտի ստուգէ այս որոշումին գործադրութիւնը, եւ այն դրամատուները, որոնք կը զլանան վերոնշեալ որոշումը գործադրելէ` պիտի ներկայանան Դրամատուներու դէմ պատժական տնօրինումներ ճշդող խորհուրդին: