Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապեին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի խորհրդաւոր հոգեպարար արարողութիւնը, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։
Արարողութեան աւարտին, յաւորու պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Մեկնելով օրուան խորհուրդէն՝ բանալու Աստուծոյ արքայութեան դուռը՝ սրբազանը ընդգծեց, որ մարդիկ յաճախ հետաքրքրուած են իրենց տան, պաշտօնին, ունեցուածքին դռները փակելով։ Ան ըսաւ, որ այլոց առջեւ դուռ փակելով մենք մեր առջեւ փակած կ՚ըլլանք հաղորդութեան եւ սիրոյ դռները, որուն համար եկաւ Տէրը՝ միակ Դուռը Երկնքի Արքայութեան, բանալու բոլոր անոնց առջեւ, որոնք հեզութեամբ, խոնարհութեամբ, զղջումով, յանձնառութեամբ կը մօտենան այդ Դրան եւ կը մտնեն ողորմութեան լոյսին մէջ։