Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Փայլան դարձեալ օրակարգ բերաւ փոքրամասնութիւններու հիմնարկութիւններու ընտրութիւններու հարցը

April 14, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Erdogan seeks to strip several opposition MPs, including Garo Paylan, of immunity

ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Տիգրանակերտը ներկայացող հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանի օրակարգին վրայ կը պահէ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային հիմնարկութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը։

Վերջերս այս հարցի լուծման ուղղեալ իրադարձութիւնները թափ ստացած են։ Պետական մարմիններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շփումներ կ՛ունենան փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն եւ յառաջատար աշխարհական վարիչներուն հետ։ Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ ընտրական նոր կանոնադրութեան կմախքը արդէն ձեւաւորուած է եւ անոր հրապարակման պահը կը հասուննայ։ Թէեւ պաշտօնապէս որեւէ մանրամասնութիւն չի հաղորդուիր, սակայն, զանազան լսումներու հիման վրայ փոքրամասնութիւններու շրջանակներուն մէջ մտահոգութիւններ ստեղծուած են, թէ նոր կանոնադրութիւնը կրնայ չարդարացնել սպասումները։

Այս մթնոլորտին մէջ, Փայլան մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյի նկատառման կարգ մը հարցումներ ուղղեց՝ Սահմանադրութեան 98րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96րդ եւ 99րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ խնդրելով գրաւոր պատասխան։

7 հարցումներուն առընթեր, Փայլան կը շեշտէ, որ նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան գործընթացը յառաջ կը տարուի փակ դռներու ետին։ Փոքրամասնական հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ իրենց հետ որեւէ խորհրդակցութիւն չի կատարուիր, իրենց կարծիքը եւ գաղափարը չեն շօշափուիր ու պատրաստուած ընտրական կանոնադրութեան վերաբերեալ հանրային կարծիքի սեփականութիւնը դարձած շարք մը պնդումներ անընդունելի կը համարուին։ Ընդդիմադիր երեսփոխանը այս բոլորի լոյսին տակ ուղղեց հետեւեալ հարցումները.

1- Փոքրամասնութիւններու հիմնարկութիւններու ընտրական կանոնադրութեան պարագային պարտադրա՞նքի մը դէմ յանդիման պիտի մնանք։

2- Փոքրամասնական հիմնարկութիւններու ընտրական կանոնադրութեան պարագային ինչո՞ւ քննարկումներ չեն ծաւալիր այդ հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

3- Փոքրամասնական հիմնարկութիւններու ընտրական կանոնադրութեան պատրաստութեան գործընթացը ինչո՞ւ յառաջ չի տարուիր ներառական եւ թափանցիկ կերպով։

4- Ճի՞շդ են այն պնդումները, ըստ որոնց հայ եւ յոյն համայնքներու մեծագոյն հաստատութիւնները՝ հիւանդանոցի հիմնարկութիւնները, ընտրութիւններէն դուրս պիտի թողուին։

5- Մենք կը փափաքինք փոքրամասնական հիմնարկութիւններու ընտրական կանոնադրութեան նախագծին ծանօթանալ եւ մեր կարծիքները փոխանցել։ Կանոնադրութեան հրապարակումէն առաջ պիտի ընդառաջէ՞ք մեր այս պահանջին։

6- Ճի՞շդ են այն պնդումները, ըստ որոնց փոքրամասնական հիմնարկութիւններու ընտրական կանոնադրութեամբ պիտի դիմագրաւուին կարգ մը շահադիտական խմբաւորումներու ակնկալութիւնները։

7- Ոչ-ժողովրդավարական կերպով պատրաստուած ընտրական կանոնադրութիւնը կրնա՞յ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն մէջ ժողովրդավարութիւն ապահովել։

Previous Post

Ըստ Մոսկուայի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմքը Եռակողմ պայմանաւորուածութիւններն են

Next Post

Հերթական տարեթիւի խոհեր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.