«Կ՛ողջունենք Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպաններուն Լիբանան վերադարձը», նշեց երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու իր կատարած մէկ գրառումով:
«Բորբոքած Արեւելքի մէջ անպայման, որ եղբայրներ միանան` իրերօգնութեան համար», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի: