Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մսայլեհի մէջ. Պըրրի. «Լիբանանի ապագան եւ անոր ճակատագիրը կախեալ են ընտրութիւններուն արդիւնքներէն»

April 2, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Berri Says Lebanon’s fate, exit from crisis hinging on elections’ outcome

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յետմիջօրէին Մսայլեհի մէջ յայտարարեց Հարաւային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջանի «Յոյսը եւ հաւատարմութիւնը» ընտրացանկը:

Այս առիթով խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Լիբանանի ապագան եւ անոր ճակատագիրը, ինքնութիւնն ու սկզբունքները, ինչպէս նաեւ տագնապէն դուրս գալու միջոցները ուղղակիօրէն կախեալ են երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն:

«Դրամով լեցուն պայուսակներ գրկող այն պատասխանատուներուն, որոնք այս ընտրաշրջանին մէջ 30 միլիոն տոլար ծախսած են, կ՛ըսենք, որ այս հողին վրայ ապրողները Յիսուս Քրիստոսի թոռներն են, որոնք տէր են իրենց սկզբունքներուն եւ իրենց դիմադրութիւնը արծաթով չեն վաճառեր: Զգուշացէ՛ք այն քլիշէէն, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ արդիւնքները յստակ են, որովհետեւ Լիբանանի ապագան ու ճակատագիրը կախեալ են ընտրութիւններուն արդիւնքներէն», շեշտեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ միասնականութեան մէջ է յոյսը` հաւաստիացնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը մեծաւ մասամբ արտաքին աշխարհի պատրաստութիւն է, սակայն անոր լուծման հիմերը կան:

«Միասնականութեան մէջ է Լիբանանը համայնքային եւ յարանուանական դրութենէն փրկելու յոյսը, եւ այդ ճամբուն վրայ կրնանք ներդրել մեր ամբողջ հարստութիւնը, որովհետեւ մեր երկրին սահմանները գծուած են արիւնով, որ զիջումի ու սակարկութեան նիւթի չի կրնար վերածուիլ», ընդգծեց ան:

Պըրրի հարց տուաւ, թէ արդեօք ենթադրեալ կախաղաննե՞ր կան, որովհետեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան զոյգ պլոքները հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ այդ շրջաններու զաւակներուն իրաւունքները վերականգնած են` վաթսուն տարուան զրկանքէն ետք:

«Սիոնական ծրագիրին դէմ արձանագրած ձեր յաջողութեամբ ու յաղթանակով ապահովեցիք կտոր մը արժանապատուութիւն, որ չեն կրնար հանդուրժել», ըսաւ ան:

Previous Post

«Ֆլայուան Արմինիա» հայկական օդանաւային ընկերութիւնը պիտի սկսի Պէյրութ-Երեւան ուղղակի թռիչքներու

Next Post

New indictment seeks up to 5 years in prison for jailed Kurdish leader over decade-old tweet

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.