Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց. «Ռուսիան կը սերտէ մեր հողերուն վրայ բռնագրաւումի իշխանութիւններ հաստատելու եւ Խերսոնի մէջ մէկ այլ կեղծ հանրապետութիւն ստեղծելու հարցը»:
«Մենք ռուսական շարժումները դիմակայեցինք, եւ արեւելեան, հարաւային ու հիւսիսային շրջաններուն մէջ հակայարձակումներ կատարեցինք: Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն մէջ 5 յարձակումներու դէմ դրինք, Ռուսիոյ 10 հրասայլեր, 18 զրահապատ մեքենաներ քանդեցինք», յայտնեց նախարարութիւնը:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Հակառակ զինուորական գործողութիւնները նուազեցնելու Մոսկուայի յայտարարութիւններուն` Չեռնեհիեւի մէջ ռուսական ռմբակոծումը կը շարունակուի»:
«Հակառակ սահմանափակ թիւով ստորաբաժանումներ հեռացնելուն` ռուսական ուժերը կը պահեն Քիեւի արեւելքին եւ արեւմուտքին մէջ իրենց դիրքերը», ըսաւ նախարարութիւնը` նշելով, որ յառաջիկայ օրերուն Քիեւի մէջ բուռն բախումներ կը նախատեսէ` աւելցնելով. «Մարիուփոլի մէջ կռիւը կը շարունակուի, եւ քաղաքը ուքրանական ուժերու վերահսկողութեան տակ է, եւ ռուսական ուժերուն համար գլխաւոր թիրախ մը»: