Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Միշել Մըր ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարեցաւ ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան» շեշտեց Քֆուրի եպիսկոպոս

April 4, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
«Միշել Մըր ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարեցաւ ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան» շեշտեց Քֆուրի եպիսկոպոս

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, փոխվարչապետ եւ երեսփոխան Միշել Մըրի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, երէկ Պթըղրինի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքի ներկայացուցիչ Էլիաս Քֆուրի եպիսկոպոսը:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Անթուան Աուքար եպիսկոպոս, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, քաղաքապետներ, զինուորականներ եւ մեթնցիներ:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին Քֆուրի եպիսկոպոս բարձր գնահատեց Միշել Մըրի արժանիքները` ընդգծելով, որ ան ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարեցաւ ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

«Միշել Մըրի կեցուածքները ազգային էին եւ չափաւորական: Անոր հիմնական մտահոգութիւնը ժողովուրդին շահերը ապահովելն էր, սակայն առանց անտեսելու ազգային գերագոյն շահերը», յայտնեց Քֆուրի եպիսկոպոս:

Իր կարգին, նախկին փոխվարչապետ եւ նախարար Էլիաս Մըր արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր հօր ուղեգիծով եւ ժողովուրդին ծառայութեան ճամբով պիտի շարունակէ Միշել Մըրի աւանդը:

Ան խոստացաւ իր հօր շարունակել Լիբանանի պաշտպանութիւնը, ժողովուրդին նեցուկ կանգնիլը եւ մինչեւ վերջին շունչ ծառայել հաւատարիմ մեթնցիներուն:

Previous Post

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (39)

Next Post

Քրեմլին. «ՀԱՊԿ-ի անդամի մը, մասնաւորաբար Մինսքի վրայ որեւէ յարձակում Ռուսիոյ վրայ յարձակում կը նկատենք»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.