Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միջազգային դրամական ֆոնտ. «Լիբանանի հետ խորհրդակցութիւնները հեզասահօրէն կը յառաջանան»

April 2, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Լիբանան Մէկ Միլիառ Եւ 135 Միլիոն Տոլար Պիտի Ստանայ Միջազգային Դրամական Ֆոնտէն

Միջազգային դրամական ֆոնտի բանբեր Ճերի Ռայս յայտնեց, որ Լիբանանի հետ խորհրդակցութիւնները հեզասահօրէն կը յառաջանան` աւելցնելով, որ ինք չի կրնար յաւելեալ մանրամասնութիւններ բացայայտել այդ խորհրդակցութիւններուն մասին:

Ռայս նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի Լիբանան հասած պատուիրակութիւնը կ՛աշխատի լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ` յանգելու համար բարեկարգումի այնպիսի ծրագիրի մը, որ կ՛օժանդակէ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ռայս յայտնեց, որ Լիբանանի հետ քննարկումները դրական կ՛ընթանան, «սակայն յառաջիկայ փուլին ընթացքին կատարուելիք աշխատանքը կարեւոր է, որովհետեւ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները խոր են, բարդ, եւ լուծման համար ժամանակ եւ յանձնառութիւն կ՛ենթադրեն», շեշտեց ան:

Ռայս ընդգծեց, որ ներկայիս լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցող Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը կը քննէ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը եւ երկրին օժանդակելու ֆոնտին կարելիութիւնները:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատած են, որ ներկայ փուլը շատ դրական եւ ձեռնտու կը նկատեն` Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու:

Միացեալ Նահանգներ կը շեշտեն, թէ իրենց կեցուածքին կը համընկնին նաեւ Լիբանանի մէջ գործող դիւանագիտական շարժման տեսակէտները:

Միացեալ Նահանգներուն համար Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը մտահոգիչ է, եւ Ուաշինկթըն ճիգ պիտի չխնայէ նեցուկ կանգնելու համար Լիբանանին:

Previous Post

ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ընդունեց Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւը

Next Post

«Ֆլայուան Արմինիա» հայկական օդանաւային ընկերութիւնը պիտի սկսի Պէյրութ-Երեւան ուղղակի թռիչքներու

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.