ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարութեան մը միջոցաւ պատասխանեց Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած ատրպէյճանական յայտարարութեան, որ հրապարակուած էր ատրպէյճանական «Ենի Մուսաւաթ» կուսակցութեան համանուն պաշտօնաթերթին մէջ:
«Հայաստանի տարածք որեւէ զինուորական ներխուժում պիտի արժանանայ Իրանի զինեալ ուժերու պատասխանին: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ դրացի պետութիւններու սահմաններու փոփոխութիւն պիտի չարտօնէ», կ՛ըսուի պահակագունդի յայտարարութեան մէջ:
«Ենի Մուսաւաթ» թերթին մէջ Արցախի հիմնահարցի ծիրին մէջ հրապարակուած էր Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ներկայացնող սովորական դարձած ատրպէյճանական անհեթեթութիւնը, որուն մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Որովհետեւ Հայաստանը մեր պատմական հողերէն է` մենք իրաւունք ունինք զայն մեր վերահսկողութեան տակ վերադարձնելու»: